Արեւելեան ափի եկեղեցիները զօրաշարժի անցան Գալֆաեանի համար

Արեւելեան ափի եկեղեցիներու Թաղային Խորհուրդները, որոնք անցեալ տարի գնահատելի նախաձեռնութիւն մը իրականացուցած էին զօրակցութեան արշաւով մը կանգնելով Գալֆաեան տան Խնամակալութեան կողքին, այս տարի եւս համախմբուեցան Գալֆաեանի շուրջ։

25 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Գալֆաեան Տան Խնամակալութեան ատենապետուհի Թամար Գարասու-Մայօղլու, Նաթալի Յովհաննէսեան եւ Պեսսէ Քապաք մէկտեղուեցան Անատոլուի ափի հիմնարկներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Նոր եղանակի այս առաջին հանդիպումը կայացաւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ երդիքին տակ, Թաղային Խորհուրդի հիւրընկալութեամբ։

Նոյեմբերին կայանալիք մատաղօրհնութիւնը ժողովի մայր թէման էր։ Գալֆաեանի խնամակալները ներկայացուցին անցեալ տարուայ ելմտական տեղեկագիրն ու գործունէութեան հաշուեփակը, քննարկելով 2025-2026ի հաւանական պիւտճէն։ Անոնք առաջարկեցին վերստին ձեւաւորել անցեալ տարուայ ոյժն ու համագործակցութիւնը։ Անատոլուի ափի եկեղեցիներու պատասխանատուները լիակատար աջակցութիւն խոստացան Գալֆաեան վարժարանին։

Ժողովականները կարծիքի փոխանակում ունեցան գործնական հարցերու շուրջ, ինչպիսին են հրաւէրի ձեւաչափը, հիւրերու ցանկը, հաստատութիւններ եւ աջակիցներուն այցելութիւն տալու թուականներու ճշդումը, եւայլն։

Որոշուեցաւ յաջորդ հանդիպումը կազմակերպել Հոկտեմբերի առաջին օրերուն։

https://www.facebook.com/photo?fbid=714554304937986&set=a.135021036224652

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2025
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  

Արխիւ