ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, առցանց վերահրատարակուեցաւ «Յուշատետր Հայոց պատմութեան» գիրքը:
Այս ամփոփ հատորը հանրագիտական-ցուցակագրական բնոյթի հրատարակութիւն մըն է, ուր կարելի է դիւրութեամբ գտնել մեր պատմութեան գլխաւոր փուլերուն դերակատար հանդիսացած դէմքերու անունները եւ անոնց գործունէութեան երեսները` վայրերու եւ թուականներու նշումով, ինչպէս նաեւ` զինուորական, տնտեսական, ընկերային ու մշակութային որոշ երեւոյթներու տեղեկագրութեամբ:
Այդ բոլորին լաւապէս ծանօթանալու համար հարկ է վերադառնալ բուն հատորին` Histoire de l’Arménie par Hrant Pasdermadjian, որ ֆրանսերէն լոյս տեսած է 1949-ին, կամ անոր հայերէն թարգմանութեան, կամ որոնել այլ աղբիւրներ, որոնցմէ ոմանք ցուցակագրուած են այս գիրքի վերջաւորութեան: Անկասկած այսօր կան մեր պատմութեան վերաբերեալ նոր տուեալներ, որոնք աւելցուած են նոթերու ձեւով կամ նշուած են վերջաւորութեան` ընդհանրապէս քաղուած «Հայոց պատմութիւն – 12» հայրենի դասագիրքի ցուցակէն: Որոշ թուականներ կրնան քիչ մը տարբերիլ մէկ պատմաբանէն միւսը, սակայն այս ամփոփումին մէջ պահուած են առաւելաբար Փաստրմաճեանի նշած թուականները:
Հրանդ Փաստրմաճեան` զաւակը Արմէն Գարոյի, ծնած է 1904-ին` Թիֆլիս, նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Ժընեւ, քաղաքային ճարտարագէտի վկայականը ստացած է Ցիւրիխի բազմարուեստից վարժարանէն, առեւտրական տնտեսութեան հետեւած է Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանը, ապա Կրընոպլի համալսարանէն ստացած է իրաւագիտութեան վարդապետի աստիճանը: Պատասխանատու պաշտօններ վարած է տնտեսական մեծ ընկերութիւններու մէջ, տնտեսական եւ ընկերային գիտութեանց դասախօս է եղած Ժընեւի համալսարանը: Վաղաժամ մահացած է 1954-ին: Հայոց պատմութեան, մշակոյթին ու Հայ դատի նկատմամբ մեծ եղած է իր սէրն ու ներդրումը:
Վ-Ա.Ա.
Այս հրատարակութեան աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին գլխաւորաբար`
- Յասմիկ Տէր Պետրոսեան (առաջին հրատարակութիւնը մեքենագրելով),
- Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեան (ներկայ հատորը շարագրելով),
- Ռազմիկ Պերթիզեան (իր գեղանկարները տրամադրելով),
- Անուշաւան արք. Դանիէլեան (քարտէսներու օգտագործման արտօնութիւնը տալով),
- Խաչատուր Ստեփանեան (Հայոց պատմութեան դասագրքի թուայնացած օրինակը տրամադրելով),
- Անուշ Ակներեան (գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարելով),
- Վրէժ-Արմէն Արթինեան (խմբագրելով ներկայ հատորը):
Բոլորին` մեր շնորհակալութիւնները:
ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի
դաստիարակչական յանձնախումբ
ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ
Գլխաւոր աղբիւրը` Հրանդ Փաստրմաճեանի «Հայոց պատմութիւն»-ը (ֆրանսերէնէ թարգմանութիւնը Մ. Իշխանի)
«Համազգային», Պէյրութ, Ա. հատոր 1954, Բ. հատոր 1958 (Սկիզբէն մինչեւ 1923` Լոզանի դաշնագիրը)
(Գիրքին ամփոփումը կատարած է Վրէժ-Արմէն Արթինեան)
Առաջին հրատարակութիւն` ՀԵԴ «Լեւոն Շանթ» խումբի (Մոնրէալ, 1967):
Վերահրատարակութիւն` ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի
Մոնրէալ
2025
Leave a Reply