Արձանագրութիւն՝ Տիյարպաքըրի Ս․ Սարգիս եկեղեցին վերականգնելու մասին

Տիյարպաքըրի քաղաքապետութեան ու Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի միջեւ ստորագրուեցաւ արձանագրութիւն մը՝ եկեղեցւոյ վերականգնողական աշխատանքներու մասին։ Ըստ ստորագրուած փաստաթուղթին, քաղաքապետութիւնը դրամական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ նորոգութիւններուն։ Արձանագրութիւնը ստորագրեցին մայր քաղաքապետութեան համաքաղաքապետ Սերա Պուճաք եւ Ս. Կիրակոս եւ Ս. Սարգիս եկեղեցիներու Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Վազգէն-Էրկիւն Այըք, փոխատենապետ Օհաննէս Օհանեանի, քաղաքապետութեան մշակոյթի ու ընկերային հարցերու վարչութեան պատասխանատու Զեյնէպ Եաշի, քաղաքապետական խորհուրդի հաւատքներու եւ փոքրամասնութիւններու հարցերով յանձնաժողովի անդամ Իպրահիմ Թուրքայի ներկայութեան։

Արձանագրութիւնը, որ ստորագրուած է Ս. Սարգիս եկեղեցին պահպանելու, վերականգնելու եւ ապագայ սերունդներուն համար, նպատակ ունի նպաստել բազմամշակութային ժառանգութեան եւ քաղաքի զբօսաշրջութեան։

https://www.normarmara.com/151125lu.html

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2025
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ