Հայ մամուլի պատմութեան մասին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ողջոյն յարգելի պաշտօնակիցներ։ Կ՛ուզեմ խօս­քե­րուս սկսիլ այս հան­դի­պու­մը իրա­կանաց­նող Պրա­զիլի մեր պաշ­տօ­նակից­նե­րուն շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­լով։ Կը տես­նեմ թէ նման ծրա­գիրը կեան­քի կո­չելու ետին ինչպի­սի հսկայ աշ­խա­տու­թիւն մը կայ։ Կ՛ող­ջունեմ իրենց գոր­ծը։

Նկա­տի ու­նե­նալով այս տա­րուայ հա­մար ճշդո­ւած ընդհա­նուր խո­րագի­րը՝ ես ալ պի­տի ար­տա­յայ­տո­ւիմ հայ ժո­ղովուրդի մամ­լոյ պատ­մութեան նիւ­թով։ Ինչպէս որ հա­մաշ­խարհա­յին գետ­նի վրայ ժուրնա­լիզմ կամ ժուրնա­լիստ բա­ռերը առա­ջին հեր­թին ծա­գած են ժուրնա­լէն, այ­սինքն պար­բե­րական լրատ­պութե­նէն, հա­յերէ­նի մէջ ալ մա­մուլ բա­ռը նախ եւ առաջ կը յու­շէ լրա­գիրը, այ­սինքն տպագ­րութիւ­նը։

Իմ վա­ղեմի բա­րեկամ Զա­գարիա Միլ­տա­նօղ­լու «Հայ պար­բե­րական հրա­տարակ­չութիւ­ն» խո­րագ­րեալ ու­սումնա­սիրու­թեան մէջ կը խօ­սի որոշ ան­ձե­րու կամ ըն­կե­րու­թիւննե­րու ղրկո­ւած ձե­ռագիր նա­մակ­նե­րու մա­սին, որոնք կը ծա­նօթաց­նեն իրենց առա­քուած եր­կիրնե­րու մա­սին առեւտրա­կան գի­տելիք­ներ։

Ապա լրագ­րութեան պատ­մութեան առա­ջին էջը կը բա­ցուի Հնդկաս­տան, Մատ­րաս քա­ղաքի մէջ լոյս տե­սած «Ազ­դա­րար» թեր­թի օրի­նակով։ Ան հիմ­նո­ւած է 1794-ին Յա­րու­թիւն քա­հանայ Շմա­ւոնեանի կող­մէ։

Ինքնա­բերա­բար բո­լորին մտքին կը ծա­գի -ին­չո՞ւ Հնդկաս­տան- հար­ցումը։ Շատ պարզ է հար­ցումի պա­տաս­խա­նը։ Որով­հե­տեւ Հնդկաս­տան Մե­տաք­սի ճամ­բուն վրայ հայ վա­ճառա­կան­նե­րու կա­րեւո­րագոյն կեդ­րոնն էր։ Ճա­նապար­հը կ՛եր­կա­րէր մին­չեւ Սին­կա­փուր, ուր հիմ­նո­ւած էր հայ­կա­կան եկե­ղեցի մըն ալ։ Այ­սօր իսկ Սին­կա­փուր այ­ցե­լող զբօ­սաշրջիկ­նե­րու քա­ղաքի շրջա­գայու­թեան ծրագ­րին մէջ կը նշուի սոյն եկե­ղեցին։ Մա­նաւանդ Կալ­կա­թայի մէջ գո­յացած էր հայ­կա­կան գա­ղութ մը, որ խիստ կա­րիքը կը զգար հա­մաշ­խարհա­յին, յատ­կա­պէս ալ հայ­րե­նի երկրի ան­ցուդարձնե­րը իմա­նալու։ Այդ գա­ղու­թը թէեւ բա­ւակա­նին նո­ւազած բնակ­չութեամբ, իր գո­յու­թիւնը կը պա­հէ մինչ օրս։

Պար­տիմ հա­մառօտ ակ­նարկ մը բե­րել պոլ­սա­հայ ներ­կայ լրագ­րութեան եւ հրա­տարակ­չութեան։ Այ­սօր իր գո­յու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ եր­կու օրա­թերթ՝ «Ժա­նանակ» եւ «Մար­մա­րա»։ Անոնցմէ առա­ջինը, 117 տա­րիներ բո­լորած իր պատ­կա­ռելի ան­ցեալով, նաեւ կը հան­դի­սանայ Թուրքիոյ հնա­գոյն օրա­թեր­թը։ Իսկ «Մար­մա­րա» աւե­լի լայն ժո­ղովրդա­կանու­թիւն կը վա­յելէ շնոր­հիւ իր մատ­չե­լի գրա­կան լե­զուին եւ դի­մագի­ծին։ Թեր­թի այդ յատ­կութիւ­նը ար­դա­րացիօրէն կը վե­րագ­րո­ւի անոր բազ­մա­մեայ խմբագ­րա­պետին՝ Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեանին։

Եր­կու ըն­տա­նիք­նե­րու սե­փակա­նու­թիւն եղած այս օրա­թեր­թե­րը զգու­շօ­րէն կը խու­սա­փին քա­ղաքա­կան յստակ կողմնո­րոշու­մէ, բայց ու­շա­դիր ըն­թերցո­ղը դիւ­րաւ կը գու­շա­կէ անոնց տո­ղատա­կի հա­կումնե­րը, որոնք առ­հա­սարակ իշ­խա­նամէտ են թէ երկրի եւ թէ ներ­հա­մայնքա­յին խնդիր­նե­րու մեր­ձեցման պա­հուն։ Նման ռազ­մա­վարու­թիւնով անոնք կը ձեր­բա­զատին թէ կա­ռավա­րու­թեան հա­ւանա­կան ճնշումնե­րէ, եւ թէեւ չնչին հա­մեմա­տու­թեամբ, կ՚ապա­հովեն ներ­գա­ղու­թա­յին նիւ­թա­կան աջակ­ցութիւն։

«Ակօս» շա­բաթա­թեր­թը իր հրա­տարա­կու­թեան ու­ղիով բա­ւակա­նին տար­բեր է աւան­դա­կան հայ մա­մու­լէն։ Նախ եւ առաջ երկլե­զու է, հա­յերէն եւ թրքե­րէն իր էջե­րով։ Ի սկզբա­նէ որ­դեգրած է ձա­խակող­մեան հա­կումնե­րով, ընդդի­մադիր եւ այ­լա­խոհ գա­ղափա­րախօ­սու­թիւն մը, թէ երկրի եւ թէ հա­մայնքա­յին քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րու դէմ։ Հա­մար­ձակ կեր­պով ար­դա­րու­թիւն կը պա­հան­ջէ հա­յոց դէմ գոր­ծադրո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թով։ Թուրքիոյ նման երկրի մը մէջ բա­ւակա­նին սուղ կ՚ար­ժէ այդ հա­մար­ձա­կու­թիւնը, որ իր կեան­քով հա­տու­ցեց թեր­թի հիմ­նա­դիր խմբա­գիրը՝ Հրանդ Տինք։ «Ակօս» Տին­քի մա­հէն ետք ալ շա­րու­նա­կեց իր առա­քելու­թիւնը, հայ հա­մայնքէ որոշ շրջա­նակի մը հա­մար դառ­նա­լով կար­ծե­ցեալ վար­դաստա­նի փու­շը։ Սա­կայն միւս կող­մէ ար­դա­րացաւ այդ առա­քելու­թիւնը, յատ­կա­պէս հա­յերէն գրա­ճանա­չու­թիւն չու­նե­ցող հա­յերը եւ նաեւ ոչ հա­յերը հայ­կա­կան խնդիր­նե­րու, հա­յաս­տա­նեան զար­գա­ցումնե­րու մա­սին իրա­զեկե­լով։

Հոգ չէ թէ մեր նիւ­թը սահ­մա­նուած է լրագ­րութիւ­նով, յար­մար կը նկա­տեմ անդրա­դառ­նալ նաեւ հրա­տարակ­չա­կան աշ­խա­տանքնե­րուն։ Հան­րա­պետա­կան շրջա­նի Թուրքիոյ պատ­մութեան մէջ միշտ ու­նե­ցած ենք գիր­քե­րու հրա­տարա­կու­թիւն, բայց մին­չեւ 1994 տա­րեթի­ւը չենք ու­նե­ցած հրա­տարակ­չա­տուն։

Այդ բա­ցը եկաւ լրաց­նե­լու «Արաս» հրա­տարակ­չա­տու­նը։ Ան իր աշ­խա­տու­թիւնը ուղղեց հա­յերէն հրա­տարա­կու­թիւննե­րու կող­քին, եւ անոնցմէ ալ աւե­լի մեծ թի­ւով հայ գրող­նե­րու գոր­ծե­րը թրքե­րէնի թարգմա­նելով։ Այդ հրա­տարա­կու­թիւննե­րու շնոր­հիւ բա­ւական լայն զան­գո­ւած մը ծա­նօթա­ցաւ Կո­միտաս Վար­դա­պետ, Յա­կոբ Պա­րոնեան, Դա­նիէլ Վա­րու­ժան, Զա­պէլ Եսա­յեան կամ Զա­ւէն Պի­պերեան, Մի­սակ Մա­նու­շեան եւ նման անուննե­րու։

Այ­սօր Իս­թանպուլ այ­ցե­լող հայ մտա­ւորա­կանը «Մար­մա­րա» կամ «Ակօս»ի խմբագ­րա­տան կող­քին ան­պայման կ՚այ­ցե­լէ Արաս հրա­տարակ­չա­տու­նը, որ վառ վկան է ժա­մանա­կակից պոլ­սա­հայու­թեան մշա­կու­թա­յին կեն­սունա­կու­թեան։

Հայ լրագ­րութեան ծաղ­կումը կը զու­գա­դիպի հայ ժո­ղովուրդի մտա­յին, կրթա­կան, գա­ղափա­րական եւ քա­ղաքա­կան ան­նա­խադէպ զար­գացման շրջա­նին։

«Ազ­դա­րար»ը հրա­տարա­կուած էր ֆրան­սա­կան մեծ յե­ղափո­խու­թե­նէ հա­զիւ հինգ տա­րիներ անց՝ 1794-ին։ Յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն մեծ թափ ստա­ցաւ դպրո­ցաշի­նու­թիւնը, հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու աճը, թեր­թե­րու տպա­քանա­կի, հե­տեւա­բար ալ ազ­դե­ցու­թեան բարձրա­ցու­մը։ Պո­լիս պանդխտու­թեան եկած հայ բեռ­նա­կիր­ներ իրենց հիմ­նած «Սե­նեքե­րիմ» միու­թեան մի­ջոցաւ դրա­մահա­ւաք կը կազ­մա­կեր­պէին, Սե­բաս­տիոյ մէջ դպրոց կա­ռու­ցե­լու հա­մար։ Դպրո­ցաշի­նու­թեան խնդրին մէջ կա­րեւոր ներդրում ու­նե­ցած են արեւմտեան եր­կիրնե­րէ եկած Քրիս­տո­նեայ քա­րոզիչ­նե­րը։ Անոնք բարձրա­գոյն վար­ժա­րան­ներ հիմ­նած են երկրի տար­բեր քա­ղաք­նե­րուն, նաեւ Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին։ Այդ ար­շա­ւէն ամե­նաշատ օգ­տո­ւած են հայ ու­սա­նող­ներ, քա­նի որ երկրի Մահ­մե­տական եւ հրեայ տար­րե­րը կրօ­նական մտա­հոգու­թիւննե­րով խու­սա­փած են այդ դպրոց­նե­րը յա­ճախե­լէ։

Լե­զուի աշ­խարհա­բառաց­ման հետ կը զար­գա­նար նաեւ լե­զուամ­տա­ծողու­թեան որա­կը։ Հայ քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւններն ալ կը նպաս­տէին մտա­յին այս զար­թօնքին, քա­նի որ անոնք եւս ու­նէին իրենց պաշ­տօ­նաթեր­թե­րը։

Այս առու­մով շատ ու­շագրաւ հրա­տարա­կու­թեան օրի­նակ մըն է «Ար­ծո­ւի Վաս­պուրա­կան»ը, որ նախ լոյս տե­սած է Պոլ­սոյ մէջ, ապա Խրի­մեան Հայ­րի­կի Վան վե­րադար­ձով փո­խադ­րո­ւած է Վա­նայ Վա­րագայ Վան­քը։ 1850-ական տա­րեթի­ւերու պայ­մաննե­րը գթէ պահ մը յի­շենք աւե­լի լաւ կը հասկնանք թէ որ­քան ծանր աշ­խա­տանք կը պա­հան­ջէ տպա­րանի սար­քե­րուն այդ փո­խադ­րութիւ­նը։ Բայց ըսինք չէ որ վե­րած­նունդի տրա­մադ­րութիւն կը տի­րէր ամ­բողջ հայ ժո­ղովուրդի մօտ։ Այդ տրա­մադ­րութիւնն է, որ կը դիւ­րացնէր բո­լոր դժո­ւարու­թիւննե­րը։ Մա­նաւանդ պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին քիւրտ ցե­ղախումբե­րու պե­տու­թեան թե­լադ­րանքով գոր­ծադրած յար­ձա­կումնե­րը, թա­լանը ու մար­դասպա­նու­թիւնը ար­ժա­նի ար­ձա­գանգ չէր գտներ Պոլ­սոյ քաղ­քե­նի ընտրա­նիի մօտ, անհրա­ժեշտ էր լու­սա­ւորու­թեան ջա­խը փո­խան­ցել դէ­պի գա­ւառ։

Կա­րեւոր օրի­նակ մըն է նաեւ Շա­ւարշ Մի­սաքեանի «Յա­ռաջ» թեր­թը, որ Կա­րինի իր հրա­տարա­կու­թիւնը դադ­րեցնե­լէ ետք փո­խադ­րո­ւեցաւ Փա­րիզ եւ հոն մին­չեւ օրս կը շա­րու­նա­կէ իր առա­քելու­թիւնը «Նոր Յա­ռաջ» անու­նով։

Շա­ւարշ Մի­սաքեանի դուստրը Ար­փի Մի­սաքեան բա­զում դժո­ւարու­թիւններ դի­մագ­րա­ւելով մին­չեւ իր կեան­քի վեր­ջին ամիս­նե­րուն, յա­ջողե­ցաւ հրա­տարա­կել հօ­րը աւան­դութիւ­նը։

«Յա­ռաջ» հե­տեւե­լով սփիւռքեան մա­մու­լի մե­ծամաս­նութեան աւան­դութեան Հայ Յե­ղափո­խական Դաշ­նակցու­թեան ան­պաշտօն ձայ­նը դար­ձած էր։

Ըն­կե­րաբա­նական ծա­նօթ իրո­ղու­թիւն է, որ սփիւռքնե­րը իրենց են­թա­գիտակ­ցութեան մէջ շատ աւե­լի ամուր կառ­չած են ազ­գայնա­կանու­թեան, բաղ­դատմամբ հայ­րե­նի երկրի իրենց ազ­գա­կից­նե­րուն։

Շա­րու­նա­կենք յե­տադարձ ակ­նարկով դի­տել ԺԹ. Դա­րու ընդհա­նուր հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։

Բա­ցի թեր­թե­րու հրա­տարա­կու­թե­նէն, թափ ստա­ցած էր նաեւ գրատ­պութիւ­նը։ Ժա­մանա­կակից հայ հե­ղինակ­նե­րու կող­քին, արեւմտեան դա­սական գրա­կանու­թիւնը եւս կը հաս­նէր ըն­թերցո­ղին, ձե­ւաւո­րելով անոր ճա­շակը եւ աշ­խարհըն­կա­լու­մը։

Նաեւ նշենք որ հա­յերու կող­քին նման յա­ռաջա­ցու­մը կ՚ազ­դէր Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան բո­լոր ժո­ղովուրդնե­րուն։ Կը ծաղ­կեր ազ­գա­յին գի­տակ­ցութիւն, որ շա­տերը կը մղեր ան­կա­խաց­ման գա­ղափա­րին։ Բո­լոր այն ժո­ղովուրդնե­րը՝ որոնք կ՛ապ­րէին իրենց հա­րազատ երկրի տա­րած­քին, հա­մեմա­տաբար աւե­լի դիւ­րին իրա­կանա­ցու­ցին կայսրու­թե­նէ ան­ջա­տուե­լով ան­կախ պե­տու­թեան տի­րանա­լու նպա­տակը։ Իսկ հայ ժո­ղովուրդը աշ­խարհագ­րա­կան առու­մով տա­րածո­ւած էր երկրի հե­ռաւոր մա­սերուն իսկ։ Մա­նաւանդ գա­ղափա­րախօ­սու­թեան կեդ­րո­նը Կոնստանդնու­պո­լիսն էր, ուր հայ մտա­ւորա­կանու­թիւնը սերտ կա­պէր ու­ներ թէ պե­տական շրջա­նակ­նե­րու եւ թէ ընդդի­մադիր Երիտ­թուրքե­րու հետ։ Եր­կուստեք կը պայ­քա­րէին Կար­միր Սուլթան կո­չու­մով ծա­նօթ Հա­միտի բռնա­կալու­թեան դէմ։

Հա­յերը մատ­նո­ւած էին երկմտու­թեան։ Մէկ մա­սը կը ձգտէր ան­կախ Հա­յաս­տա­նի գա­ղափա­րին, իսկ աւե­լի ազ­դե­ցիկ մէկ հա­տուածն ալ, իր հետ ու­նե­նալով եկե­ղեցա­կան­նե­րը, կը բա­ւարա­րուէին կայսրու­թեան մէջ օրի­նակա­նու­թիւն մտցնել ու այսպի­սով ալ աւե­լի լայն իրա­ւունքնե­րու տի­րանա­լու տես­լա­կանին։

Դար մը անց, նման երկմտու­թիւնը կը նկա­տենք Քիւրտ ժո­ղովուրդի մօտ։ Անոնց ալ որոշ մէկ հա­տուա­ծը կ՚ու­զէ չորս պե­տու­թիւննե­րու մի­ջեւ բա­ժանո­ւած հայ­րե­նի երկրի միաս­նութիւ­նը ապա­հովել ու հիմ­նել միացեալ ու ան­կախ Քիւրտիս­տան մը։ Իսկ քա­ղաքա­կան առու­մով աւե­լի ազ­դե­ցիկ մէկ հա­տուա­ծը կը բա­ւարա­րուի ազա­տամիտ, ժո­ղովրդա­վարա­կան Թուրքիա մը կեր­տել եւ իր ինքնու­թիւնը, մայ­րե­նի լե­զուն եւ աւան­դութիւննե­րը պա­հելով մաս կազ­մել Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան։ Այդ նպա­տակին հաս­նե­լու հա­մար կը պայ­քա­րի Թուրքիոյ Խորհրդա­րանի մէջ, դի­մագ­րա­ւելով տա­րաբ­նոյթ բազ­մա­թիւ ճնշումներ ու հա­լածանքներ։

Պար­տինք անդրա­դառ­նալ նաեւ ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րու պար­տադրանքնե­րուն, որոնք շատ լուրջ դժո­ւարու­թիւններ կը յա­րու­ցեն տպա­գիր մա­մու­լի դէմ։ Մար­դիկ հրա­ժարած են զար­գա­ցումնե­րուն թեր­թե­րու էջե­րէն հե­տեւե­լու սո­վորու­թե­նէն։

Տե­սալ­սո­ղական լրա­հոսը շատ աւե­լի մատ­չե­լի կը թո­ւի ժո­ղովուրդի լայն խա­ւերու հա­մար։ Նոյ­նիսկ այժմ այդ սո­վորու­թիւնն ալ շրջան­ցո­ւած է, քա­նի որ հա­մացան­ցի դրու­թիւնը շատ աւե­լի բազ­մաբնոյթ լրա­տուու­թիւն կ՚ապա­հովէ ամե­նայն հեշ­տութեամբ։ Այդ զար­գա­ցու­մին մէջ վե­րացած է մարդկանց լու­րե­րու ման­րա­մաս­նութեան թա­փան­ցե­լու փա­փաքը։ Ար­դի մար­դը նոյ­նիսկ ժա­մանա­կի կո­րուստ կը հա­մարէ ոեւէ լրա­տուու­թիւնը կամ այդ լրա­տուու­թեան վե­րաբա­նող մեկ­նա­բանու­թիւնը մին­չեւ վերջ կար­դալ։ Այդ խա­ւի հա­մար խո­րագիր­նե­րը բա­ւարար են ընդհա­նուր պատ­կե­րացում մը գո­յաց­նե­լու։

Խոր­քին մէջ բա­ւակա­նին մտա­հոգիչ է միտ­քը ու մտա­ծելու ու­նա­կու­թիւնը փու­թացնող այդ ըն­թացքը։ Մի գու­ցէ ակնկա­լուածն ալ ճիշդ ալ մտա­յին փու­թա­ցումն է, որ հրա­շալի կեր­պով կը մա­տակա­րարո­ւի նոր ազա­տամիտ գա­ղափա­րախօ­սու­թեան կող­մէ հսկո­ւող եւ ուղղոր­դո­ւող մե­տիայի ձե­ռամբ։

Սի­րելի բա­րեկամ­ներ ինչպէս կը նկա­տէք այս պա­հուն մեր ակ­նարկը շե­ղած է հայ մա­մու­լի պատ­մութեան մա­սին խօ­սելու իր յա­ռաջադ­րանքէն եւ ստա­ցած է հա­մաշ­խարհա­յին քննարկման բնոյթ։ Խնդրեմ բնա­կան հա­մարե­ցէք այս շե­ղու­մը, քա­նի որ ան նոյ­նութեամբ կը ցո­լանայ հայ լրա­տուու­թեան ամ­բողջա­կան երե­ւոյ­թին մէջ։

Եթէ պատ­մութիւ­նը պի­տի կա­պենք ներ­կա­յին, ահա այս է մեր առ­ջե­ւը դրո­ւած գլխա­ւոր մար­տահրա­ւէրը։ Ո՞րն է լրագ­րո­ղի պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը։ Ին­չո՞վ կրնանք ար­դա­րաց­նենք մեր կո­չու­մը։ Հար­ցումներ՝ որոնք ար­ժա­նի են նման բնոյ­թով բա­զում քննար­կումնե­րու։

Շնոր­հա­կալու­թիւն ձեր ու­շադրու­թեան համար։

pakrates@yahoo.com

https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/35677/hah-mamuli-badmutyean-masin

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2025
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ