Կը շարունակեմ մնալ մեղսակից այս ցեղասպանութեան

ԸԼԼԱԼ ՎԿԱՆ ԿԱԶԱՅԻ, ԽՕՍԻԼ ԱՅԴ ՄԱՍԻՆ… ԵՒ ՔԱՋՈՒԹԵԱՆՍ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ

ՎԱՀԷ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երբ սկսայ Substack-ի վրայ հրապարակումներ կատարել, որոշեցի՝ որքան որ կարելի է, հեռու մնալ քաղաքականութենէ։ Երբ սկսիս արձագանգել քաղաքական իրադարձութիւններու՝ հետզհետէ կը մխրճուիս խորունկ փոսի մը մէջ, որմէ դուրս ելլելը գրեթէ անկարելի է։ Եւ սակայն, ահաւասիկ, ես կը քալեմ ուղղակի դէպի թակարդ, որովհետեւ հիմա հասկցած եմ, որ կրնաս փորձել հեռու մնալ քաղաքականութենէ, բայց քաղաքականութիւնը ուշ թէ կանուխ քեզի հասնելու ձեւը կը գտնէ։

Ամէն անգամ, երբ ընկերային ցանցերու վրայ իմ քաղաքական տեսակէտներս կը կիսեմ, քանի մը տասնեակ մարդիկ, յաճախ ոչ շատ քաղաքավարի, կը յորդորեն, որ հեռու մնամ քաղաքականութենէ եւ բաւարարուիմ կատակերգութեան կամ արուեստի սահմաններով, կարծէք՝ անոնք իրարու հետ անհամատեղելի ըլլային։

Հաւատացէ՛ք, կը փորձեմ։ Բայց ինչպէս Արունտհաթի Ռոյ ըսած է՝ «Ապաքաղաքական արուեստ գոյութիւն չունի։ Լռութիւնը քաղաքական ընտրութիւն է»։

Այսօր, երբ ամբողջ ազգ մը կը կոտորուի եւ սովամահ կ՛ըլլայ, երբ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան բոլոր մեծ կազմակերպութիւնները, ներառեալ իսրայէլականները, Կազայի մէջ տեղի ունեցողը ցեղասպանութիւն կ՛անուանեն, լուռ մնալը խորապէս քաղաքական արարք մը կը դառնայ։ Եթէ լուռ մնամ՝ արտօնած պիտի ըլլամ ցեղասպանութիւնը։

Ես ծնած եմ թրքական կառավարութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութենէն միայն քառասուն տարի ետք։ Ընտանիքիս երկու թեւերն ալ ջարդուեցան։ Մեծցայ մեծ մօրս՝ հօրս մօրը գիրկը, որուն ամուսինը տարագրուած էր, որուն երկու պզտիկ եղբայրները իր աչքերուն առջեւ սպաննուած էին, որուն մայրն ու երկու աղջիկները (ինը եւ տասներկու տարեկան) անհետացած էին տեղահանութեան ընթացքին, որուն ամբողջ ցեղը կոտորուած էր։ Ան մնացած էր միայն հայրիկիս հետ, որ այն ատեն մէկ տարեկան էր եւ որբանոցի մը մէջ մեծցաւ։

Մանկութիւնս անցուցի Ցեղասպանութեան պատմութիւններ մտիկ ընելով, լսելով մեծ մօրս ձայնը՝ միշտ նոյն զարմանքին ու ցաւին մասին. «Ես երբեք պիտի չհասկնամ՝ ինչպէս աշխարհ թոյլ տուաւ, որ այս բանը պատահի։ Ինչպէ՞ս կրցան ամբողջ ազգի մը կոտորածը դիտել ու ոչինչ ընել»։

Աստուծոյ հանդէպ ունեցած հաւատքիս կորուստը կրնամ ուղղակի վերագրել այդ պատմութիւններուն։ Նոյնիսկ որպէս երեխայ, կը մտածէի. եթէ աշխարհը լուռ կը դիտէր, Աստուած ինչո՞ւ բան մը չըրաւ։ Աստուած ամենակարողը, առանց որուն կամքին՝ նոյնիսկ տերեւ մը չի շարժիր, չէ՞։

Մեռեալներու եւ մահամերձներու նկարներ, սովամահ եղող երեխաներու պատկերներ, անմեղ քաղաքացիներ ահաբեկող զինուորներու տեսանիւթեր, տուներ գետնին հաւասարեցնող հողաշարժ մեքենաներ, ամբողջ գիւղերու հրկիզում…։ Անշուշտ, աշխարհ պիտի վրդովէր եւ բան մը պիտի ընէր։

Եւ սակայն, ահաւասիկ մենք, աւելի քան մէկ դար ետք, կը դիտենք Պաղեստինի մէջ կատարուող վայրագութիւնները։ Շատ բան չէ փոխուած։ Աշխարհը լուռ է։ Աստուած, եթէ հաւատայի, ինքզինք խուլ ձեւացուցած է։ Եւ ես, «քաղաքակիրթ» աշխարհի մեծամասնութեան պէս, մեղսակից եմ։

Ես մեղսակից եմ, որովհետեւ լռութիւնը մեղսակցութիւն է։ Սպաննուած են եօթանասուն հազար պաղեստինցիներ, մեծամասնութիւնը՝ կիներ եւ երեխաներ։ Ամէն օր հարիւրաւոր ուրիշներ կը մեռնին սովէ։ Եւ սակայն շատ խղճմիտ մարդիկ լուռ կը մնան՝ վախնալով հակասեմական պիտակուելէ, կամ աւելի գէշը՝ ձերբակալութեան, գործի կորուստի կամ ընկերային մեկուսացման սպառնալիքներէն, որովհետեւ տիրող խօսոյթին մէջ, ով որ իսրայէլական կառավարութեան գործողութիւնները կը քննադատէ, անպայման անհաւասարակշիռ պէտք է ըլլայ։

Մեղսակից կը զգամ, որովհետեւ կ՛ապրիմ Միացեալ Նահանգներու մէջ, երկիր մը, որ Իսրայէլին կը տրամադրէ տարեկան մօտ 3․8 միլիառ տոլարի զինուորական օգնութիւն, այսինքն՝ օրական աւելի քան 10 միլիոն։ Մինչդեռ սովը կը շարունակուի, իսրայէլացի զինուորներ կը խաղան սովամահ եղող պաղեստինցիներու հետ, ամերիկացի քաղաքական գործիչներ կաշառուած են եւ աշխարհը սպառնալիքի տակ հնազանդութեան կը մղուի։

Մեղսակից կը զգամ որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք, Պաղեստին հիւրընկալեց հազարաւոր հայ գաղթականներ եւ որբեր՝ անոնց հետ վերաբերելով արժանապատւութեամբ եւ մարդասիրութեամբ։

Մեղսակից կը զգամ, որովհետեւ ոչի՛նչ, եւ կը կրկնեմ՝ բացարձակապէս ոչի՛նչ կ՛արդարացնէ այն արհամարհանքն ու անմարդկայնութիւնը, որոնց պաղեստինցիները դիմացած են խտրական լուծի տակ, աւելի քան եօթանասուն տարի։ Դիմադրութեան որեւէ փորձ կը պիտակուի «ահաբեկչութիւն», մինչ Նեթանիահուի շուրջինները, Իթամար Պեն Կվիրէն, որ դատապարտուած է ցեղապաշտութեան դրդումին եւ ահաբեկչական կազմակերպութեան աջակցելուն համար, մինչեւ Պեցալէլ Սմոթրիչ, որու ծայրայեղական դիրքորոշումները միջազգային պատժամիջոցներու պատճառ դարձան, մինչեւ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ, որ այժմ ենթակայ է Քրէական միջազգային ատեանի ձերբակալման հրամանին, կ՛առաջնորդեն պաղեստինցիներու կեանքը քանդող քաղաքականութիւնը։

Մեղսակից կը զգամ, որովհետեւ մտերիմ, թանկագին բարեկամութիւններ կորսնցնելու վախը երբեմն աւելի ծանր կշռած է, քան հարցը բարձրացնելու պատասխանատուութիւնը։ Երախտապարտ եմ իմ այն հրեայ բարեկամներուս, որոնք քաջութիւնը ունեցած են դատապարտելու Նեթանիահուի կառավարութիւնը, ճիշդ ինչպէս որ ես, իբրեւ ամերիկացի, իմ սեփական կառավարութիւնս պատասխանատու կը նկատեմ։

Մեղսակից կը զգամ, որովհետեւ նոյն իսրայէլական կառավարութիւնը զինեց Ատրպէյճանը, որու արշաւանքներն ու շրջափակումը սպառնացին Արցախի շուրջ 130,000 հայերու կեանքին, եւ որ 2023ի յարձակումով լիակատար վերահսկողութիւն հաստատեց ու տարածաշրջանը պարպեց իր հայ բնակչութենէն։ Իսրայէլական անօդաչու սարքերը եւ այլ արդիական զէնքեր վճռորոշ դեր ունեցան այս բոլորին մէջ՝ պատճառ դառնալով հազարաւոր անմեղ հայերու մահուան։ Ես այս բոլորը դիտեցի Լոս Անճելըսի իմ տունէս, ուր իմ վճարած հարկերուս մեծ տոկոսը կ՛օգնէ այս մարդասպան մեքենային։

Այս պահը աւելի ողբերգական դարձնողն այն է, որ մէկ դար առաջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, զանգուածային լրասփիւռ չկար։ Լուրերը դանդաղ կը տարածուէին, եւ տեսողական ապացոյցները սակաւ էին։ Այսօր, հակառակ ճնշումի իսրայէլական ջանքերուն, ընկերային ցանցերը լեցուն են անդամահատուած մարմիններու, աւերակներու վերածուած թաղամասերու եւ սովէ մեռնող երեխաներու պատկերներով։

Այսօր, չեմ կրնար անգիտութիւն ձեւացնել։ Ես պարզապէս հայեացքս կը շեղեմ։ Կազայի մասին խորագիր մը կ՛երեւի, եւ ես մատովս կը սահեցնեմ զայն, կ՛անցնիմ՝ յուսալով խուսափիլ անոր պատճառելիք ցաւէն եւ անհանգստութենէն։

Մեղսակից կը զգամ, որովհետեւ ինքզինքիս կ՛ըսեմ, որ ինչ որ ընեմ՝ իրականութիւնը պիտի չփոխէ։ Որ ես անզօր եմ։ Որովհետեւ սորվեցայ, որ երբ աշխարհը կը խոնարհի զոհին ոտքերուն առջեւ, այդ կը նշանակէ երկու բան. կա՛մ զոհը մահուան շեմին է, կա՛մ զոհը բաւական հզօրացած է, որպէսզի աշխարհը յաւիտեան խոնարհած պահէ իր ոտքերուն։

Մեղսակից կը զգամ, որովհետեւ որպէս անհաւատ, չեմ կրնար գիշերը անկողին մտնել, Աստուծոյ աղօթել, որ դադրեցնէ ջարդերը, օգնէ անօթեւաններուն, բուժէ վիրաւորները, կերակրէ սովամահ եղող երեխաները, եւ յետոյ հաւատալ, որ աղօթելով՝ ես թշուառութեան վերջ տալու իմ բաժինս կատարած եմ։

Թերեւս միակ պատճառը, որ այս յօդուածը գրեցի, խիղճս հանդարտեցնելն էր, ինքզինքս համոզելը, որ այս ընելով՝ ես որեւէ կերպով բան մը կ՛ընեմ այս մասին։ Բայց զո՞վ կը խաբեմ։ Ես տակաւին մեղսակից եմ։ Եւ թերեւս այդ խոստովանիլը դիմադրութեան առաջին քայլն է։ Կը մտածեմ մեծ մօրս մասին, որ մեր հիւրասենեակին մէջ իր բազմոցին վրայ նստած, իր խաղաղ, խեղդուկ ձայնով ինծի կը պատմէր, թէ աշխարհը ինչպէս լռութեամբ դիտած էր, երբ իր ժողովուրդը կը կոտորուէր։ Եթէ ան այսօր հոս ըլլար՝ գիտեմ, որ պիտի նայէր Կազային, յետոյ ինծի, եւ պիտի յղէր նոյն հարցումը, որ ամբողջ կեանքին ընթացքին յղեց. «Ինչպէ՞ս աշխարհ կրնայ դիտել ու բան չընել»։

substack.com/@vaheberberian

https://asbarez.am/archives/490630

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2025
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ