Մարտինի Մոր Հուրմիւզ Քաղդէական Եկեղեցւոյ մէջ նկարահանուած տեսանիւթը կը պարզէ թէ անծանօթ մը հակաքրիստոնէական նախատինքներ կ՚արտասանէ եւ կը թքէ խաչին վրայ։
«Սապրօ» թերթի տեղեկութեան համաձայն, 430 թուականին կառուցուած Մոր Հուրմիւզ Քաղդէական Եկեղեցւոյ մէջ այդ անարգանքը ընող անձը արաբախօս մըն է, որ փորձած է նաեւ վնասել եկեղեցւոյ իրերը։ Ան փորձած է նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամի արձանը ջարդել։
Պատահածի մասին թերթին տեղեկութիւն տուող Քաղդէական Հիմնադրամի ներկայացուցիչը յայտնած է թէ եկեղեցին բաց է այցելուներու դիմաց։ «Օրուայ ընթացքին ուղեւորներ կ՚այցելեն եկեղեցին։ Ներսը յատուկ անվտանգութեան ծառայութիւն մը չունինք։ Արդարեւ չենք գիտեր նաեւ թէ երբ պատահած է այս դէպքը։ Կը կարծենք թէ այս սրբապղծութեան հեղինակը Թուրքիոյ քաղաքացի մը չէ, այլ օտարազգի մը։Պիտի դիմենք ոստիկանութեան եւ պիտի յուսանք որ յայտնաբերուի ու արժանի կերպով պատժուի իր արարքին համար» ըսած է եկեղեցւոյ հիմնարկի ներկայացուցիչը։
https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/35626/srpabghdzutiwn-mardini-mech
Leave a Reply