Անկախացումէ ետք Հայաստանի մէջ նոր թափ ստացած է եկեղեցաշինութիւնը։ Այս ծիրէն ներս մեծագոյն տաճարը կը հանդիսանայ Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։ Արշաւը կը ներառէ Նորաստեղծ եկեղեցիներու կողքին պատմական նշանակութիւն ունեցող տաճարներու ալ վերանորոգումը։ Ծանօթ իրողութիւն է, որ Խորհրդային տարիներուն պետական գաղափարախօսութեան հետեւանքով անտեսուած էին եկեղեցիները, եւ նոյնիսկ ոմանք անհետացած։

Այս անգամ մենք ականատես կ՚ըլլանք ծագումով սասունցի պոլսահայ բարերարի մը Էֆրիմ Պաղի իր համաերկրացիներուն բնակած Թալինի մէջ եկեղեցի մը ի հիմանէ վերակերտելու կամքին։
Այդ կամքը թելադրած էր, որ Էֆրիմ Պաղ շինարարութեան ամէն հանգրուանին անձամբ հսկէ կատարուած աշխատութիւնը՝ մինչեւ որ հասնի նորակերտ եկեղեցւոյ օծման եւ պաշտամունքի բացման պահը։
14 Սեպտեմբեր կիրակի օր Թալինի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ օծումը կատարեցին Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռէն Արամ Արք. Աթէշեան եւ Արագածոտնի մարզի հոգեւոր առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեան։
Այդ օր արտակարգ ուրախութիւն էր, քանի որ Թալինի սասունցիները արդար հպարտութեամբ կը դիտէին իրենց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին երախտապարտութիւն յայտնելով բարերար Էֆրիմ Պաղի։
Այդ ուրախութիւնը իր արտացոլումը կ՚ունենար դհոլ զուռնայի ընկերակցութեամբ կազմուած շուրջպարով։
https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/35791/efrim-baghi-urakh-ori
Leave a Reply