Ս. ԶԷՅԹԼԵԱՆ
Ովկիանոսի էութիւնը ըմբռնելու համար պարունակած բոլոր ջուրերը տարբաղադրելու պէտք չկայ: Այդ գործին համար կաթիլն ալ կը բաւէ:
Մուսա Լեռը հայութեան ոգեկան «ովկիանոսին» այդ «կաթիլն» է ահա:
Եթէ պահ մը ենթադրենք, վրայ տուած ըլլայինք ամբողջ «ովկիանոս»-ը, եթէ բարբարոսը մեր հայրերու աճիւններուն հետ մոխիրի վերածած եւ չորս հովերուն տուած ըլլար Հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի վսեմական Մատեանը, Մուսա Լեռը պիտի բաւէր, որպէսզի հայութեան ոգեկան «ովկիանոս»-ը կարելի ըլլար վերականգնել` իր բովանդակ շքեղանքով, իր բազմախորհուրդ իսկութեամբ եւ իր հոյատեսիլ խրոխտանքով ու փառքով:
Եւ ո՞վ կրնայ պնդել, թէ Մուսա Լերան բարձունքներուն վրայ, ափ մը մոռցուած, այլ արի հայորդիներու սրտին մէջ, հաստաբազուկ ու գանգրահեր Հայկը չէր, որ կը լարէր իր անբեկանելի աղեղը մեր օրերու գոռոզ ու արիւնարբու նոր Բէլին դէմ:
Հայկազեանց այդ անմեռ ոգին է ահա, որ կենսաւորած է հայ կեանքի եւ Հայոց պատմութեան բոլոր քառուղիները, լուսաւորած է հայութեան բոլոր հորիզոնները բոլոր դարերուն, ներքին թէ արտաքին աշխարհի մէջ:
Հեքիաթի «անմահական ջուր»-ը, անպարտելի այդ ոգիին եւ հայ հոգիի բոլոր բարձունքներուն վրայ անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր եւ հայկեան նետին հետ կ՛երթայ միշտ առաջ` ժամանակի եւ տարածութեան բոլոր բաւիղներուն ընդմէջէն:
Նոյն այդ ոգին, ոգեկան անխորտակելի այդ միութիւնն է միշտ, որ կարմիր թելի պէս կ՛անցնի Հայոց պատմութեան բոլոր փուլերէն, բոլոր հանգրուաններէն եւ ծիածանի պէս կամար կը կապէ հայ ստեղծագործ հանճարի ու հայ մարտական ուժի բոլոր սխրագործութեանց վրայ:
Եւ թէեւ երեւութապէս յաճախ «կաթիլ» մըն է միայն, սակայն «ովկիանոս»-ի մը անդիմադրելի ուժականութեամբ կը վարարէ հայ հոգիները, կը ջրդեղէ մեր կամքը եւ դէպի յաւերժութիւն կ՛առաջնորդէ մեր քայլերը` «փոքրիկ քարվան»-ի մը պատկերով:
Եթէ չըլլար ոգեկան այդ ուժականութիւնը, կարելի՞ էր երեւակայել հայ ֆետային, կարելի՞ էր Սասուն, Վասպուրական, Զէյթուն, Շապին Գարահիսար, Ուրֆա, Մուսա Լեռ եւ… Սարդարապատ ունենալ Հայոց պատմութեան ամէնէն արիւնոտ, ամէնէն մռայլ եւ ամէնէն ճակատագրական շրջանին:
էականը ոգին է, անշուշտ, որ մի է եւ անբաժանելի Հայոց պատմութեան արշալոյսէն սկսեալ մինչեւ այսօր, մինչեւ վաղը եւ մինչեւ յաւերժութիւն:
Ահա թէ ինչո՛ւ մի եւ անբաժանելի են նաեւ` Սասունը, Վասպուրականը, Ուրֆան, Մուսա Լեռը եւ մնացեալները, Հայոց աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը:
Ահա թէ ինչո՛ւ, միաժամանակ, պատմել մէկը` կը նշանակէ ներկայացնել միւսը, խօսիլ մէկուն մասին` կը նշանակէ ապրիլ երրորդը եւ այսպէս շարունակաբար:
Հայ ոգիին, հայ մարտունակ ոգիին ամէնէն վսեմ, անըմբռնելի, այլ քաղցրօրէն իրաւ մէկ սխրանքն է Մուսա Լեռը` միւսներուն հետ եւ միւսներուն քովն ի վեր:
https://horizonweekly.ca/en/%d5%a1%d5%b6%d5%ba%d5%a1%d6%80%d5%bf%d5%a5%d5%ac%d5%ab%d5%b6
Leave a Reply