Հայ Դատի «Կեանք մը իրագործումներ» մրցանակը՝ Նենսի Փելոսիին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, կազմակերպութեան «Կեանք Մը Իրագործումներ» հեղինակաւոր մրցանակը պիտի յանձնէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախորդ խօսնակ Նենսի Փելոսիին։

Փելոսի կը նկատուի Քոնկրեսի մէջ Հայկական Հարցին ամէնէն կարեւոր պաշտպաններէն մէկը; Իր քաղաքական ասպարէզի առաջին օրերէն, ան մօտէն գործակցած է Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին հետ, իսկ Քոնկրեսին մէջ, ան զօրակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման շարք մը բանաձեւերու, տասնամեակներու պայքարէ մը ետք յաջողութեամբ պսակելով այդ արշաւը։  

Քոնկրեսի նախորդ խօսնակը նաեւ ջատագոված է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու սերտացումը, Արցախէն տեղահանուած հայութեան աջակցութեան ապահովումը եւ Պաքուի դէմ պատժական քայլերու որդեգրումը։

Յիշեցնենք նաեւ, որ Սեպտեմբեր 2022ին, այդ օրերուն Ներկայացուցիչներու տան խօսնակի պաշտօնին վրայ գտնուող Փելոսի քոնկրեսական բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը հետ այցելեց Հայաստան՝ զօրակցութիւն յայտնելու համար Երեւանին, որուն արեւելեան սահմանային շրջանները ատրպէյճանական յարձակումներու ենթարկուած էին այդ օրերուն։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան կը յայտնէ, թէ Փելոսի կը հանդիսանայ Հայկական Հարցի ոգիին մարմնացումը, որովհետեւ անոր առաջնորդութեամբ եւ ցուցաբերած զօրակցութեամբ կարելի եղած է հայութեան արդարութիւն ապահովելու արշաւը ուղիղ հունի մը վրայ դնել։

Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 26 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Fairmont Century Plaza պանդոկին մէջ (2025 Avenue of the Stars, Los Angeles, CA)։ Անիկա առիթ պիտի հանդիսանայ լուսարձակի տակ առնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեծարելու այն անհատները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ։ Ձեռնարկը ի մի կը բերէ հարիւրաւոր հայորդիներ՝ միասնաբար տօնելու համար կազմակերպութեան իրագործումները եւ քննարկելու Հայ Դատի ջատագովման ու արդարութեան հասնելու ապագայ քայլերը։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ հովանաւորութեան կարելիութիւններուն ծանօթանալու համար այցելել կայքէջը։

https://asbarez.am/archives/489279

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2025
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ