ԺԻՐԱՅՐ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ
Արտաշէս Քարտաշեանի հրաշալի կեանքը օրինակն է տիպար հայուն, իր հաստատակամութեամբ, հմտութեամբ ու հայրենասիրութեամբ։
Քարտաշեան միշտ կ՛ըսէր, որ ինք ինքնուս մեքենագէտ մըն է, որ կրցաւ ըլլալ հեղինակաւոր «Նուպարեան» գրադարանի տնօրէն, պաշտօն մը, որ կը վարեն գիտական բարձր վկայականներ ունեցող ակադեմիկոսներ։
Ծնած 1906ին, Կեսարիա։ 1915ի ջարդերուն ընթացքին իր ընտանիքը կը փախչի նախ Գոնիա, ապա 1923ին Եգիպտոս կը փոխադրուի, ուր կ՛աւարտէ Գալուստեան վարժարանը։ Այնուհետեւ կը յաճախէ արհեստից դպրոց մը, մեքենագիտութիւն ուսանելու։
Քարտաշեանի սէրը պատմաբանութեան ու գրադարանավարութեան նկատմամբ սկսաւ իր երիտասարդ տարիքէն ու մնաց անսահման ու անյաղթ։
Գրեց բազմաթիւ պատմաբանական գիրքեր Եգիպտոսի, Սուտանի, Եթովպիոյ, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յունաստանի հայ գաղութներու կրթական, մշակութային, եկեղեցական եւ այլ մարզերուն մասին։
Քարտաշեանի գիրքերուն շնորհիւ սփիւռքահայութեան պատմութիւնը փրկուեցաւ մոռացութենէ, որպէսզի փոխանցուի ապագայ սերունդներուն։
Ան իր «Նիւթեր Եգիպտոսի Հայոց Պատմութեան Համար» գրքին մէջ կը նկարագրէ ու կարձանագրէ 11-12րդ դարու 13 եկեղեցիներ, որոնք այսօր այլեւս գոյութիւն չունին։
Նոյն գրքին Բ․ եւ Գ․ հատորներուն մէջ կու տայ մանրամասն տեղեկութիւններ հայ վարժարաններուն եւ մանկավարժներու մասին։
1970 էն մինչեւ իր մահը՝ 1986, Քարտաշեան տնօրինեց Փարիզի «Նուպարեան» մատենադարանը։
Leave a Reply