ՆԱԹՕի Խորհրդարանական վեհաժողովի 108րդ երկօրեայ «Ռոզ-Ռաթ» սեմինարին, որ տեղի կ՛ունենայ Երեւանի մէջ, կը մասնակցին նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները։
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Հայաստան–ՆԱԹՕ յարաբերութիւնները սկիզբ առած են առաւել քան 30 տարիներ առաջ, եւ Հայաստան մնայուն կերպով կարեւոր կը նկատէ դաշինքին հետ գործընկերութիւնը` մասնակցելով խաղաղապահ առաքելութիւններուն եւ աջակցելով ժողովրդավարական կառոյցներու ամրապնդման: Ան հաստատեց, որ Երեւան պատրաստ է շարունակելու զայն` տարածաշրջանային եւ համաշխարհային ապահովութեան ամրապնդման համար:
Ռուբինեան ներկայացուց նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ վերջին զարգացումները՝ ըսելով. «Հայաստան-Ադրբեջան յարաբերութիւններ. 2024 թ․ Օգոստոսի 30ին ստորագրուել է սահմանազատման յանձնաժողովների համատեղ գործունէութեան կանոնակարգը, սահմանազատուել է պետական սահմանի առաջին 12 կիլոմետրանոց հատուածը: Վաշինգտոնում, ԱՄՆ նախագահի մասնակցութեամբ, ստորագրուել է խաղաղութեան մասին համատեղ հռչակագիր, իսկ երկու երկրների արտգործնախարարները նախաստորագրել են միջպետական յարաբերութիւնների հաստատման համաձայնագիր»:
Ռուբինեան կարեւոր համարեց «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը, որ կը նախատեսէ Հայաստանի տարածքով բեռնափոխադրութիւններու, կազատարներու եւ ելեկտրական ու համացանցային կապերու ընդլայնումը:
Ըստ Ռուբինեանի` Հարաւային Կովկասը կրնայ դառնալ Արեւելք-արեւմուտք եւ Հիւսիս-հարաւ երթեւեկի հանգոյցը։
Ան աւելցուց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը մնայ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւն մը: «Մենք պատրաստ ենք դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատմանն ու սահմանների բացմանը հէնց այսօր», ըսաւ Ռուբինեան` յայտնելով, թէ ինք յոյս ունի, որ Անգարան պիտի արձագանգէ Երեւանի պատրաստակամութեան:
Անդրադառնալով արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր ուղղութիւններուն` Ռուբինեան նշեց, որ Հայաստանի ապահովական ռազմավարութիւնը երկար տարիներ կախեալ եղած է միայն մէկ բեւեռէ, ինչ որ լուրջ հարցեր յառաջացուցած է Հայաստանի համար, եւ այժմ ի գործ կը դրուի քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական յարաբերութիւններու բազմազանութիւն, որուն մէջ՝ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան խորացում:
Ռուբինեան եզրափակեց՝ ըսելով, որ Հայաստան վճռական է կառուցելու խաղաղ եւ բարի դրացիական ապագայ մը` օգտագործելով բացուած պատմական կարելիութիւնը:
Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆաթմա Աքսալ Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր էջ մը կը բացուի: «Մենք կը քաջալերենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի գործընթացի մեկնարկը: Բոլորս ալ օգուտ կը քաղենք խաղաղութենէն, որովհետեւ անիկա կարեւոր է ոչ միայն մեր երկիրներուն, այլ նաեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի համար: Եթէ խաղաղութիւն հաստատուի այս տարածաշրջանին մէջ, անիկա դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ նաեւ աշխարհի այլ հատուածներուն մէջ», յայտնեց Աքսալ:
Պատասխանելով հարցումին, թէ Թուրքիա սահմանները բանալու համար պէ՞տք է սպասէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան՝ Ասքալ ըսաւ, որ սահմաններու բացման որեւէ պայման չկայ՝ կարեւոր նկատելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ «խաղաղութեան հաստատումը եւ բարի դրացիական յարաբերութիւնները»։
«Հայաստան կարելիութիւն ունի խաղաղութիւն հաստատելու այդ երկիրներուն միջեւ, բայց մենք չենք դրած որեւէ պայման, որուն պարագային պիտի բացուի սահմանը: Այս պահուն գործընթացը կը շարունակուի երկխօսութեան ձեւաչափով, եւ յոյս ունինք, որ ամէն ինչ կ՛ընթանայ դրական», ըսաւ Աքսալ, որ նաեւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ շուտով պիտի բացուին սահմանները եւ պիտի աւելնան ուղիղ թռիչքները: «Սահմաններուն վերաբերեալ յոյս ունինք, որ բացումը տեղի պիտի ունենայ կարելի եղածին չափ շուտ: Այս պահուն արդէն կան ուղիղ թռիչքներ, եւ մենք կ՛աշխատինք զանոնք աւելցնելու ուղղութեամբ», ըսաւ Աքսալ։
Leave a Reply