Արարատը որպէս խորհրդանիշ. Ֆութպոլի հաւաքականի շապիկէն անհետացումէն մինչեւ սահմանահատման դրոշմակնիքին վրայէն չեղարկումը եւ Հանրի Վերնոյի ֆիլմը

Խ. Տէր Ղուկասեան

1973-ին, Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի ախոյեանութեան Արարատ – Տինամօ Քիեւ աւարտական խաղի նախօրեակին, գծանկար մը կար Արարատ լերան խորքով եւ մօտաւորապէս հետեւեալ մակագրութեամբ. «Արարատցիք, թէ Արարատից մի քայլ իջնէք ցած, ձեզ չի ների ոչ հայ ազգը, ոչ Մասիսը, ոչ էլ Աստուած»: Արարատի պատմական յաղթանակէն յետոյ, նոյն գծանկարին մակագրութիւնը փոխուած էր. «Արարատցիք, Արարատից չիջաք ցած, ձեզ կ’ողջունէ ե՛ւ հայ ազգը, ե՛ւ Մասիսը, ե՛ւ Աստուած»: Երկու գծանկարներն ալ այդ առիթով Ազդակի հրատարակած Արարատի յաղթանակներու ալպոմին վերջին էջին վրան են:

Այդ տարուան համահայկական էոֆորիան ֆութպոլի սիրահար, պապային եւ քեռիներուն հետ ՀՄԸՄ Պէյրութի ամէն խաղերուն գացող մանուկիս յիշողութեան մէջ անջնջելի հետք ձգած է: Եւ վստահ եմ, աշխարհացրիւ հայութեան բացարձակ մեծամասնութեան յիշողութեան մէջ: Ազգային հպարտութիւն էր, Արարատը, ֆութպոլի խումբը, մե՛րն էր, այնքան որքան Սրբազան Լեռը, առանց որուն աներեւակայելի էր հայ ըլլալ: Ոչ ոք կասկածի տակ կը դնէր՝ «Պարզապէս մենք էլ պի՛տի ընդունենք‚ / որ մե՛նք‚ միայն մե˜նք Արարատ ունենք…» (Պարոյր Սեւակ, «Քիչ ենք, բայց Հայ ենք»):

Գծանկարներուն մասին յիշեցի առաջին անգամ 2008-ին, երբ «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» ոլորտին մէջ Հայաստան–Թուրքիա խաղին Հրազդան մարզադաշտին մէջ, Հայաստանի հաւաքականը դաշտ մտաւ առանց իր շապիկին վրայ Արարատի նշանին: Սերժ Սարգսեանի կառավարութեան պատասխանատուները պնդեցին, որ երեւոյթը պարզ զուգադիպութիւն էր, կապ չունէր հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացին հետ:

Սամուէլ Ֆարմանեան իր Միայնակ Ընդդէմ Ճակատագրի. Ֆութպոլային Դիւանագիտութեան Յետնաբեմը (Երեւան, newmag, 2023) յուշագրութեան մէջ, կը գրէ թէ Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերացիայի «ինքնագլուխ որոշումն էր հանդիպումից առաջ փոխել Ֆետերացիայի զինանշանը՝ այդտեղից հանելով Մեծ ու Փոքր Մասիսների պատկերը» (էջ 145), առանց նախապէս համաձայնեցնելու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կամ Նախագահականի հետ:

Ֆարմանեանի, եւ Սարգսեանի կառավարութեան պատասխանատուներուն համար, այդ է ճշմարտութիւնը: Ի նպաստ իրեն պիտի նաեւ նշել, որ, դարձեալ Ֆարմանեան վկայութեամբ, Սարգսեան-Կիւլ հանդիպումի նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերող հատուածին մէջ, թուրք դիւանագէտ Չեւիքիոզը անուղղակի հասկցուցած է, որ «ֆութպոլային հանդիպման ժամանակ, եւս չլինի որեւէ բան, ինչը կարող է վիրաւորել մեր ազգային արժանապատուութիւնը» (էջ 121): Բայց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ նախագահներու հանդիպման համար, «Արարողակարգի տղաներն ու Վիգէն Սարգսեանը հենց կարմիր սրահն էին ընտրել այն պատճառով, որ այդ սրահի պատին էր կախուած Գէորգ Բաշիջաղեանի նշանաւոր «Արարատ» կտաւը» (էջ 131):

«Ֆութպոլային դիւանագիտութեան» գրեթէ ամբողջ գործընթացին մասնակից Ֆարմանեանի այս զոյգ բացայայտումներով հանդերձ, կասկածը որ ֆութպոլի ֆետերացիայի որոշումը չի կրնար զուտ պատահականութիւն եղած ըլլալ, պիտի չփարատի: Գոնէ հայութեան այն հատուածին համար, որ Քոչարեանի օրօք Հայ-Թրքական Հաշտութեան Յանձնաժողովէն (TARC) յետոյ, Փրոթոքոլներուն ընդմէջէն ընկալեցին Ցեղասպանութեան հարցի թէկուզ եւ ժամանակաւոր ծածկոյթի տակ դնելու մէկ այլ փորձ, ի դէմս յարաբերութիւններու բնականոնացման թրքական երեք լռելեան (եւ ոչ այնքան…) նախապայմաններէն մէկու կիսակատարման: Նախապայման՝ որ հայկական դիւանագիտութիւնը յամառօրէն անտեսած է Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն ժառանգ մնացած եւ ուղեցոյց դարձած «առանց նախապայմաններու» համոզումին յամառօրէն կառչած մնալով, առանց երբեք քննական/քննադատական մաղէ անցնելու անոր միակողմանիութիւնը՝ թրքական անզիջողութեան գէթ չէզոքացման նպատակով:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանահատման կնիքին վրայէն Արարատի պատկերը հանելու Փաշինեանի իշխանութեան որոշումը, սակայն, հաստատ զուգադիպութիւն չէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ բանագնաց Սերտար Քըլըչի ժամանման: Թէեւ որոշումը առնուած է 11 Սեպտեմբերին, սակայն մնացած չզեկուցուող որոշումներու շարքին: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեանն է, որ զայն ներկայացուցած է ընկերային ցանցերու վրայ եւ բացատրած անոր հիմնաւորումները. կնիքները համապատասխանեցնել ժամանակակից պահանջներուն եւ «իրական» Հայաստանի գաղափարախօսութեան: Զուտ հայկական նախաձեռնութիւն, կը պնդէ Քըլըչի հայ գործընկեր Ռուբէն Ռուբինեան Սիվիլնէթին իր տուած հարցազրոյցին մէջ: Թրքական պահանջ չէ, չէ եղած երբեք: Առաւել՝ «դրոշմակնիքն ինքնին ոչ մի բան է», անոր մէջ պէտք չէ տեսնել «հայ ժողովուրդի ապամոնթաժման գործընթաց», ինչպէս համոզուած է Հայ Ազգային Գոնկրէսի ղեկավար դէմքերէն՝ Արամ Մանուկեան -եւ իր հետ շատ ուրիշներ:

Կը մնայ, որ այս երկու տրամագիծային հակադիր ընկալումները, «ինքնին ոչ մի բան» եւ հայութեան «ապամոնթաժում», կրնան եւ միաժամանակ ճիշդ ըլլալ: Այսինքն՝ արտաքին ճակատի վրայ Ատրպէյճանի բոլոր պահանջներուն ընդառաջելու զիջողականութիւնը նորմալացուցած իշխանութիւններուն համար մէկ կողմէ անհրաժեշտ է ներազգային առճակատումը՝ գաղափարախօսական ձեւակերպումով եւ դիւցազնավէպային յաւակնութիւններով: Միւս կողմէ, այդ «իրական» Հայաստանի կառուցման որպէս նախաձեռնութիւն ներկայացուող դրոշմակնիքին վրայէն Արարատի չեղարկումի «ինքնին ոչ մի բան»ը քաղաքական ճարպիկ մարտավարութիւն է՝ ահագին (արդարացուած) աղմուկ բարձրացնելով արտաքին ճակատի վրայ իրերայաջորդ ձախողութիւններէն ուշադրութիւնը շեղելու համար: Կոնկրետ այս պարագային՝ Անգարայի կողմէ բազմիցս բարձրաձայնուած թրքական նախապայմանի առկայութիւնը. երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացման պայմանաւորումը՝ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութեամբ:

Ռուբէն Ռուբինեանը, ի դէպ, չի գիտեր եթէ Քըլըչի անցագրին մէջ կնիքը Արարատի պատկերով էր թէ ոչ, ինչպէս նոյն հարցազրոյցին մէջ կը խոստովանի, եւ կը խոստանայ ստուգել: Պիտի սպասել սահմանահատման պատկան մարմիններու պատասխանին եւ ըստ այնմ շարունակել «ինքնին ոչ մի բան» այս բանավէճը. արդեօք Քըլըչի անցագրի վրայ դրուած կնիքը Արարատի նկարո՞վ էր թէ ոչ… եւ նման անհեթեթ մանրամասնութիւններ:

Մինչ այդ, Արարատի որպէս հայկականութեան խորհրդանիշ բազմաթիւ յիշեցումներու կարգին կ’արժէ մտաբերել նաեւ Հանրի Վերնէյ/Աշոտ Մալաքեան ֆրանսահայ բեմադրիչին Le Serpent ֆիլմին անկիւնադարձային տեսարանը, երբ ԱՄՆ-ի, Միացեալ Թագաւորութեան եւ Ֆրանսայի լրտեսական գործակալութիւններու բարձրագոյն մակարդակի պատասխանատուներու յանձնախումբ մը կը փորձէ յայտնաբերել Խորհրդային Միութեան լրտեսական գործակալութենէն որպէս թէ փախուստ տուած կրկնակի լրտես մը – Վլասսով (Եուլ Պրայնըր): Լուսանկարի մը վրայ կ’երեւի լրտեսը, ենթախորքին՝ Արարատն է: Լրտեսը կ’ըսէ թէ Թուրքիոյ մէջ նկարուած է: Ամերիկեան լրտեսական գործակալութեան մէջ աշխատող լուսանկարներու մասնագէտը, սակայն, կը բացայայտէ ռուս գործակալին սուտը:

Մասնագէտին (Լարրի Տոլկին) մականունը Ադամեան է, եւ երբ յանձնախումբի նիստին կը հրաւիրուի իր տեսակէտը փոխանցելու կ’ըսէ, թէ լուսանկարի վրայ լեռը «անմիջապէս ճանչցայ: Արարատն է, հայերու համար կոթողային լեռ մը: Մանկութեանս ծնողներս զիս հոն կը տանէին։ Անկարելի է, որ լեռը նկարուած ըլլայ Թուրքիայէն, այլապէս գագաթներու արեւելումը այդպէս չէր ըլլար: Գագաթները այս ձեւով կ’երեւին միայն եթէ լուսանկարը առնուած է Խորհրդային կողմէն»:

– Վստա՞հ ես:

– Հարիւր տոկոս: Աշխարհագրութիւնը, լոյսը, նոյնիսկ լերան շուքը…»

Մինչեւ իր ինքնակենսագրական Mayrig-ը (1991), Վերնէյ իր գրեթէ բոլոր ֆիլմերուն մէջ հայութեան մասին յիշատակում մը կը կատարէ: Երբեմն կերպարներէն մէկուն միջոցաւ (Ժան Փօլ Պելմոնտօ Le Casse (1971) ժապաւէնին մէջ կ’ըսէ, թէ կը կոչուի Ազատ, « Ça veut dire libre dans une certaine langue.»), կամ ալ ցեղասպանութեան մասին ակնարկով մը (I Commo Icare (1979): « Dans le cas d’un génocide, par exemple… Quand un tyran décide de tuer froidement cinq, six millions d’hommes, de femmes, d’enfants, il lui faut au moins un million de complices, de tueurs, d’exécuteurs. Comment arrive-t-il à se faire obéir ? — En morcelant les responsabilités.»):

Այս յուշումը առնչութիւն չունի այսօրուան հայաստանեան «իրական»ութեան հետ: Սփիւռքահայու մը յանձնառութեան մէկ օրինակն է՝ պահպանելու եւ քաղաքականացնելու հաւաքական ինքնութիւնը, որ հաւանաբար Ռուբինեաններու նմաններու մտքին մէջ «ինքնին ոչինչ է», բայց Սփիւռքահայ ըլլալու համար՝ շատ բան, թերեւս ամէն ինչ, այսինքն՝ կենդանի յիշողութիւն:

Ի դէպ, Վերնէյի Le Serpent-ը ցուցադրուեցաւ, եւ միջազգային գնահատանքի արժանացաւ, 1973-ին: Այն տարին, երբ Արարատը Խորհրդային Միութեան ախոյեանութիւնը շահեցաւ: Բայց այդ մէկը վստահ զուգադիպութիւն է միայն:

https://horizonweekly.ca

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2025
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ