Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան լուսաբանութիւնը «Կովերու պարտէզ»ին մասին

Ի տես վերջին օրերուն «Կովերու պարտէզ»ի գործին վերաբերող սխալ տեղեկութիւններուն եւ կեղծ լուրերուն՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը հարկ կը համարէ նշել հետեւեալ մանրամասնութիւնները.

1. Որեւէ նոր կամ լրացուցիչ վարձակալութիւն այժմ բանակցութեան նիւթ չէ։ Կարգաւորման պայմանագիր մը կը մշակուի կողմերուն միջեւ, իրաւաբան Ամոս Կապրիէլիի միջնորդութեամբ։

2. Որեւէ գաղտնի բանակցութիւն գոյութիւն չունի։ Միջնորդութիւնը տեղի կ՛ունենայ օրինական ընթացակարգերու խիստ յարգանքով։ Համայնքի ներկայացուցիչներ ալ երկու անգամ մասնակցեցան այդ միջնորդական նիստերուն։

3. Այս պայմանագiրի հիմնական սկզբունքները մանրամասնօրէն ներկայացուած են հայ համայնքի ներկայացուցիչներու իրաւական խորհրդատուներուն, թէ՛ միջնորդին եւ թէ պատրիարքութեան իրաւաբաններուն կողմէ։

4. Կարգաւորման պայմանագիրը ամբողջապէս պիտի հրապարակուի, Տնօրէն ժողովի եւ Միաբանութեան ընդհանուր ժողովի վաւերացումէն ետք։

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը թափանցիկութեան նկատմամբ եւ կը վստահեցնէ, որ գաղտնի պիտի չպահէ հանրութեան շահերուն վերաբերող որեւէ տեղեկատւութիւն։

Հետեւաբար՝ Պատրիարքութիւնը կոչ կ’ընէ բոլոր անոնց, որոնք կը տարածեն սխալ տեղեկութիւններ եւ կեղծ լուրեր՝ դադրեցնելու այդ գործողութիւնները, որոնք միայն անտեղի լարումներ կը ստեղծեն եւ հանրութիւնը կը մոլորեցնեն։

ԴԻՒԱՆ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
1 Սեպտեմբեր 2025

https://asbarez.am/archives/488912

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2025
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ