Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին նուիրուած է նշանաւոր հայդուկ Գէորգ Չաւուշի այրիին՝ Հեղինէ (Եղսօ) Չաւուշի լուսանկարը։ Նուիրատուն՝ Մուրատ Ուչաներ, լուսանկարը պատահաբար յայտնաբերած է 2005ին, Այնթապի պատմական թաղամասերէն մէկուն մէջ հին տան մը վերականգնման աշխատանքներուն ընթացքին, պատի մը մէջ թաքստոցէն։
Լուսանկարին մէջ Հեղինէ Չաւուշի մէկ ձեռքին կայ ատրճանակ մը, միւսին՝ հրացան մը, կուրծքին եւ գօտիին փամփշտակալներ կապուած են։ Լուսանկարը առնուած է ամուսնոյն մահէն ետք, 1910ին, Այնթապի M. H. Halladjian լուսանկարչատան մէջ։
Լուսանկարին դարձերեսին վրայ կայ ձեռագիր հետեւեալ ընծայագիրը. «Հանգուցեալ հերոս Գէորգ Չաւուշի տիկին այրի Հեղինէ։ Մեր յիշատակի նուէրը (անընթեռնլի բառ) Տիար Յովհաննէս եւ տիկին Փիդանեան․ 21 Յուլիս 1910, Այնթապ, ՀՅԴ»։
Leave a Reply