Ռաքէլ Տինքի ողջոյնի խօսքը

Սիրե­լի բա­րեկամ­ներ, մե­ծապա­տիւ հիւ­րեր, կ՚ող­ջունեմ բո­լորդ։ Այ­սօր իմ Ջու­թա­կիս 71-րդ ծննդեան օրն է։ Անոր կեան­քը, պայ­քա­րը եւ նման պայ­քարնե­րը տօ­նելու հա­մար, անոր անու­նով կազ­մա­կեր­պո­ւած Մի­ջազ­գա­յին Հրանդ Տինք Մրցա­նակի Արա­րողու­թեան բո­լորդ բա­րի եկած էք։

Պա­տուա­ւոր բա­րեկամ­ներ, այս տա­րի եւս մեր աշ­խարհը շա­րու­նա­կեց պտը­տիլ պա­տերազմնե­րու, երե­խանե­րու եւ կի­ներու սպա­նու­թիւննե­րու հո­լովոյ­թով։ Պա­տերազմնե­րը վերջ չտո­ւին: Չա­րիքն ու մա­հը ամ­բողջ ու­ժով պա­տած են: Ախր հի­ւան­դութիւ­նէ կամ ծե­րու­թիւնէ չեն մեռ­ներ: Նո­րածին երե­խաներն իսկ փո­ղի հա­մար զոհ կ՚ընեն։ Սպա­նող­նե­րը, թէ՛ պե­տու­թիւն ըլ­լան, թէ՛ մե­ծահա­սակ, թէ՛ երե­խայ, հա­ճոյ­քով կը պատ­մեն իրենց գոր­ծե­րը: Բա­նակա­նու­թիւնը չի կրնար ըն­դունիլ: Ապ­րած ցա­ւին կող­քին եւս ան­պատժե­լիու­թիւնը կ’այ­րէ սիր­տը։ Պար­տա­ւոր ենք այս տա­րի շու­կա­յի մէջ անխղճօ­րէն սպան­նո­ւած Մա­թիա Ահ­մեթ Մին­կուզին սպա­նող երի­տասարդնե­րու մեծ­ցած մի­ջավայ­րը հար­ցա­կանի տակ առ­նե­լու։

Երե­խանե­րը տար­բեր ցա­ւերու կը մատ­նո­ւին. մէկ կող­մէ սպան­նո­ւած երե­խանե­րը, միւս կող­մէ սպա­նող երե­խանե­րը, միւս կող­մէ ար­դա­րու­թեան անի­րաւ կեր­պով մայ­րե­րէն եւ հայ­րե­րէն բաժ­նած երե­խանե­րը: Ան­ցեալ տա­րի այս սրա­հին մէջ, մար­դու իրա­ւունքի պայ­քա­րը ծա­փահա­րող­նե­րու մէջ այս թա­ղամա­սին՝ Շիշ­լիի ընտրո­ւած քա­ղաքա­պետ Ռե­սուլ Էմ­րահ Շա­հանն ալ կար: Այ­սօր բանտն է: 5 տա­րեկան աղ­ջի­կը հօր ճամ­բուն կը սպա­սէ: Տէ­միր­թա­շի աղ­ջիկնե­րը տա­րիներ է իրենց հօր ճամ­բուն կը նայն: Ահա գրե­թէ մե­ծահա­սակ եղան… Փոքր երե­խանե­րու հայ­րա­զուրկ մեծ­նա­լը մեղք չէ՞: Փոք­րիկ սրտե­րուն ցաւ չէ՞: Անխղճու­թիւն չէ՞: Ո՞ր խղճին մէջ տեղ ու­նի: Ինչպի­սի՞ ապա­գայ կը կեր­տենք:

Մէկ կող­մէ ան­պատժե­լիու­թիւն, միւս կող­մէ ան­մե­ղու­թեան կան­խադրու­թեան խախ­տում… Առանց փաս­տի բան­տարկել, ապա­ցոյց ու­նե­նալով ազատ թո­ղուլ: Ոճ­րա­գործնե­րը ազատ թող­նող ար­դա­րու­թեան հա­մակար­գը, մեր Չիղ­տէ­մը, Օս­ման Քա­վալան, ընտրո­ւած քա­ղաքա­պետ­նե­րը բանտ կը նե­տէ: Մարդկա­յին Իրա­ւունքնե­րու Դա­տարա­նի փաստ չկայ ըսե­լը ան­տե­սելով, Օս­ման Քա­վալան պատ­ժել հար­մար կը գտնէ:

Ար­դա­րու­թիւնը բո­լորիս պէտք է

Ոչ ոք, նոյ­նիսկ ընտրեալ­նե­րը, յան­ցանք գոր­ծե­լու ան­ձեռնմխե­լիու­թիւն չու­նի, ու պէտք չէ որ ու­նե­նան։ Բայց այսքան մարդ, լրագ­րող, ու­սա­նող, ընտրո­ւած՝ նախ­քան իրա­ւական գոր­ծընթաց­նե­րէ, բան­տարկո­ւած են։ Պատ­ժի բնոյ­թով այս բան­տարկու­թիւննե­րը կը խախ­տեն ար­դա­րադա­տական հա­մակար­գի հան­դէպ վստա­հու­թիւնը։ Աշ­խարհի մե­ծագոյն քա­ղաք­նե­րէն մէ­կուն ընտրո­ւած քա­ղաքա­պետը առանց հա­մոզիչ պատ­ճա­ռաբա­նու­թեան, նոյ­նիսկ հա­մոզե­լու հոգն ալ չու­նե­նալով բան­տարկե­լը մար­դու իրա­ւունքնե­րու խախ­տում է։

Ար­դա­րու­թիւնը բո­լորիս պէտք է։ Անոր բա­ցակա­յու­թեան կը տի­րէ՝ անվստա­հու­թիւն, խառ­նարկու­թիւն, մտա­հոգու­թիւն, տխրու­թիւն եւ թա­խիծ։ Կ՚աճի: բռնու­թիւնն ու բռնա­պետու­թիւնը, զայ­րոյթը, ատե­լու­թիւնը, ար­հա­մար­հանքը։ Յայտնի չըլ­լար թէ որուն ձեռ­քը որուն գրպանն է։

Բո­լորս կա­րիք ու­նինք՝ ար­դա­րու­թեան եւ ար­դա­րադա­տու­թեան ջու­րի նման օդի նման։ Եթէ հզօ­րը ար­դար չէ, Վա՛յ թոյ­լի, ան­զօ­րի գլխուն։ Աս­տո­ւածա­յին պատ­գամ է. «Բա­րիք ընել սոր­վե­ցէ՛ք, ար­դա­րու­թիւնը հսկե­ցէ՛ք, բռնա­պետը ճա­նապար­հի բե­րէ՛ք, որ­բին իրա­ւունքը տո­ւէ՛ք, այ­րին պաշտպա­նեցէ՛ք»։ Ասոնք իրա­կանաց­նողնե­րը դա­տախազ­ներ, դա­տաւոր­ներ, փաս­տա­բան­ներ, կա­ռավա­րու­թիւն չե՞ն մի­թէ։

Խա­ղաղու­թեան գոր­ծընթաց կ՛ըսեն, անոր ալ հիմ­քը ար­դա­րու­թիւնը չէ՞։ Ու­րեմն ի՞նչ է ար­դա­րու­թիւնը։ Ար­դա­րու­թիւնը ճշմար­տութիւն է։

Եթէ բռնա­պետը պե­տու­թիւնն է, կա­ռավա­րու­թիւնը, ո՞վ ինչպէ՞ս պի­տի ճա­նապար­հի բե­րէ։ Ոչ ոք։ Միայն ինք զղջա­լով իր յան­ցանքը ըն­դունե­լու պա­րագա­յին… Բռնա­պետու­թե­նէն հրա­ժարե­լով պի­տի ամչնայ, ապաշ­խա­րելով ու­րա­նալը խոս­տո­վանու­թեան պի­տի վե­րածո­ւի եւ պի­տի խոս­տա­նան չկրկնել։

Հոս Յի­սու­սի խօս­քը կու գայ մտքիս. «Ես զոհ չեմ ու­զեր, այլ ողոր­մութիւն»։

2013 թո­ւակա­նին Մի­ջազ­գա­յին Հրանդ Տինք Մրցա­նակը ստա­ցած Շա­բաթ­նօ­րեայ Մայ­րե­րու նման… Անոնց կո­րուստնե­րուն ճա­կատա­գիրը, կրած չար­չա­րանքնե­րը եւ ար­գելքնե­րը դեռ խա­ւարի մէջ են։ Էմի­նէ Օճաք մայ­րը դեռ նոր յու­ղարկա­ւորե­ցիք։ Այս բո­լորին պատ­ճառ եղող­նե­րը պէտք է ամչնան։ Ար­դեօք պի­տի ամչնա՞ն, պի­տի դա­տուի՞ն։

Կա­ռավա­րիչ­ներ, նշա­նակո­ւած­ներ՝ ո՞ր ար­դա­րու­թեամբ, ո՞ր գոր­ծընթա­ցով, ո՞ր խնդրին լու­ծում կրնան բե­րել։ Ար­դա­րու­թեան մո­մը բո­լորո­վին հանգչի՞, թէ ար­դա­րու­թեան կրա­կը աւե­լի՛ պայ­ծա­ռանայ եւ ամ­բողջ խա­ւարը ցրո­ւէ։ Մի­ջավայ­րը լու­սա­ւորո­ւի։ Մեր երկրին թար­մութիւն, առող­ջութիւն եւ վստա­հու­թիւն գայ։ Հանգստու­թիւն եւ օրհնու­թիւննե­րով ու­րա­խու­թիւն գայ։ Ճշմար­տութիւն գայ, ազ­նո­ւու­թիւն գայ, սէր եւ նե­րու­մը բազ­մա­նան։

Այս ար­դա­րու­թեան հա­մար մեր կա­րօտը սի­րելի Հրան­դի Թուրքիա-Հա­յաս­տան խա­ղաղու­թեան հա­մար տո­ւած աշ­խա­տան­քին մէջ ալ կը յայտնո­ւէր։ Յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման, սահ­մա­նի բաց­ման հա­մար՝ թէ գրու­թիւննե­րովը, թէ ելոյթնե­րով ճամ­բայ բա­նալ կը ջա­նար։ Մենք ալ Հրանդ Տինք Հիմ­նադրամ ըլ­լա­լով՝ իր­մէ ժա­ռան­գած ժո­ղովուրդնե­րու մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զար­գացման հա­մար մեր ձեռ­քէն եկա­ծը կ՚ընենք։

Հի­մա ԱՄՆ-ի մէջ նա­խաս­տո­րագ­րուած խա­ղաղու­թեան տա­նող գոր­ծընթա­ցի մէջ մեր ցան­կութիւ­նը հե­տեւեալն է. Թուրքիան Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ կա­ռու­ցո­ղական, դրա­կան ոճով մը իր քայ­լե­րը իմաս­տա­ւորէ։ Որով­հե­տեւ ինչպէս Հրանդ կ՚ըսէր. «Նոր բա­ցում մը, նոր ոճ կը պա­հան­ջէ»։ (Ակօս, 15 Յու­լիս 2005):

Այս գի­շեր Երե­ւանէն մեր բա­րեկամ­նե­րը մե­զի հա­սած են երաժշտու­թեան մի­ջոցաւ։ Այս կա­մուրջին աղիւս մը եւս աւել­ցուցած ըլ­լալնուն հա­մար շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնեմ։

Այս գի­շերը եւ յոյ­սը մե­զի հետ բաժ­նած բո­լորին շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնենք։

https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/35788/rakel-dinki-voghchvohni-khoski

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2025
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ