Թուրքիոյ մեծագոյն պատկերասփիւռի կայաններէն մէկը՝ Haberturk-ը բռնագրաւուեցաւ հինգշաբթի օր, «խարդախութեան, հարկերէ խուսափելու եւ դրամ լուալու» ամբաստանութիւններով, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:
Պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը եւ այլ աղբիւրներ կը գրեն, որ Haberturk-ը մէկն է Can Holding-ին պատկանող 121 ընկերութիւններէն, որ բռնագրաւուած եւ պետութեան փոխանցուած է: Նաեւ, 10 անձերու, ներառեալ՝ Can Holding-ի ղեկավարներու դէմ ձերբակալութեան հրահանգեր արձակուած են:
Վերոնշեալ ընկերութիւնները կը ներկայացնեն զանգուածային լրատուամիջոցներու, կրթութեան, ուժանիւթի, պանդոկներու, առողջապահութեան, շինարարութեան եւ փոխադրական ոլորտները:
Ըստ «Լրագրողներ առանց սահմաններ»ու կազմակերպութեան 2024ի զեկոյցին՝ Թուրքիա մամուլի ազատութեան ցանկին վրայ 158 դիրքը կը գրաւէ՝ 180 երկրներու մէջ։ Երկրին լրատուամիջոցներուն մօտաւորապէս 90 տոկոսը կը գտնուի Էրտողանի վարչակազմի վերահսկողութեան տակ:
Leave a Reply