Ուխտագնացութիւն դէպի Աղթամար

Քանի մը տարիներէ ի վեր աւանդական դարձած Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ուխտագնացութիւնը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ, իր տեսակին մէջ 13րդը ըլլալով։ Ս. պատարագը մատուցուեցաւ կիրակի, 7 սեպտեմբերին, նախագահութեամբ Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. արք. Մաշալեան պատրիարքին։

Պատարագին ներկայ էին Պոլիսէն եւ արտասահմանէն ուխտաւորներ: Ուխտագնացութեան մասնակցեցաւ եւ պատարագեց Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան։

Թափօրը տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ տաճարը առաջնորդեց Յովակիմ եպս. Մանուկեան։

Նախքան տէրունական աղօթքը, պատրիարքը քարոզեց՝ իբրեւ բնաբան ունենալով Քրիստոսի խաչափայտը եւ Աղթամարի Ս. Խաչ տաճարի շինութիւնը:

Յաւարտ պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգիստ Հայ եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար Աղթամարի երբեմնի կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներու հոգիներուն համար։

Ապա, պատրիարքին գլխաւորութեամբ՝ հոգեւորականներու թափօրը առաջնորդուեցաւ բակը, ուր կատարուեցաւ հանդիսաւոր Անդաստանը։

https://asbarez.am/archives/489326

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2025
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ