«Փարոս» ամսագիրը արդէն 15 տարեկան է։ Ամսագրի ընտանիքը՝ հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէ Տիկին Մայտա Սարիսի գլխաւորութեամբ երէկ, 12 Նոյեմբերին նոր հանգրուանը ողջունեց արուեստասէր հասարակութեան նուիրելով բացառիկ ցուցահանդէս մը։ Հայաստանցի արուեստագէտ Տիգրան Պետրոսեան, որ «մշտական» ներկայութիւն ունի ժամանակակից հայ կերպարուեստի միջազգային հարթակներու վրայ, «Փարոս»ի տարեդարձի առիթով Իսթանպուլ ուղարկած է 13 նոր կտաւներէ բաղկացեալ հաւաքածու մը՝ «Կեանքը թատրոնի բեմ – Բ.» կարգախօսի ներքեւ։ Ցուցահանդէսէն գոյացած հասոյթէն բաժին մը պիտի յատկացուի «Յոյս» խմբակին, որու անդամները նոյնպէս կազմակերպիչի հանգամանքով կը մասնակցէին բացման հանդիսութեան։
Երէկ, երեկոյեան ժամերուն «Պերզէ» արուեստի սրահը վերածուեցաւ փոքրամասնական համայնքներէն ներկայացուցիչներու ու տեղացի արուեստասէր հասարակութեան ժամադրավայրի մը, ուր բոլորի հայեացքները «գրաւուած էին» Պետրոսեանի նոր կտաւներուն կողմէ։ Ցուցահանդէսը՝ տարեդարձի, արուեստի ու ընկերային բարեգործութեան գեղեցիկ համադրութիւն մըն էր։
Նոր ստեղծագործութիւններէն 8ը արդէն իսկ գտած են իրենց գնորդները, վկայելով վստահութեամբ լի հետաքրքրութիւնը, որ գոյացած է Պետրոսեանի արուեստի շուրջ։
Բացման հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու ՍԾՏՀի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեանը, նաեւ Յունաց Պատրիարքութենէն ներկայացուցիչ մը։ Պատրիարք Հօր գաւազանակիրն էր Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինգայա։
Տիկին Մայտա Սարիս եւ «Յոյս» խմբակի անունով Տիկին Բարին Եագուպեան հանդէս եկան ուղերձներով։ Անոնցմէ առաջինը կարդաց Տիգրան Պետրոսեանի յուզիչ նամակը, որու տողերը կարծես բոյն կը կազմէին նկարչի ներաշխարհէն, միաժամանակ արձագանգելով Իսթանպուլի բազմաշերտ մշակութային միջավայրին։
Պետրոսեան դիտել կուտար որ իր իւրաքանչիւր վրձնահարուածին մէջ թաքնուած է բարութեան հանդէպ հաւատք մը։ Իր կարծիքով, կեանքը իսկապէս թատերական բեմ է եւ մարդիկ այդ ներկայացման դերակատարներն են, դիտորդ մը իր դերը կը գտնէ ճիշդ այն պահուն՝ երբ հայեացքը կը գամուի կտաւին։
«Իմ նպատակն է խթանել ո՛չ միայն աչքը, այլ նաեւ հոգին», կը գրէր նկարիչը, յիշեցնելով որ արուեստը դարմանող ոյժ մը ունի եւ կը միաւորէ մարդիկը՝ համընդհանուր հարցերու եւ առօրեայ կեանքի տրամաթիք տեսարաններու շուրջ, բան մը, որ ըստ իրեն, գեղագիտական լեզուի առանցքը կը հանդիսանայ։
Անդրադառնալով «Փարոս»ի տարեդարձին, Տիգրան Պետրոսեան կը շեշտէր որ 10 տարի առաջ, երբ իր անդրանիկ ցուցահանդէսը կը բացուէր Իսթանպուլի մէջ, «Փարոս» ընդամէնը 5 տարեկան էր, իսկ հիմա 15րդ տարեդարձը կը նշէ ի՛ր աշխատանքներու ցուցադրութեամբ։ «Ասիկա առանձնայատուկ ու խորհրդանշական պահ է նաեւ ինծի համար», կ’ըսէր արուեստագէտը։
Գալով Բարին Եագուպեանին, ան «Յոյս»ի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան համար, ընդգծելով որ իրենց նպատակն է կարելի եղած չափով դիւրացնել յատուկ կարիքներ ունեցող անհատներու եւ անոնց ընտանիքներու կեանքը՝ կրթութեան, հոգեբանական աջակցութեան ու ընկերային իրազեկութեան ուժով։
«Մենք կը հաւատանք որ նոյնիսկ միակ մարդու մը կեանքը փոխելը կրնայ աշխարհը փոխել», ըսաւ ան։ Նշեց նաեւ որ «Յոյս»ի ծրագիրները կը ներառնեն զարգացման ու կարողութիւններու արհեստանոցներ, կրթական աշխատաժողովներ, ընկերային ու մարզական միջոցառումներ, ինչպէս նաեւ ընտանիքներուն ուղղեալ աջակցութեան ծրագիրներուն։
Նորին Ամենապատուութիւնն ալ իր սրտի խօսքը արտասանեց, շեշտելով «Փարոս» ամսագիր դերը՝ միջմշակութային երկխօսութիւնը խթանելու գործին մէջ, միաժամանակ անդրադառնալով արուեստի միաւորիչ ուժին։ «Ինչպէս կ’ըսէ Տոսթոյեւսքի, արուեստը կը գեղեցկացնէ կեանքը, իսկ Պետրոսեանի ստեղծագործութիւնները կը փոխանցեն Հայաստանի մշակութային խորութիւնը, զայն համատեղելով համընդհանուր ու հասկնալի լեզուի հետ», ըսաւ Պատրիարք Հայրը։ Աւելցուց որ այս շրջանին, երբ Հայաստան եւ Թուրքիա հաշտութեան գործընթացի մը նախաձեռնած են, կարեւոր են ո՛չ միայն քաղաքական շփումները, այլ մշակոյթի ու երկխօսութեան տարբեր միջոցներով՝ ժողովուրդներու միջեւ շփումները։
«Փարոս» ամսագիրը իր գործունէութեամբ մշակոյթի, արուեստի եւ համայնքային կեանքի վստահելի լրատու աղբիւր մըն է, ուստի երէկուայ տօնական միջոցառումը ցուցահանդէսէն աւելի, վերածուեցաւ հետաքրքրական հանդիպման միջավայրի մը, ուր «արուեստը համադրած էր իրականութիւնն ու երեւակայութիւնը, մարդիկն ու կեանքը՝ որպէս բեմ»։
Գալով Տիգրան Պետրոսեանի, անոր կախարդական աշխարհը անգամ մը եւս վերադարձաւ Իսթանպուլ, արուեստի շնորհիւ անտեսանելի կամուրջ կառուցանելով մարդոց միջեւ։ Կտաւները, որոնցմէ ոմանք միջին չափերով, իսկ ոմանք աւելի մեծադիր էին, ընտրուած էին համարձակ ու ճաշակաւոր գունային համադրութիւններով, մարդկային կեանքի զուգահեռ աշխարհներու մթնոլորտը յիշեցնող երեւակայական տեսարաններով։ Ահաւասիկ, այս մօտեցումը լիովին համահունչ է «Փարոս»ի մշակութային տեսլականին, որ արդէն 15 տարի է վեր «վարդագոյն լոյս»ով կը ներկայացնէ փոքրամասնութիւններու բազմամշակոյթ կեանքը։
Ն. Ս.




Leave a Reply