Պոլսահայ մամուլի ու մայրենի լեզուի անսակարկ սպասաւորի ճամբորդութիւնը դէպի յաւիտենութիւն

ՄԱՐՄԱՐԱ-Ի ԵՐԿԱՐԱՄԵԱՅ ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏԻ ՄԱՐՄԻՆԸ ՀՈՂԻՆ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայր. «Հարիւր տարուայ կաղնիի մը նման երկար իր կեանքը կարելի է ամփոփել մէկ իսկ բառով. «Հոյակա՜պ»։ Ամէն ինչ միացուլուած է այդ կեանքին մէջ՝ մարդ արարածին հետ առնչուած»:

Երէկ 10 Սեպտեմբերին սեւազգեստ էր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին։ Վիշտը ծանրածանր վարագոյր կապած էր տխուր հրաժեշտի մը համար։ Տխրութեան շունչը կը թեւածէր, վերջին ժամերուն եւ վայրկեաններուն իր հարազատ բոյնի մէջ պահելու համար մեր խմբագրապետի՝ Ռոպէր Հատտէճեանի անշունչ մարմինը։

Եկեղեցին ու շրջափակը, Մարմարա-ի խմբագրատունը, որոնք երկրորդ տուն մը եղած էին Ռ. Հատտէճեանի համար, վերջին անգամ է որ «կը գրկէին» զինքը, դէպի յաւիտենականութիւն ճամբելէ առաջ։ Մեծադիր դիմանկարները «կ’ողջունէին» սգաւորները, որոնք յուղարկաւորութենէն ժամեր առաջ արդէն իսկ հոն էին։

Հատտէճեան ընտանիքի զոյգ որդիներն ու մերձաւորները, Մարմարա-ի ընտանիքը իր նախկին ու այժմու աշխատակիցներով, հոգեկան մեծ սփոփանքով շրջապատուած էին Պէյօղլուի եկեղեցեաց քարոզիչ Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ու Ատենապետ Աքսէլ Թօփալեանի գլխաւորած Թաղային Խորհուրդի բոլոր անդամներուն կողմէ։ «Լոյս մետիա»ի եւ Պատրիարքարանի «Լրաբեր» կայքէջի պատասխանատուները եւս հո՛ն էին արարողութիւնը սփռելու եւ պատմութեան փոխանցելու համար։

Համայնքային հաստատութիւններու, բարերարներու, բարեկամներու անունով ղրկուած ծաղկեպսակները յարգանքի տուրք էին հանդէպ մեծանուն Խմբագրապետին։ Արժանի՛ էր յարգանքի վերջին տուրքի, որովհետեւ իր համակ կեանքը նուիրած էր տիպ ու տառին, իր ապրած ամէն մէկ տարին լուսաւոր կէտ մը եղած էր պոլսահայութեան ու ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ՝ լի խորութեամբ ու իմաստութեամբ։

Միայն հրաժեշտի ու յուղարկաւորութեան արարողութիւն մը չէր երէկուանը, այլ երախտագիտութիւն հանդէպ անձի մը, որ իր ստեղծագործական երկարակեցութեամբ լաւատեսութեան ուղենիշ եղած էր բազմահարիւր ընթերցողներու համար։

Եկած էին անոնք, որոնց համար սուրբ մասունք է մայրենին եւ յարգարժան են մայրենիին ծառայողները։ Յուզիչ էր յատկապէս ներկայութիւնը համայնքիս երէց սերունդի ներկայացուցիչներուն, որոնք հանգուցեալին հետ մտերմութեամբ եւ բարեկամութեամբ, իրենց գործով ու ծառայութեամբ, անթիւ-անհամար բարերարութիւններով կերտած էին Պոլսահայութեան վերջին յիսնամեակի տարեգրութիւնը։ Մինչ ժողովուրդը խումբ առ խումբ կը մտնէր եկեղեցի, անդին մատրան առջեւ «սգոյ տոմար» մը բացուած էր եւ զանազաններ իրենց սրտի խօսքը թուղթին կը յանձնէին կամ կը խօսէին «Լոյս մետիա»ի թղթակիցներուն։

Նկատի առնելով հանգուցեալին վաստակը, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ որոշուած էր կազմակերպել «ազգային յուղարկաւորութիւն»։ Արարողութեան նախագահեց Նորին Ամենապատուութիւնը։ Հոգեւորական ամբողջ դասը, որոնց միջեւ կային նաեւ թերթիս աշխատակիցներ, որպէս սգակիր կամ յուղարկաւոր կանգնած էին դասուն մէջ եւ դագաղին շուրջ։ Կերոնակիրներ էին ՄԱՐՄԱՐԱ-ի խմբագրակազմի համար սիրուած դէմքեր՝ Փրօֆ. Տօքթ. Թորոս Ալճան, «Լոյս մետիա»ի սեփականատէր Արամ Գուրան, համայնքային գործիչներ Արմէն Սարուխանեան, Նուրհան Սուճեան, տիրացու, թերթիս պատուակալ աշխատակից Սեւան Տէյիրմէնճեան, Արսէն Գովան ու իր երկու որդիները, Մխիթարեան վարժարանի նորահաս սերունդէն՝ Ալեքս եւ Արսէն Գովան։

Մխիթարութիւն էր տեսնել որ Մխիթարեան, Էսաեան, Տատեան, հայաստանեան «Հրանդ Տինք» վարժարաններէն խումբ մը աշակերտներ՝ իրենց տնօրէնուհիներու եւ ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ եկած էին ի նշան յարգանքի։ Դասուն մէջ սգակիր էին ազգային բարերարներ Հայկ Ասլանեան, Արէտ եւ Մօնիք Երկանեանները։

Յուղարկաւորութեան կարգին հանդիսապետեց Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, իր շուրջ ունենալով Հոգշ. Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեանն ու Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանը եւ քահանայ հայրեր։ Դասուն մէջ ներկայ էին նաեւ յանուն Հայ Կաթողիկէ համայնքի՝ Գերյ. Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրաթեան, Մխիթարեան Միաբանութեան հայրեր՝ Գերյ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Գերյ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, ինչպէս նաեւ Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան, Իսթանպուլի երեսփոխան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, համայնքային հաստատութեանց ներկայացուցիչներ, Պէյօղլուի ամբողջ ընտանիքը եւս տեղ գրաւած էր սգակիրի հանգամանքով։

Զանազան երգչախումբերու վարիչներ եւ մենակատար-մենակատարուհիներ, անձեր, որոնց մասին այնքա՜ն շատ գրած էր մեր Խմբագրապետը, Լուսաւորիչ երգչախումբի վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին տակ կ’երգէին յուղարկաւորութեան տխուր շարականները, արցունք հոսեցնելով շատերու աչքերէն։

Վստահաբար բոլոր ներկաներն ալ անմոռանալի յիշատակներ ունէին Ռ. Հատտէճեանէն ու մինչ արարողութիւնը կը շարունակուէր, այդ յուշերը անտեսանելի կամար կապած էին եկեղեցիէն ներս, աչքերու առջեւ կը պատկերանային ու կը տողանցէին կարօտալի դրուագներով։

Արարողութեան աւարտին Գերյ. Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրաթեան կարդաց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական կառավարիչ Գերյ. Հ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանի ցաւակցական գրութիւնը։

Ապա դամբանախօսեց Նորին Ամենապատուութիւնը «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» (Առակաց Ա.2) բնաբանով։ Անվարան կրնանք հաստատել որ Պատրիարք Հօր վերջին տարիներու լաւագոյն դամբանախօսութիւններէն մին էր այս պատգամը, որով մեր հոգեւոր պետը պանծացուց Ռ. Հատտէճեանի կերպարը որպէս խմբագիր եւ գրող, որպէս ժամանակակից հայ մտաւորականի կենսատու օրինակ։ Այս ճառը դարձաւ աւելին քան ուղերձ մը։ Վերածուեցաւ կենդանի խնկարկումի, նուիրուած իմաստուն մշակի մը, որ իր ամբողջ էութեամբ ծառայեց հայերէնին, մայրենի լեզուին ու գրականութեան։

Դամբանականի ամէն մէկ տողը կը նկարագրէր Հատտէճեան մարդը որպէս ուսուցիչ, որպէս ծառայասիրութեամբ տոգորուն վաստակաշատ անձ մը։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին, Մեսրոպ Մաշտոցին ու Թարգմանչաց սերունդներուն շունչը զգալի էր Պատրիարք Հօր խօսքին մէջ, ուր հանգուցեալը ներկայացուեցաւ որպէս անցեալն ու ներկան կամրջող օղակ՝ համադրելով մարդկայինն ու արժէքը։ Այս դամբանախօսութիւնը իրաւամբ դարձաւ հայ մտաւորականի, գրչի մարդու ու մայրենիի լեզուապաշտ մշակի մը «սրբապատկեր»ը (Դամբանականի ամբողջական պատճէնը կարդալ մեր միւս սիւնակներուն մէջ)։

Յաջորդեց Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ կարդաց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ցաւակցական գրութիւնը (Ամբողջական պատճէնը կարդալ միւս սիւնակներուն մէջ)։

Յաւարտ եկեղեցական կարգի, հանգուցեալ Ռոպէր Հատտէճեանի դագաղը տեղադրուեցաւ եկեղեցւոյ բակը, ուր եւս դամբանախօսութիւններ կատարուեցան։ Էսաեան Սանուց Միութեան վարչութեան ատենապետուհի Տիկին Մարիամ Տրամէրեան կարդաց Ռ. Հատտէճեանի գրչեղբայր Տօքթ. Իգնա Սարըասլանի հրաժեշտի խօսքը, յանուն Մխիթարեան ընտանիքի դամբանական մը խօսեցաւ 200ամեակի կարգադիր յանձնախումբի Ատենապետ, Արսէն Գովան, ՄԱՐՄԱՐԱ օրաթերթի նախկին ու ներկայ բոլոր աշխատակիցներու անունով սրտի խօսք արտասանեց Նաիրա Սիւզմէ (այս ուղերձները նոյնպէս կարդալ միւս սիւնակներուն մէջ)։

Ամբողջ արարողութիւնը սփռուեցաւ համացանցի վրայ, առիթ ստեղծելով որ աշխարհի չորս անկիւններէն նախկին պոլսահայեր, ՄԱՐՄԱՐԱ-ի համակիրներ, Հատտէճեան ընտանիքի բարեկամներ գոնէ հեռուէն «բարոյական ներկայութեամբ» մասնակից ըլլան յուղարկաւորութեան։ Ապա, յուղարկաւորներու մեծ մասը ճամբայ ելաւ դէպի Շիշլիի գերեզմանատուն, իսկ միւսները բարձրացան «Նարեկեան» սրահ։

Գերեզմանատան մէջ եւս յուզիչ պահեր ապրուեցան։ Թաղման կարգին հանդիսապետեց Յարութիւն Հայր Սուրբը, Գրիգոր եւ Կորիւն Աւագ Քահանաները, Տաներէց՝ Սարգիս Աւ. Քահանան, Սեւան Կիսասարկաւագը հոն էին Հատտէճեան ընտանիքի կողքին։ Գերեզմանը կնքուեցաւ, վերջին աղօթքէն առաջ երգուեցաւ Թարգմանչաց վարդապետաց «Որք զարդարեցին» շարականը։ Ընտանեկան դամբարանի հողը իր ապահով գրկի մէջ առած Պր. Ռոպէրի մարմինը, շուրջ ինը ամիս յետոյ միացնելով ամուսիններու հոգին։

«Նարեկեան» սրահին մէջ տան կարգի պաշտօնը միասնաբար կատարեցին Յարութիւն Վարդապետը, տաներէց Սարգիս Աւ. Քահանան ու Գրիգոր եւ Կորիւն Աւ. Քահանաները։

Քանի մը ժամ առաջուայ իրականութիւնները արդէն անցեալ էին. հարուստ եւ անբասիր կենսագրութեամբ էջ մը փակուած էր, դառնալով պատմութիւն, դառնալով յիշատակ։

Լոյս իջնէ ձեր գերեզմանին սիրելի ՎԱՐՊԵՏ։

ՄԱՐՄԱՐԱ

https://www.normarmara.com/110925lu.html

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2025
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ