Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Մէսճեան» կեդրոնի Գրական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ՝ Վասպուրականի հերոսամարտին 110ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 30 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ։
Պիտի ներկայացուի հերոսամարտին պատմականը եւ պիտի կատարուի անոր արժեւորումը։ Նաեւ պիտի ներկայացուի գեղարուեստական յայտագիր մը։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ միութեան «Խաչատուրեան» սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 1811 S. Glendale Ave., Glendale, CA 91205:
Մուտքը ազատ է։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (818) 552-2922 թիւին կամ ayac@sbcglobal.net հասցէին:




Leave a Reply