Սիրելի բարեկամներ, մեծապատիւ հիւրեր, կ՚ողջունեմ բոլորդ։ Այսօր իմ Ջութակիս 71-րդ ծննդեան օրն է։ Անոր կեանքը, պայքարը եւ նման պայքարները տօնելու համար, անոր անունով կազմակերպուած Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակի Արարողութեան բոլորդ բարի եկած էք։
Պատուաւոր բարեկամներ, այս տարի եւս մեր աշխարհը շարունակեց պտըտիլ պատերազմներու, երեխաներու եւ կիներու սպանութիւններու հոլովոյթով։ Պատերազմները վերջ չտուին: Չարիքն ու մահը ամբողջ ուժով պատած են: Ախր հիւանդութիւնէ կամ ծերութիւնէ չեն մեռներ: Նորածին երեխաներն իսկ փողի համար զոհ կ՚ընեն։ Սպանողները, թէ՛ պետութիւն ըլլան, թէ՛ մեծահասակ, թէ՛ երեխայ, հաճոյքով կը պատմեն իրենց գործերը: Բանականութիւնը չի կրնար ընդունիլ: Ապրած ցաւին կողքին եւս անպատժելիութիւնը կ’այրէ սիրտը։ Պարտաւոր ենք այս տարի շուկայի մէջ անխղճօրէն սպաննուած Մաթիա Ահմեթ Մինկուզին սպանող երիտասարդներու մեծցած միջավայրը հարցականի տակ առնելու։
Երեխաները տարբեր ցաւերու կը մատնուին. մէկ կողմէ սպաննուած երեխաները, միւս կողմէ սպանող երեխաները, միւս կողմէ արդարութեան անիրաւ կերպով մայրերէն եւ հայրերէն բաժնած երեխաները: Անցեալ տարի այս սրահին մէջ, մարդու իրաւունքի պայքարը ծափահարողներու մէջ այս թաղամասին՝ Շիշլիի ընտրուած քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահանն ալ կար: Այսօր բանտն է: 5 տարեկան աղջիկը հօր ճամբուն կը սպասէ: Տէմիրթաշի աղջիկները տարիներ է իրենց հօր ճամբուն կը նայն: Ահա գրեթէ մեծահասակ եղան… Փոքր երեխաներու հայրազուրկ մեծնալը մեղք չէ՞: Փոքրիկ սրտերուն ցաւ չէ՞: Անխղճութիւն չէ՞: Ո՞ր խղճին մէջ տեղ ունի: Ինչպիսի՞ ապագայ կը կերտենք:
Մէկ կողմէ անպատժելիութիւն, միւս կողմէ անմեղութեան կանխադրութեան խախտում… Առանց փաստի բանտարկել, ապացոյց ունենալով ազատ թողուլ: Ոճրագործները ազատ թողնող արդարութեան համակարգը, մեր Չիղտէմը, Օսման Քավալան, ընտրուած քաղաքապետները բանտ կը նետէ: Մարդկային Իրաւունքներու Դատարանի փաստ չկայ ըսելը անտեսելով, Օսման Քավալան պատժել հարմար կը գտնէ:
Արդարութիւնը բոլորիս պէտք է
Ոչ ոք, նոյնիսկ ընտրեալները, յանցանք գործելու անձեռնմխելիութիւն չունի, ու պէտք չէ որ ունենան։ Բայց այսքան մարդ, լրագրող, ուսանող, ընտրուած՝ նախքան իրաւական գործընթացներէ, բանտարկուած են։ Պատժի բնոյթով այս բանտարկութիւնները կը խախտեն արդարադատական համակարգի հանդէպ վստահութիւնը։ Աշխարհի մեծագոյն քաղաքներէն մէկուն ընտրուած քաղաքապետը առանց համոզիչ պատճառաբանութեան, նոյնիսկ համոզելու հոգն ալ չունենալով բանտարկելը մարդու իրաւունքներու խախտում է։
Արդարութիւնը բոլորիս պէտք է։ Անոր բացակայութեան կը տիրէ՝ անվստահութիւն, խառնարկութիւն, մտահոգութիւն, տխրութիւն եւ թախիծ։ Կ՚աճի: բռնութիւնն ու բռնապետութիւնը, զայրոյթը, ատելութիւնը, արհամարհանքը։ Յայտնի չըլլար թէ որուն ձեռքը որուն գրպանն է։
Բոլորս կարիք ունինք՝ արդարութեան եւ արդարադատութեան ջուրի նման օդի նման։ Եթէ հզօրը արդար չէ, Վա՛յ թոյլի, անզօրի գլխուն։ Աստուածային պատգամ է. «Բարիք ընել սորվեցէ՛ք, արդարութիւնը հսկեցէ՛ք, բռնապետը ճանապարհի բերէ՛ք, որբին իրաւունքը տուէ՛ք, այրին պաշտպանեցէ՛ք»։ Ասոնք իրականացնողները դատախազներ, դատաւորներ, փաստաբաններ, կառավարութիւն չե՞ն միթէ։
Խաղաղութեան գործընթաց կ՛ըսեն, անոր ալ հիմքը արդարութիւնը չէ՞։ Ուրեմն ի՞նչ է արդարութիւնը։ Արդարութիւնը ճշմարտութիւն է։
Եթէ բռնապետը պետութիւնն է, կառավարութիւնը, ո՞վ ինչպէ՞ս պիտի ճանապարհի բերէ։ Ոչ ոք։ Միայն ինք զղջալով իր յանցանքը ընդունելու պարագային… Բռնապետութենէն հրաժարելով պիտի ամչնայ, ապաշխարելով ուրանալը խոստովանութեան պիտի վերածուի եւ պիտի խոստանան չկրկնել։
Հոս Յիսուսի խօսքը կու գայ մտքիս. «Ես զոհ չեմ ուզեր, այլ ողորմութիւն»։
2013 թուականին Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակը ստացած Շաբաթնօրեայ Մայրերու նման… Անոնց կորուստներուն ճակատագիրը, կրած չարչարանքները եւ արգելքները դեռ խաւարի մէջ են։ Էմինէ Օճաք մայրը դեռ նոր յուղարկաւորեցիք։ Այս բոլորին պատճառ եղողները պէտք է ամչնան։ Արդեօք պիտի ամչնա՞ն, պիտի դատուի՞ն։
Կառավարիչներ, նշանակուածներ՝ ո՞ր արդարութեամբ, ո՞ր գործընթացով, ո՞ր խնդրին լուծում կրնան բերել։ Արդարութեան մոմը բոլորովին հանգչի՞, թէ արդարութեան կրակը աւելի՛ պայծառանայ եւ ամբողջ խաւարը ցրուէ։ Միջավայրը լուսաւորուի։ Մեր երկրին թարմութիւն, առողջութիւն եւ վստահութիւն գայ։ Հանգստութիւն եւ օրհնութիւններով ուրախութիւն գայ։ Ճշմարտութիւն գայ, ազնուութիւն գայ, սէր եւ ներումը բազմանան։
Այս արդարութեան համար մեր կարօտը սիրելի Հրանդի Թուրքիա-Հայաստան խաղաղութեան համար տուած աշխատանքին մէջ ալ կը յայտնուէր։ Յարաբերութիւններու զարգացման, սահմանի բացման համար՝ թէ գրութիւններովը, թէ ելոյթներով ճամբայ բանալ կը ջանար։ Մենք ալ Հրանդ Տինք Հիմնադրամ ըլլալով՝ իրմէ ժառանգած ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման համար մեր ձեռքէն եկածը կ՚ընենք։
Հիմա ԱՄՆ-ի մէջ նախաստորագրուած խաղաղութեան տանող գործընթացի մէջ մեր ցանկութիւնը հետեւեալն է. Թուրքիան Հայաստանի հանդէպ կառուցողական, դրական ոճով մը իր քայլերը իմաստաւորէ։ Որովհետեւ ինչպէս Հրանդ կ՚ըսէր. «Նոր բացում մը, նոր ոճ կը պահանջէ»։ (Ակօս, 15 Յուլիս 2005):
Այս գիշեր Երեւանէն մեր բարեկամները մեզի հասած են երաժշտութեան միջոցաւ։ Այս կամուրջին աղիւս մը եւս աւելցուցած ըլլալնուն համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ։
Այս գիշերը եւ յոյսը մեզի հետ բաժնած բոլորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք։
https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/35788/rakel-dinki-voghchvohni-khoski
Leave a Reply