«Գրիգորի Նարեկայ Վանից Վանականի Մատեան Ողբերգութեան գրիչ՝ Սայեադ Նովայ» գիրքի նմանահանութեան շնորհանդէս Երեւանի մէջ

Սեպտեմբեր 19-ին, Երեւանի «Նարեկացի» արուեստի միութեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Գրիգորի Նարեկայ Վանից Վանականի Մատեան Ողբերգութեան գրիչ՝ Սայ-եադ Նովայ» գիրքի նմանահանութեան շնորհանդէսը, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Գանատայի «Հորիզոն» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի եւ մշակութասէր հասարակութեան։

Իւրայատուկ այս հրատարակութիւնը Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի բազում գանձերէն մէկն է, որ արձանագրուած է 10838 թիւին տակ, եւ զայն իր ձեռագրով ընդօրինակած է 18-րդ դարու մեծ աշուղ Սայաթ-Նովան, 1761 թուականին, Պարսկաստանի Գիլան նահանգի Էնզելի քաղաքին մէջ։

Սայաթ Նովայի փաստացի հայ ըլլալու կարեւորագոյն այս հրատարակութիւնը նախաձեռնած է «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը՝ համագործակցելով Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հին ձեռագրերու ուսումնարանին հետ։

Հանդիսութեան բացումը յայտարարեց օրուան հաղորդավար՝ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, Երեւանի «Յակոբ Պարոնեան»-ի անուան թատրոնի դերասան Սամուէլ Բաղինեանը, որ երեկոյի ընթացքին նաեւ վարպետութեամբ ասմունքեց Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»-էն հատուած մը։

Տէրունական աղօթքով Սրբազան Հայրը կատարեց բացումը, որմէ ետք խօսք տրուեցաւ «Նարեկացի» արուեստի միութեան անդամ, Երաժշտագէտ Դանիէլ երաժիշտին, որ նշեց. Ինչքան շատ հրատարակուին նման բացառիկ գործեր, այնքան կ՚ամրապնդուի Սայաթ Նովայի հայ ըլլալը. թէեւ ինք գրած է,- « Սայաթ Նովէն ինքը հայ է, Իր հաւատքին ամուր կանգնած», բայց այնուամենայնիւ այլ ազգեր դեռ կասկածի տակ կը դնեն Սայաթ Նովա հայ ըլլալու փաստը, իսկ այս հրատարակութիւնը եւս մէկ ապացոյց է, որ Սայաթ Նովա մերն է։ Այս հրատարակութիւնը սովորական ընդօրինակութիւն մը չէ, որովհետեւ Սայաթ Նովա ինք կը վկայէ, որ Նարեկացիի ոգին կը թեւածէր իր սենեակին մէջ, երբ ան կ՚արտագրէր այս մատեանը, կարծես Նարեկացին կը բռնէր Նովայի ձեռքը եւ ինք կը գրէր,- ըսաւ Դանիէլ երաժիշտը։
Ժողովրդական արուեստագէտ, աշուղական երգի վարպետ դոկտոր Թովմաս Պօղոսեան նոյնպէս շեշտը դրաւ հրատարակութեան իւրայատկութեան վրայ` նշելով Սայաթ Նովայի կողմէ նմանահանուած գիրքի անհերքելի վկայութիւնը անոր հայ ըլլալու փաստին մասին եւ Աստուծոյ նախախնամութեան, որ ուժ ու համարձակութիւն տուած է, ոգի ներշնչած է Սայաթ Նովային, որպէսզի՝ ընդօրինակէ Մեծն Նարեկացիի մատեանը։

«Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր նախագահ Նարեկ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագրի աշխատախումբին, յատկապէս երախտագիտութիւն յայտնեց Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանին եւ պատմեց, թէ ինչպէս կեանքի կոչուեցաւ այս գիրքը հրատարակելու գաղափարը. 2016 թուականին օփերայի երգիչ Պօղոս Եղիազարը կը յայտնէ այս ձեռագրի գոյութեան մասին, «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը պարտք կը համարէ զայն հրապարակել եւ հանրայնացնել։ Աշխատախումբը կեանքի կը կոչուի՝ համագործակցելով Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի անուան Մատենադարանին հետ։

Տարիներու աշխատանքէն ետք, գործը կը կասեցուի՝ նիւթական պատճառներով։ Նարեկ Յարութիւնեանը ծրագրի մասին կը պատմէ Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Տանիա Օհանեանին, վերջինս կ՚առաջարկէ ծրագիրը ներկայացնել Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանին, որուն աջակցութեան շնորհիւ գիրքը կը տպագրուի։

«Նարեկացի» արուեստի միութեան նախագահը համոզուած է, որ այս բոլորի մէջ կայ նախախնամութիւն,-«ամէն ինչ Տիրոջ կողմէ ուղղորդուեցաւ դէպի մեր առաջնորդը, որ այսօր ալ, դարձեալ մեր հոգեւոր հովիւը Տիրոջ կողմէ Գանատայէն Հայաստան ուղարկուած է՝ ներկայ գտնուելու գիրքի շնորհանդէսին, իր օրհնութիւնը մեզ շնորհելու համար։

Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանն իր հայրական խօսքով նշեց, որ «Պահը շատ յուզիչ է եւ միաժամանակ մեր սրտերը հպարտութեամբ կը լեցնէ, որովհետեւ հնչեցին խօսքեր, որոնք մեզ կը զօրացնեն, կը հզօրացնեն եւ կը հաստատեն, որ մեր հանճարները անմահ են։ Այսօր Սայաթ Նովայի միջոցով դարձեալ Նարեկացին լսեցինք, Նարեկացին շնչեցինք եւ Նարեկացին ապրեցանք։ Ահաւասիկ մեր մեծերը, որոնք պէտք չէ մեռնին եւ չեն մեռնիր այնքան ատեն, որ մենք կ՚ապրեցնենք զիրենք, կը լսենք եւ իրենց միջոցաւ մեր հայեացքը կը դարձնենք առ ամենաբարին, ամենամեծը, ամենակարողը: Նարեկը Աստուածաշունչէն յետոյ, ամենասուրբ գիրքը դարձած է եւ պէտք է մնայ, ոչ միայն բարձի տակ դրուելու, այլ ապրելու, իրապէս զգալու, որովհետեւ երբ Նարեկացի կը կարդանք, կը գիտակցինք, որ անոնք սոսկ բանաստեղծական բառեր չեն, այլ կարծես մեզմէ իւրաքանչիւրին սրտի կանչն է առ Աստուած, կը զգանք, որ որքան փոքր ենք մենք այս մեծութեան դիմաց, որքան տկար ենք այդ զօրութեան դիմաց եւ մեր միւս մեծերուն դիմաց։ Իրապէս շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր տնօրէն Նարեկ Յարութիւնեանին եւ իր բոլոր աշխատկիցներուն, Մաշտոց Մատենադարանին, որուն համագործակցութեամբ մենք կրցանք այս նմանահանութիւնը լոյս աշխարհ բերել։ Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց որոնք մասնակցած են այս գործին եւ այսօր բոլոր ելոյթ ունեցողներուն։ Այսօրուան ձեռնարկը մեզի պարգեւեց Նարեկացիի եւ Սայաթ Նովայի ընդմէջէն տեսնելու գեղեցիկը, որ ունինք Մաշտոցէն սկսեալ մինչեւ այսօր։ Սրբազան հայրը իր խօսքը աւարտեց ըսելով,- Վաղը կրնան ըսել այս եկեղեցին մզկիթ էր, այս մեծն ալ հայ չէ , բայց հայկականութիւնը, ազգութիւնը նիւթական շէնքով չէ, ոգիով է։

Աստուածաշունչը կ՚ըսէ,- կրնան մեր մարմինները սպաննել, բայց չեն կրնար մեր ոգին սպաննել։ Այո՛ ոգին չի մեռնիր, եթէ մենք չմեռցնենք: Այս ոգին է պէտք, որպէսզի մենք ապրինք, եւ կարենանք շարունակել մեր հոգեմտաւոր արժէքներով հզօրանալ եւ շարունակել մեր պայքարը: Նոր մեծութիւններ պիտի շարունկեն ծնիլ այնքան ատեն, որ մենք այս ոգին կը պահենք»։

Շնորհանդէսի ընթացքին, «Նարեկացի» արուեստի միութեան ցուցասրահին մէջ Ներկայացուեցան գեղանկարիչ Հրաչեայ Ռուխկեանի հեղինակած Սայաթ Նովայի դիմանկարները։ Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան քամանչահար Յակոբ Խալաթեանը, «Նարեկացի» արուեստի միութեան «Նովա» ժողովրդական նուագախումբի երաժիշտները:

Հանդիսութեան աւարտին «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր տնօրէն Նարեկ Յարութիւնեանը միութեան «Հայ մշակոյթի դեսպան» յուշանուէրը յանձնեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանին։

Նայիրի Մկրտիչեան
Երեւան

https://horizonweekly.ca/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2025
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ