Հայերու 1949-ի զանգուածային աքսորը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախի ժողովրդագրութեան վրայ բացասական հետեւանք ունեցաւ 1949-ին կազմակերպուած հայ բնակչութեան զանգուածային աքսորը:

Խորհրդային Հայաստանէն եւ Արցախէն հայերու աքսորի նախապատրաստութիւնը, խիստ գաղտնի պայմաններու տակ, սկսաւ 1949 յունուարին:

Հայերու զանգուածային արտաքսումը իրենց հայրենի հողերէն ունէր շարք մը դրդապատճառներ, բայց իբրեւ հիմնաւորում աքսորի դատապարտուածներուն կցուեցաւ «դաշնակներ» անունը:

Խորհրդային Միութեան պետական անվտանգութեան մարմիններու յանձնարարութեամբ Անդրկովկասի հանրապետութիւններուն եւ Սեւ ծովու առափնեայ շրջաններուն մէջ կազմուեցան նախկին դաշնակցականներու, հայ ռազմագերիներու, հայրենադարձներու եւ անոնց ընտանիքներու անդամներու ցուցակներ:

Պետական անվտանգութեան նախարարութիւնը 28 մայիս 1949-ին հրահանգեց, իսկ յաջորդ օր Խորհրդային Միութեան նախարարաց խորհուրդը` Ստալինի ստորագրութեամբ ընդունեց թիւ 2214-856 գաղտնի որոշումը` «Վրացական, Հայկական եւ Ազրպէյճանական խորհրդային հանրապետութիւններէն, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովու առափնեայ տարածքներէն աքսորուողներու տեղափոխութեան, վերաբնակեցման եւ աշխատանքի տեղաւորման մասին»:

Որոշումը իրականացնելու համար Երեւան ժամանեցին պետական անվտանգութեան ծառայութեան բարձրաստիճան ղեկավարներ` երկրորդ գլխաւոր վարչութեան պետի տեղակալ զօրավար Եուրի Եդունովի գլխաւորութեամբ: Եդունով բնակչութեան զանգուածային արտաքսման փորձառութիւն ունէր եւ ղեկավարած էր Լաթվիայէն այսպէս կոչուած կուլակ ընտանիքներու աքսորը:

Իբրեւ «դաշնակներ» աքսորի դատապարտուածները երեք ենթախումբերու բաժնուեցան.

ա) Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հետ երբեւէ ուղղակի կամ անուղղակի կապ ունեցած անձեր, բ) պատերազմի ժամանակ գերի ինկած կամ հայկական լեգէոնին մէջ ծառայած զինուորականներ, եւ գ) հայրենադարձներ:

* * *

Երեւանի մէջ, 11 յունիս 1949-ին գումարուեցաւ Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի դռնփակ գաղտնի խորհրդակցութիւնը` մասնակցութեամբ պետական անվտանգութեան պատասխանատու աշխատողներուն եւ Մոսկուայէն ժամանածներուն:

«Անբարեյոյս տարրերը» Ալթայի երկրամաս աքսորելու որոշումը ընթերցեց Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար Գրիգոր Յարութիւնեան, որմէ ետք արտաքսուողներու ցուցակներու, «գործողութեան» օրուայ, ժամու, երթուղիի ու այլ մանրամասնութիւններու ճշդուած ըլլալու մասին զեկուցեց պետական անվտանգութեան նախարար Սերգէյ Կորխմազեան:

Յաջորդ օր նոյնքան գաղտնի խորհրդակցութիւններ գումարուեցան շրջանային կեդրոններուն մէջ:

Յունիս 13-ին Երեւանի Աբովեան փողոցի երկարութեամբ շարուեցան փակ բեռնատարները:

* * *

Ստեփանակերտի մէջ տեղակայուած զօրամասի ակումբին մէջ յունիս 13-ի գիշերը կուսակցութեան մարզային կոմիտէի առաջին քարտուղար Սեդրակ Աբրամովի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի կուսակցական գործիչներու գաղտնի ժողով:

Լեռնային Ղարաբաղէն հայերու աքսորը ղեկավարելու պաշտօն ստանձնած Զայիլով յայտնեց, որ գիշերը պէտք է կալանաւորուին եւ արտաքսուին նախապէս դաշնակցական կառավարութեան մաս կազմած, ինչպէս նաեւ գերմանական գերութեան մէջ եղած անձերը` իրենց ընտանիքներով:

* * *

Հայութեան համար 1949 յունիս 13-էն 14 լուսցող գիշերը եղաւ չարագուշակ եւ ճակատագրական:

Պետական անվտանգութեան ծառայութիւններու պատրաստած յատակագիծին համաձայն, աքսորի գործողութիւնները ամէնուրեք պիտի սկսէին յունիս 13-էն 14 լուսցող կէս գիշերէն ետք եւ պիտի աւարտէին առաւօտեան ժամը 6:00-էն մինչեւ 7:00:

Կէս գիշերէն ետք հինգ-վեց հոգինոց չեկիստներու խումբեր կազմուած ցուցակներու հիմամբ սկսան թակել աքսորի դատապարտուած ընտանիքներուն դռները: Անոնք ընդոստ արթնցած եւ սարսափի մատնուած դատապարտեալներուն յայտնեցին, որ մէկէն մէկուկէս ժամ ժամանակ ունին անհրաժեշտ իրերը հաւաքելու եւ պատրաստ ըլլալու:

Մէկէն մէկուկէս ժամուան պայմանաժամի աւարտէն ետք դատապարտուած ընտանիքները բեռնատար կառքերը լեցուեցան եւ կայարան տեղափոխուեցան:

Կայարաններուն մէջ պատրաստ սպասող շոգեկառքերը լեցուելէն ետք անմիջապէս ճամբայ հանուեցան:

Այդ օր Հայաստանէն աքսորուեցաւ 2754 ընտանիք` 12.316 հոգի: Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզէն աքսորուեցաւ աւելի քան երեք հազար հոգի: Հազարաւոր հայեր ալ աքսորուեցան Պաքուէն, Կիրովապատէն (Գանձակ) եւ Ազրպէյճանի տարբեր շրջաններէն, ինչպէս նաեւ սեւծովեան շրջաններէն:

* * *

Արցախի մէջ աքսորը գործադրուեցաւ ինքնավար մարզի ամբողջ տարածքին: Իւրաքանչիւր գիւղէ աքսորուեցաւ երեքէն չորս եւ երբեմն հինգէն եօթը ընտանիք:

Պաքուէն աքսորուածները կը կազմէին մէկ գնացքակազմ (շոգեկառքի վակոններու մէկ շարք, միջին հաշուով բաղկացած 1330 հոգիէ) եւ մէկ գնացքակազմ ալ Կիրովապատէն: Ազրպէյճանի միւս շրջաններէն աքսորուած հայերուն թիւը կը կազմէր շուրջ 2400 հոգի:

Հայ բնակչութեան աքսորը բացասաբար ազդեց Լեռնային Ղարաբաղի ազգագրական պատկերին վրայ:

Նշենք, որ աքսորի գործընթացը չէր տարածուած Արցախի մէջ բնակող ազգագրական միւս խմբաւորումներուն վրայ:

* * *

Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզէն աքսորուածները իրենց գիւղերէն Եւլախ եւ Հորադիզ կայարաններ տարուեցան, ուրկէ շոգեկառքեր նստեցնելով զանոնք ճամբայ հանեցին դէպի Ալթայի երկրամաս:

Հայաստանէն հասնող շոգեկառքերը կը համալրուէին արցախցի աքսորականներով:

Աքսորականները բեռնատար վակոններով մօտաւորապէս երկու շաբաթ ճամբայ կտրելով հասան Ալթայի երկրամաս: Անոնք անտառային տնտեսութիւններուն եւ սովխոզներու (պետական տնտեսութիւններու) մէջ տեղաւորուեցան:

Ալթայի երկրամասի ներքին գործոց նախարարութեան արխիւին մէջ պահուող գնացքակազմերու ցուցակներուն մէջէն, թիւ 97111 գնացքակազմի մեկնակէտի տողին վրայ արձանագրուած է. «Հայկական ԽՍՀ Ջաջուռ կայարան, ԼՂԻՄ ազրպէյճանական ԽՍՀ», ինչ որ միակ տեղեկութիւնն է պաշտօնական փաստաթուղթերու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզէն աքսորի մասին:

* * *

Հայերու զանգուածային տեղահանութիւնը օրինականացուեցաւ 1949 նոյեմբերէն 1950 յունիս ամիսներուն: Աքսորուած ընտանիքի աւագի (կամ ընտանիքի այն անդամի, որ աքսորի պատճառ եղած էր) անունով Խորհրդային Միութեան պետական անվտանգութեան նախարարութեան առընթեր յատուկ խորհրդակցութիւնը ձեւական քննութեամբ կազմեց հիմք նկատուող փաստաթուղթեր:

Իր կարգին Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդը 6 ապրիլ 1950-ի հրամանագիրով աքսորականներուն վրայ տարածեց 25 նոյեմբեր 1948-ի հրամանագիրը, որուն հիմամբ պատերազմի տարիներուն արտաքսուածներու վերաբնակեցման ժամկէտը կը համարուէր մնայուն, իսկ ինքնակամ հեռանալը ենթակայ էր պատիժի` քսան տարուան տաժանակիր աշխատութեամբ:

Պետական անվտանգութեան ծառայութեան մարմինները աքսորուած ընտանիքներու ներկայացուցիչները պարետատուն (կոմենդատուրա) կանչեցին, ուր անոնց յայտնեցին որ աքսորը անվերադարձ է, ցմահ եւ զգուշացուցին ինքնակամ չլքել բնակավայրը` հակառակ պարագային սպառնալով քսան տարուայ բանտարկութեամբ կամ տաժանակիր աշխատանքով: Աքսորականը պարտաւոր էր շաբաթը մէկ անգամ ներկայանալ պարետատուն եւ ստորագրել` հաստատելով իր ներկայութեան ճիշդ վայրը:

* * *

Խորհրդային Միութեան պետական անվտանգութեան նախարարութեան առընթեր յատուկ խորհրդակցութեան փաստաթուղթերուն ծանօթանալէն ետք աքսորականները սկսան նամակներ գրել բարձրագոյն ղեկավարութեան: Նամակները ուղղուած էին Ստալինին, ներքին գործոց ժողովրդական կոմիսարիատի (չեկա) պետ Լաւրենտի Բերիայի, Համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի երկրորդ քարտուղար Գէորգի Մալենքովի, նախարարաց խորհուրդի նախագահի տեղակալ Անաստաս Միկոյեանի եւ Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար Գրիգոր Յարութիւնեանի:

Այդ նամակներուն մէջ անոնք կը խնդրէին բացատրել իրենց մեղքն ու յանցանքը, կը պատմէին իրենց կենսագրութիւնները եւ կ՛առաջարկէին այս կամ այն անձը հարցաքննելու միջոցով պարզել իրենց անմեղութիւնը, կը նկարագրէին աքսորավայրի կեանքի պայմանները, որոնք անտանելի էին:

Աքսորականները, շատ քիչ բացառութեամբ, կտրուկ պատասխաններ կը ստանային. «Ձեր հարցը վերանայման ենթակայ չէ»: Շատ հազուադէպ պարագաներու խնդրանքները կամ բողոքները բաւարարուեցան եւ անոնց ընտանիքները ազատեցան աքսորէն:

Աքսորական ընտանիքներու աշխատունակ անդամները ներգրաւուեցան գիւղատնտեսական կամ անտառահատման աշխատանքներու մէջ: Նկատի չէր առնուեր անոնց ոչ կրթութիւնը, ոչ մասնագիտութիւնը եւ ոչ ալ արհեստը:

* * *

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի ժողովրդագրական պատկերը փոխելու եւ աստիճանաբար զայն Նախիջեւանի օրինակով հայաթափելու նպատակ կը հետապնդէին:

Ազրպէյճանական քաղաքներու արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններուն մէջ աշխատուժի պակասը լրացնելու առաջադրանքով Արցախէն հայ բնակչութեան պարբերական տեղաշարժեր կազմակերպուեցան:

Լեռնային Ղարաբաղէն աշխատուժի հաւաքագրումները եւ հաւաքագրուածները արդիւնաբերական կեդրոններու մէջ տեղաւորելու աշխատանքները կը կատարուէին ազրպէյճանական կառավարութեան համապատասխան որոշումներով:

«Ազրպէյճանական գործարանային ուսուցման, դպրոցներուն մէջ պետական աշխատանքային պահեստներու պատրաստման մասին» որոշումով Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի գործկոմը, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան ժողկոմխորհը եւ քաղաքային ու շրջանային գործկոմները պարտաւորութեան տակ կը դրուէին գործարանային ուսուցման դպրոցներ հաւաքագրուողները բաշխել ըստ շրջաններու, կոլխոզներու եւ գիւղական խորհուրդներու:

Ազրպէյճանի կառավարութեան յաջորդ որոշումը եղաւ «Արհեստագործական ուսումնարաններու համար քաղաքային եւ կոլտնտեսական երիտասարդներու հաւաքագրման մասին» հրամանը:

Այսպիսով, ամէն տարի Արցախէն հազարաւոր երիտասարդներ կը հաւաքագրուէին եւ կ՛ուղարկուէին ազրպէյճանական արդիւնաբերական կեդրոններ` աշխատելու, կառուցելու եւ անջրդի հողատարածքներ իւրացնելու:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2025
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ