Տիարպաքըրի գաւառապետ Մուրատ Զօրլուօղլու երէկ, 13 նոյեմբերին այցելեց շուրջ 500-ամեայ Ս. Սարգիս եկեղեցի, տեղւոյն վրայ ծանօթանալով վերականգնողական աշխատանքներուն։
Ինչպէս ծանօթ է, այս եկեղեցին կը գտնուի նահանգի Սուր շրջանի Ալիփաշա թաղին մէջ, ուր հայ համայնքի բացակայութեան հետեւանքով, ժամանակի ընթացքին աւերածութիւններ ունեցած է, իսկ 6 Փետրուար 2023-ին ուժգին երկրաշարժներու հետեւանքով աւելի մեծ վնասներ կրած։
Գաւառապետը յայտնեց որ վերականգնողական աշխատանքներն սկսած են 2024-ին, քանի որ իրենք մեծ կարեւորութիւն կու տան մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան։ «Վերականգնողական աշխատանքներու աւարտէն ետք, այս պատմական կառոյցը կարեւոր ներդրում պիտի ունենայ Սուրի պատմական կառոյցի ու քաղաքի մշակութային բազմազանութեան մէջ», ըսաւ գաւառապետ Զօրլուօղլու։




Leave a Reply