ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Ողջոյն յարգելի պաշտօնակիցներ։ Կ՛ուզեմ խօսքերուս սկսիլ այս հանդիպումը իրականացնող Պրազիլի մեր պաշտօնակիցներուն շնորհակալութիւն յայտնելով։ Կը տեսնեմ թէ նման ծրագիրը կեանքի կոչելու ետին ինչպիսի հսկայ աշխատութիւն մը կայ։ Կ՛ողջունեմ իրենց գործը։
Նկատի ունենալով այս տարուայ համար ճշդուած ընդհանուր խորագիրը՝ ես ալ պիտի արտայայտուիմ հայ ժողովուրդի մամլոյ պատմութեան նիւթով։ Ինչպէս որ համաշխարհային գետնի վրայ ժուրնալիզմ կամ ժուրնալիստ բառերը առաջին հերթին ծագած են ժուրնալէն, այսինքն պարբերական լրատպութենէն, հայերէնի մէջ ալ մամուլ բառը նախ եւ առաջ կը յուշէ լրագիրը, այսինքն տպագրութիւնը։
Իմ վաղեմի բարեկամ Զագարիա Միլտանօղլու «Հայ պարբերական հրատարակչութիւն» խորագրեալ ուսումնասիրութեան մէջ կը խօսի որոշ անձերու կամ ընկերութիւններու ղրկուած ձեռագիր նամակներու մասին, որոնք կը ծանօթացնեն իրենց առաքուած երկիրներու մասին առեւտրական գիտելիքներ։
Ապա լրագրութեան պատմութեան առաջին էջը կը բացուի Հնդկաստան, Մատրաս քաղաքի մէջ լոյս տեսած «Ազդարար» թերթի օրինակով։ Ան հիմնուած է 1794-ին Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի կողմէ։
Ինքնաբերաբար բոլորին մտքին կը ծագի -ինչո՞ւ Հնդկաստան- հարցումը։ Շատ պարզ է հարցումի պատասխանը։ Որովհետեւ Հնդկաստան Մետաքսի ճամբուն վրայ հայ վաճառականներու կարեւորագոյն կեդրոնն էր։ Ճանապարհը կ՛երկարէր մինչեւ Սինկափուր, ուր հիմնուած էր հայկական եկեղեցի մըն ալ։ Այսօր իսկ Սինկափուր այցելող զբօսաշրջիկներու քաղաքի շրջագայութեան ծրագրին մէջ կը նշուի սոյն եկեղեցին։ Մանաւանդ Կալկաթայի մէջ գոյացած էր հայկական գաղութ մը, որ խիստ կարիքը կը զգար համաշխարհային, յատկապէս ալ հայրենի երկրի անցուդարձները իմանալու։ Այդ գաղութը թէեւ բաւականին նուազած բնակչութեամբ, իր գոյութիւնը կը պահէ մինչ օրս։
Պարտիմ համառօտ ակնարկ մը բերել պոլսահայ ներկայ լրագրութեան եւ հրատարակչութեան։ Այսօր իր գոյութիւնը կը շարունակէ երկու օրաթերթ՝ «Ժանանակ» եւ «Մարմարա»։ Անոնցմէ առաջինը, 117 տարիներ բոլորած իր պատկառելի անցեալով, նաեւ կը հանդիսանայ Թուրքիոյ հնագոյն օրաթերթը։ Իսկ «Մարմարա» աւելի լայն ժողովրդականութիւն կը վայելէ շնորհիւ իր մատչելի գրական լեզուին եւ դիմագիծին։ Թերթի այդ յատկութիւնը արդարացիօրէն կը վերագրուի անոր բազմամեայ խմբագրապետին՝ Ռոպէր Հատտէճեանին։
Երկու ընտանիքներու սեփականութիւն եղած այս օրաթերթերը զգուշօրէն կը խուսափին քաղաքական յստակ կողմնորոշումէ, բայց ուշադիր ընթերցողը դիւրաւ կը գուշակէ անոնց տողատակի հակումները, որոնք առհասարակ իշխանամէտ են թէ երկրի եւ թէ ներհամայնքային խնդիրներու մերձեցման պահուն։ Նման ռազմավարութիւնով անոնք կը ձերբազատին թէ կառավարութեան հաւանական ճնշումներէ, եւ թէեւ չնչին համեմատութեամբ, կ՚ապահովեն ներգաղութային նիւթական աջակցութիւն։
«Ակօս» շաբաթաթերթը իր հրատարակութեան ուղիով բաւականին տարբեր է աւանդական հայ մամուլէն։ Նախ եւ առաջ երկլեզու է, հայերէն եւ թրքերէն իր էջերով։ Ի սկզբանէ որդեգրած է ձախակողմեան հակումներով, ընդդիմադիր եւ այլախոհ գաղափարախօսութիւն մը, թէ երկրի եւ թէ համայնքային քաղաքականութիւններու դէմ։ Համարձակ կերպով արդարութիւն կը պահանջէ հայոց դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան նիւթով։ Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ բաւականին սուղ կ՚արժէ այդ համարձակութիւնը, որ իր կեանքով հատուցեց թերթի հիմնադիր խմբագիրը՝ Հրանդ Տինք։ «Ակօս» Տինքի մահէն ետք ալ շարունակեց իր առաքելութիւնը, հայ համայնքէ որոշ շրջանակի մը համար դառնալով կարծեցեալ վարդաստանի փուշը։ Սակայն միւս կողմէ արդարացաւ այդ առաքելութիւնը, յատկապէս հայերէն գրաճանաչութիւն չունեցող հայերը եւ նաեւ ոչ հայերը հայկական խնդիրներու, հայաստանեան զարգացումներու մասին իրազեկելով։
Հոգ չէ թէ մեր նիւթը սահմանուած է լրագրութիւնով, յարմար կը նկատեմ անդրադառնալ նաեւ հրատարակչական աշխատանքներուն։ Հանրապետական շրջանի Թուրքիոյ պատմութեան մէջ միշտ ունեցած ենք գիրքերու հրատարակութիւն, բայց մինչեւ 1994 տարեթիւը չենք ունեցած հրատարակչատուն։
Այդ բացը եկաւ լրացնելու «Արաս» հրատարակչատունը։ Ան իր աշխատութիւնը ուղղեց հայերէն հրատարակութիւններու կողքին, եւ անոնցմէ ալ աւելի մեծ թիւով հայ գրողներու գործերը թրքերէնի թարգմանելով։ Այդ հրատարակութիւններու շնորհիւ բաւական լայն զանգուած մը ծանօթացաւ Կոմիտաս Վարդապետ, Յակոբ Պարոնեան, Դանիէլ Վարուժան, Զապէլ Եսայեան կամ Զաւէն Պիպերեան, Միսակ Մանուշեան եւ նման անուններու։
Այսօր Իսթանպուլ այցելող հայ մտաւորականը «Մարմարա» կամ «Ակօս»ի խմբագրատան կողքին անպայման կ՚այցելէ Արաս հրատարակչատունը, որ վառ վկան է ժամանակակից պոլսահայութեան մշակութային կենսունակութեան։
Հայ լրագրութեան ծաղկումը կը զուգադիպի հայ ժողովուրդի մտային, կրթական, գաղափարական եւ քաղաքական աննախադէպ զարգացման շրջանին։
«Ազդարար»ը հրատարակուած էր ֆրանսական մեծ յեղափոխութենէ հազիւ հինգ տարիներ անց՝ 1794-ին։ Յաջորդող տարիներուն մեծ թափ ստացաւ դպրոցաշինութիւնը, հասարակական կազմակերպութիւններու աճը, թերթերու տպաքանակի, հետեւաբար ալ ազդեցութեան բարձրացումը։ Պոլիս պանդխտութեան եկած հայ բեռնակիրներ իրենց հիմնած «Սենեքերիմ» միութեան միջոցաւ դրամահաւաք կը կազմակերպէին, Սեբաստիոյ մէջ դպրոց կառուցելու համար։ Դպրոցաշինութեան խնդրին մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած են արեւմտեան երկիրներէ եկած Քրիստոնեայ քարոզիչները։ Անոնք բարձրագոյն վարժարաններ հիմնած են երկրի տարբեր քաղաքներուն, նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին։ Այդ արշաւէն ամենաշատ օգտուած են հայ ուսանողներ, քանի որ երկրի Մահմետական եւ հրեայ տարրերը կրօնական մտահոգութիւններով խուսափած են այդ դպրոցները յաճախելէ։
Լեզուի աշխարհաբառացման հետ կը զարգանար նաեւ լեզուամտածողութեան որակը։ Հայ քաղաքական կուսակցութիւններն ալ կը նպաստէին մտային այս զարթօնքին, քանի որ անոնք եւս ունէին իրենց պաշտօնաթերթերը։
Այս առումով շատ ուշագրաւ հրատարակութեան օրինակ մըն է «Արծուի Վասպուրական»ը, որ նախ լոյս տեսած է Պոլսոյ մէջ, ապա Խրիմեան Հայրիկի Վան վերադարձով փոխադրուած է Վանայ Վարագայ Վանքը։ 1850-ական տարեթիւերու պայմանները գթէ պահ մը յիշենք աւելի լաւ կը հասկնանք թէ որքան ծանր աշխատանք կը պահանջէ տպարանի սարքերուն այդ փոխադրութիւնը։ Բայց ըսինք չէ որ վերածնունդի տրամադրութիւն կը տիրէր ամբողջ հայ ժողովուրդի մօտ։ Այդ տրամադրութիւնն է, որ կը դիւրացնէր բոլոր դժուարութիւնները։ Մանաւանդ պատմական Հայաստանի տարածքին քիւրտ ցեղախումբերու պետութեան թելադրանքով գործադրած յարձակումները, թալանը ու մարդասպանութիւնը արժանի արձագանգ չէր գտներ Պոլսոյ քաղքենի ընտրանիի մօտ, անհրաժեշտ էր լուսաւորութեան ջախը փոխանցել դէպի գաւառ։
Կարեւոր օրինակ մըն է նաեւ Շաւարշ Միսաքեանի «Յառաջ» թերթը, որ Կարինի իր հրատարակութիւնը դադրեցնելէ ետք փոխադրուեցաւ Փարիզ եւ հոն մինչեւ օրս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը «Նոր Յառաջ» անունով։
Շաւարշ Միսաքեանի դուստրը Արփի Միսաքեան բազում դժուարութիւններ դիմագրաւելով մինչեւ իր կեանքի վերջին ամիսներուն, յաջողեցաւ հրատարակել հօրը աւանդութիւնը։
«Յառաջ» հետեւելով սփիւռքեան մամուլի մեծամասնութեան աւանդութեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անպաշտօն ձայնը դարձած էր։
Ընկերաբանական ծանօթ իրողութիւն է, որ սփիւռքները իրենց ենթագիտակցութեան մէջ շատ աւելի ամուր կառչած են ազգայնականութեան, բաղդատմամբ հայրենի երկրի իրենց ազգակիցներուն։
Շարունակենք յետադարձ ակնարկով դիտել ԺԹ. Դարու ընդհանուր համայնապատկերը։
Բացի թերթերու հրատարակութենէն, թափ ստացած էր նաեւ գրատպութիւնը։ Ժամանակակից հայ հեղինակներու կողքին, արեւմտեան դասական գրականութիւնը եւս կը հասնէր ընթերցողին, ձեւաւորելով անոր ճաշակը եւ աշխարհընկալումը։
Նաեւ նշենք որ հայերու կողքին նման յառաջացումը կ՚ազդէր Օսմանեան Կայսրութեան բոլոր ժողովուրդներուն։ Կը ծաղկեր ազգային գիտակցութիւն, որ շատերը կը մղեր անկախացման գաղափարին։ Բոլոր այն ժողովուրդները՝ որոնք կ՛ապրէին իրենց հարազատ երկրի տարածքին, համեմատաբար աւելի դիւրին իրականացուցին կայսրութենէ անջատուելով անկախ պետութեան տիրանալու նպատակը։ Իսկ հայ ժողովուրդը աշխարհագրական առումով տարածուած էր երկրի հեռաւոր մասերուն իսկ։ Մանաւանդ գաղափարախօսութեան կեդրոնը Կոնստանդնուպոլիսն էր, ուր հայ մտաւորականութիւնը սերտ կապէր ուներ թէ պետական շրջանակներու եւ թէ ընդդիմադիր Երիտթուրքերու հետ։ Երկուստեք կը պայքարէին Կարմիր Սուլթան կոչումով ծանօթ Համիտի բռնակալութեան դէմ։
Հայերը մատնուած էին երկմտութեան։ Մէկ մասը կը ձգտէր անկախ Հայաստանի գաղափարին, իսկ աւելի ազդեցիկ մէկ հատուածն ալ, իր հետ ունենալով եկեղեցականները, կը բաւարարուէին կայսրութեան մէջ օրինականութիւն մտցնել ու այսպիսով ալ աւելի լայն իրաւունքներու տիրանալու տեսլականին։
Դար մը անց, նման երկմտութիւնը կը նկատենք Քիւրտ ժողովուրդի մօտ։ Անոնց ալ որոշ մէկ հատուածը կ՚ուզէ չորս պետութիւններու միջեւ բաժանուած հայրենի երկրի միասնութիւնը ապահովել ու հիմնել միացեալ ու անկախ Քիւրտիստան մը։ Իսկ քաղաքական առումով աւելի ազդեցիկ մէկ հատուածը կը բաւարարուի ազատամիտ, ժողովրդավարական Թուրքիա մը կերտել եւ իր ինքնութիւնը, մայրենի լեզուն եւ աւանդութիւնները պահելով մաս կազմել Թուրքիոյ Հանրապետութեան։ Այդ նպատակին հասնելու համար կը պայքարի Թուրքիոյ Խորհրդարանի մէջ, դիմագրաւելով տարաբնոյթ բազմաթիւ ճնշումներ ու հալածանքներ։
Պարտինք անդրադառնալ նաեւ ներկայ ժամանակներու պարտադրանքներուն, որոնք շատ լուրջ դժուարութիւններ կը յարուցեն տպագիր մամուլի դէմ։ Մարդիկ հրաժարած են զարգացումներուն թերթերու էջերէն հետեւելու սովորութենէն։
Տեսալսողական լրահոսը շատ աւելի մատչելի կը թուի ժողովուրդի լայն խաւերու համար։ Նոյնիսկ այժմ այդ սովորութիւնն ալ շրջանցուած է, քանի որ համացանցի դրութիւնը շատ աւելի բազմաբնոյթ լրատուութիւն կ՚ապահովէ ամենայն հեշտութեամբ։ Այդ զարգացումին մէջ վերացած է մարդկանց լուրերու մանրամասնութեան թափանցելու փափաքը։ Արդի մարդը նոյնիսկ ժամանակի կորուստ կը համարէ ոեւէ լրատուութիւնը կամ այդ լրատուութեան վերաբանող մեկնաբանութիւնը մինչեւ վերջ կարդալ։ Այդ խաւի համար խորագիրները բաւարար են ընդհանուր պատկերացում մը գոյացնելու։
Խորքին մէջ բաւականին մտահոգիչ է միտքը ու մտածելու ունակութիւնը փութացնող այդ ընթացքը։ Մի գուցէ ակնկալուածն ալ ճիշդ ալ մտային փութացումն է, որ հրաշալի կերպով կը մատակարարուի նոր ազատամիտ գաղափարախօսութեան կողմէ հսկուող եւ ուղղորդուող մետիայի ձեռամբ։
Սիրելի բարեկամներ ինչպէս կը նկատէք այս պահուն մեր ակնարկը շեղած է հայ մամուլի պատմութեան մասին խօսելու իր յառաջադրանքէն եւ ստացած է համաշխարհային քննարկման բնոյթ։ Խնդրեմ բնական համարեցէք այս շեղումը, քանի որ ան նոյնութեամբ կը ցոլանայ հայ լրատուութեան ամբողջական երեւոյթին մէջ։
Եթէ պատմութիւնը պիտի կապենք ներկային, ահա այս է մեր առջեւը դրուած գլխաւոր մարտահրաւէրը։ Ո՞րն է լրագրողի պատասխանատուութիւնը։ Ինչո՞վ կրնանք արդարացնենք մեր կոչումը։ Հարցումներ՝ որոնք արժանի են նման բնոյթով բազում քննարկումներու։
Շնորհակալութիւն ձեր ուշադրութեան համար։
pakrates@yahoo.com
https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/35677/hah-mamuli-badmutyean-masin
Leave a Reply