Աժ «Հայաստան» խմբակցութիւնը շրջանառութեան մէջ դրած է օրէնքի նախագիծ, ըստ որուն կ՝առաջարկուի քրէականացնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքելը, մեղմացնելը կամ արդարացնելը։
Հիմնաւորման մէջ կը նշուի․ «Թէեւ գործող ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 136-րդ յօդուածը սահմանում է ցեղասպանութեան հերքման պատասխանատուութեան դրոյթ, սակայն այն չունի յատուկ մօտեցում Հայոց Ցեղասպանութեանը, ինչը կարծում ենք այս դէպքում արդարացուած չէ, քանի որ նախ բազմաթիւ երկրներ ու միջազգային կազմակերպութիւններ արդէն իսկ ճանաչել եւ դատապարտել են հայ ժողովրդի հանդէպ իրականացուած այս ոճրագործութիւնը: Բացի այդ, ուսումնասիրելով միջազգային փորձը, հարկ է արձանագրել, որ ցեղասպանութիւնը հերքելը, մերժելը կամ ուրանալը քրէօրէն պատժելի արարք է համարւում աշխարհի շատ երկրներում»:
Ըստ նախագծի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքելու պարագայում առաջարկւում է սահմանել պատիժ տուգանքով՝ նուազագոյն աշխատավարձի հարիւրապատիկից երեքհարիւրապատիկի չափով, կամ հանրային աշխատանքներով՝ հարիւր յիսունից երկու հարիւր յիսուն ժամ տեւողութեամբ, կամ ազատութեան սահմանափակմամբ՝ առաւելագոյնը երեք տարի ժամկէտով, կամ կարճաժամկէտ ազատազրկմամբ՝ մէկից երկու ամիս ժամկէտով, կամ ազատազրկմամբ՝ առաւելագոյնը չորս տարի ժամկէտով»:
ԱԺ պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովի ընթացքին նախագիծին վերաբերեալ քննարկում էր, նախագիծը կը ներկայացնէր «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը։
Ընդդիմութեան ներկայացուցած նախագիծին ՀՀ կառավարութիւնը տուած է բացասական եզրակացութիւն։
«Պարզ է, որ կառավարութիւնը տուել է բացասական եզրակացութիւն, իսկ ինչպէս պարզուեց՝ կառավարութիւնը նիկոլ փաշինեանն է, դուք հիմա պիտի մերժէք»,-դիմելով յանձնաժողովի իշխանական պատգամաւորներուն ըսաւ Արծուիկ Մինասեան։
Yerakouyn.com
Leave a Reply