Աւանդութիւնը կերտել եւ աւելի կարեւորը՝ շարունակել

Ինչպէս անու­շա­պու­րը՝ հա­րիսա­յի ծա­գումն ալ շա­տերու կող­մէ կը վե­րագ­րո­ւի Նո­յան Տա­պանին։ Առաս­պելնե­րը մէկ կողմ, հա­րիսան հայ­րե­նակ­ցա­կան խորհրդան­շան մըն է հա­մայն մու­սա­լեռ­ցի­ներու հա­մար։

Աշ­խարհաս­փիւռ մու­սա­լեռ­ցի­ներ ան­խօս հա­մաձայ­նութիւն մը կնքած ըլ­լան կար­ծես, ամե­նու­րէք կը տօ­նեն Խաչ­վե­րացի տա­ղաւա­րի յա­ջոր­դող կի­րակին, հա­ւաքա­բար հա­րիսա ու­տե­լով։

Սո­վորու­թիւնը թրքա­հայու­թեան ծա­նօթ դար­ձաւ շնոր­հիւ վա­քըֆ­գիւղցի­ներու։ Թէեւ պայ­մաննե­րու պար­տադրան­քով թո­ւակա­նի շե­ղում մը տե­ղի ու­նե­ցաւ եւ հա­րիսա­յի արա­րողա­կար­գը փո­խան­ցո­ւեցաւ Խաչ­վե­րացէն դէ­պի Աս­տո­ւածած­նի տա­ղաւա­րը։

Այս ալ ու­նէր իր պատ­ճառնե­րը։ Երբ Մու­սա Լե­րան եօթը գիւ­ղե­րու բնա­կիչ­նե­րը Ա. Աշ­խարհա­մար­տի աւար­տին Եգիպ­տոս, Փորթ Սա­յիտի աք­սո­րավայ­րէն վե­րադար­ձան հայ­րե­նի հո­ղեր, Մու­սա Լե­րան վրայ կա­ռու­ցե­ցին նոր եկե­ղեցի մը, ի յի­շատակ քա­ռաս­նօ­րեայ դի­մադ­րութեան։

Եր­կար տա­րիներ, մին­չեւ 1938 Խաչ­վե­րացի տա­ղաւա­րին բարձրա­ցան լեռ, զո­հեցին մա­տաղ­ներ եւ անոնց մի­սով պատ­րաստե­ցին հա­րիսան։

Քա­ղաքա­կան իրա­վիճա­կը փո­խուե­ցաւ եւ ֆրան­սա­ցիներ Հա­թայ նա­հան­գը թո­ղու­ցին Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան։

Այս որո­շու­մը իր հետ բե­րաւ նաեւ մու­սա­լեռ­ցի­ներու զան­գո­ւածա­յին գաղ­թը՝ դէ­պի հա­րէւան եր­կիր Սու­րիա, Քէ­սապի շրջան եւ Լի­բանան՝ Ան­ճա­րի ճախ­ճա­խու­տը։ Բնօր­րա­նը պա­հող վա­քըֆ­գիւղցի­ներ ալ այդ թո­ւակա­նէն ետք հա­րիսա­յի արա­րողու­թիւնը փո­խադ­րե­ցին իրենց եկե­ղեց­ւոյ անո­ւան տօ­նախմբու­թեան։

1946-ին, ներ­գաղթի տա­րինե­րուն բա­զում մու­սա­լեռ­ցի­ներ ապաս­տան գտան Խորհրդա­յին Հա­յաս­տան, ուր իրենց հետ տա­րին նաեւ հա­րիսա­յի աւան­դութիւ­նը։

Այս բո­լորը նշե­ցինք իբ­րեւ վեր­յի­շում նա­խորդ կի­րակի Նար­լը­գաբո­ւի Սուրբ Յով­հաննէս Եկե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ կա­յացող հա­րիսա­յի հա­ւաքոյ­թի առ­թիւ։

Այդ օր նախ Հո­գեհանգստեան Պա­տարագ մա­տու­ցո­ւեցաւ վախ­ճա­նեալ մու­սա­լեռ­ցի­ներու հոգ­ւոյն խա­ղաղու­թեան հա­մար։ Պա­տարա­գիչ Տէր Յու­սիկ Քհն. Հեր­կե­լեան մի առ մի թո­ւեց յի­շատա­կուող ըն­տա­նիք­նե­րու անուննե­րը եւ հա­կիրճ կեր­պով նկա­րագ­րեց օրո­ւայ իմաս­տը։

Ներ­կա­ներ հա­մախմբո­ւեցան Մու­սա Լե­րան Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թեան ջան­քե­րով սար­քո­ւած սե­ղան­նե­րու շուրջ եւ հա­մաերկրա­ցինե­րու յա­տուկ մտեր­մութեամբ վա­յելե­ցին մէկ­տեղման ար­դած ու­րախութիւնը։

https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/35863/awantutiwni-gyerdyel-ev-awyeli-garevvori-sharunagyel

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2025
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ