«Ակօս»-ի աշխատակից Հրանդ Գասպարեան կը հաղորդէ, որ գերմանացի յայտնի բանասէր եւ ընկերաբան դոկտ. Թեսա Հոֆման պարգեւատրուեցաւ Գերմանիոյ բարձրագոյն պետական շքանշանով:
Հոֆման երկար տարիներ նշանակալի ներդրում ունեցած է հայոց եւ այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութեան հետազօտման ու ճանաչման գործին մէջ, մեծապէս նպաստելով Գերմանիոյ խորհրդարանին` Պունտեսթակին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման` 2016-ին:
Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի հրամանով Հոֆմանին շնորհուած «Դաշնակցային վաստակի խաչ» շքանշանի յանձնումի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 20 հոկտեմբերին, Պերլինի մէջ:
Արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն հայ, յոյն, ասորի համայնքներու հոգեւորական եւ աշխարհիկ ներկայացուցիչներ, մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւններու անդամներ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչը:
Պետական շքանշանը յանձնեց Պերլինի նահանգային պետական քարտուղարուհի Քերսթին Ռիխթեր Քոթովսքի, որ իր ելոյթին ընթացքին բարձր գնահատեց Հոֆմանի գիտահետազօտական գործունէութիւնը եւ մարդկային իրաւունքներու ծիրին մէջ անոր տարած ակնառու բազմազան գործունէութիւններն ու վաստակը:
Արարողութեան ընթացքին արտասանուեցան նաեւ Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Սերովբէ եպս. Իսախանեանի ու Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի ողջոյնի խօսքերը:
Հոֆման իր պարգեւատրման առիթով գերմանական մամուլին կատարած յայտարարութեան մէջ ընդգծեց հետեւեալը. «Ժողովուրդներու յարաբերութիւնները ոչինչ այնքան չի թունաւորեր, որքան` ցեղասպանութեան ուրացումը: Ան, որ հաշտութիւն կ՛ուզէ հաստատել, պէտք է սկսի այս կէտէն»:




Leave a Reply