ՓՐՕՖ. ՏՕՔԹ. ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆ ՈՐՊԷՍ ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱՆԱԽՕՍ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԻՍՏԵՐԷՆ ՄԷԿՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
18-21 Սեպտեմբերին, Տիյարպաքըրը հիւրընկալեց Թուրքիոյ ատամնաբոյժներու միութեան 28րդ համագումարը։ Ժողովները կայացան Տիճլէի համալսարանի գլխաւոր դահլիճին մէջ։
Հաճոյքով ու հպարտութեամբ կը տեղեկանանք որ յայտնի ծնօտաբան, «Ալիանոի» ատամնաբուժական կեդրոններու հիմնադիր տնօրէն Փրօֆ. Տօքթ. Թորոս Ալճան որպէս գլխաւոր բանախօս հանդէս եկաւ համագումարի կարեւոր նիստերէն մէկու ընթացքին, ներկայացնելով շրթունքի ու քիմքի ճեղքերու բնական անոմալիի մասին իր գիտական, տեսական ու գործնական մօտեցումները, անդրադառնալով այս գծով համապարփակ դարմանումի կարեւորութեան ու երկարաժամկէտ հետազօտութեան դէպքերու մասին զեկուցումներուն։
Ինչպէս ծանօթ է, այս անոմալին կը յառաջանայ, երբ շրթունքը, քիմքը կամ երկուքը միասին չեն միաձուլուիր պտուղի զարգացման ընթացքին։ Շրթունքի ճեղքը կը յանգեցնէ շրթունքի վրայ բացուածքի, մինչդեռ քիմքի ճեղքը բացուածք կը ստեղծէ բերանի խոռոչի վերին հատուածի մէջ։
Կը շնորհաւորենք եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր սիրելի բժիշկին։
https://www.facebook.com/photo?fbid=711384841921599&set=a.135021036224652
Leave a Reply