Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը վերահաստատած է իր աջակցութիւնը Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն: Այս մասին նշուած է խորհուրդի նիստին վերաբերեալ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ:
Նիստը վարած է երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Խորհուրդը ընդգծած է նաեւ Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրական միջանցքի կարեւորութիւնը` նշելով, «որ այդ միջանցքը պիտի ծառայէ շրջանի բոլոր երկիրներու շահերուն»:
Թուրքիոյ մեծագոյն` «Թըրքիշ Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութիւնը անցեալ օր յայտարարած էր, որ կանոնաւոր ուղիղ թռիչքներ պիտի սկսի դէպի Երեւան:
«Պլումպըրկ» իր կարգին կը գրէ, որ Անգարայի մէջ այս որոշումը տրուած է ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ աշխուժացած են ջանքերը դրացի երկրին հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ:
Ամերիկեան պարբերականը կ՛ընդգծէ, որ Երեւանն ու Անգարան նոր թափ հաղորդած են յարաբերութիւններու բարելաւման` հիմնուելով Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ իրականութիւն դարձած խաղաղութեան համաձայնագիրին վրայ, որ կնքուած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դաշնակից Ազրպէյճանի միջեւ:
Leave a Reply