Գոհաբանական Սուրբ պատարագ` նահատակ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասումին առիթով

Շաբաթ, 15 նոյեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հարիսայի «Լիբանանի Տիրամայր» պազիլիքային մէջ մատուցուեցաւ գոհաբանական Ս. պատարագ` նահատակ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասումին առիթով, որ տեղի ունեցաւ 19 հոկտեմբեր 2025-ին, Վատիկան:

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը նախագահեց հանդիսաւոր հոգեպարար արարողութեան` մարոնիներու Պշարա Պութրոս Ռայի պատրիարքին, յոյն կաթողիկէ Եուսեֆ Ապսի պատրիարքին, ասորի կաթողիկէ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքին եւ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Փաուլօ Պորճային, ինչպէս ալ վիճակաւորներու, եպիսկոպոսներու, ընդհանուր մեծաւորներու, վարդապետներու, քահանաներու ու սարկաւագներու մասնակցութեամբ: Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Նորա Պայրագտարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ այս սրբազան արարողութեան` ներկայացնելով հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աունը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցան նախարարներ ու երեսփոխաններ, հոգեւոր, պաշտօնական, զինուորական, կուսակցական, մշակութային եւ ընկերային բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2025
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ