Երկու ոճրագործ, մէկ խաղ – Հայոց ցեղասպանութեան շահագործում

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Քաղաքական աշխարհին մէջ յաճախ զաւեշտական ներկայացումներու ականատեսը կը դառնանք, ուր ոճրագործները դէմ յանդիման կը կենան` իբրեւ արդարութեան ջատագովներ:

Այսօր այդ թատերաբեմին վրայ կեցած են երկու դերակատարներ` Պենիամին Նեթանիահու եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: Երկուքն ալ իրենց ժողովուրդները առաջնորդած են պատերազմներու, բռնութեան եւ հազարաւոր անմեղներու մահուան: Երկուքն ալ այսօր «ցեղասպանութիւն» բառը կը շահագործեն ոչ թէ արդարութեան կամ յիշողութեան համար, այլ` իբրեւ քաղաքական լարախաղացութիւն:

Էրտողան, որ ամբողջ իշխանութեան ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը պետական պաշտօնական քաղաքականութեան վերածած է, այսօր կ՛ամբաստանէ Նեթանիահուն` պաղեստինցիներու դէմ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով:

Նեթանիահու կը հակադարձէ` Էրտողանն է ցեղասպանը քիւրտերու, հայերու ու բազմաթիւ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ իր գործելաոճով: Իսկ վերջին օրերուն Նեթանիահու  այնպէս կը ձեւացնէ, որ իբր թէ սկսած է «ճանչնալ» Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Այս «ճանաչումը», սակայն, պատմական կեղծիքի հետեւանք է: Իսրայէլ տարիներով խուսափած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալէ` Թուրքիոյ հետ ռազմավարական դաշինքին պատճառով: 1980-ականներուն, երբ Թուրքիա Իսրայէլի համար կարեւոր դաշնակից մըն էր Միջին Արեւելքի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, իսրայէլեան խորհրդարանը բազմիցս մերժեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նախաձեռնութիւնները: Իսրայէլի ղեկավարները յաճախ հրապարակաւ կը յայտարարէին, որ Ցեղասպանութեան հարցը «պատմաբաններուն յղուած պէտք է ըլլայ»:

Նեթանիահուի ներկայ «ճանաչումը» ոչ թէ բարոյական կամ պատմական արդարութեան դրսեւորում է, այլ քաղաքական լարախաղացութիւն` ուղղուած Թուրքիոյ եւ յատկապէս Էրտողանի դէմ:

Բայց իրականութիւնը մերկ է եւ պարզ: Այս երկու ղեկավարները ոչ մէկ առնչութիւն ունին ճշմարտութեան կամ արդարութեան հետ: Անոնց քայլերը մէկ բան կը հաստատեն միայն` Հայոց ցեղասպանութիւնը դարձած է խաղաքարտ, որեւէ պահուն կը հանեն ու կը շահագործեն իրենց շահերուն սպասարկելու նպատակով: Փաստօրէն  մեր ազգային ողբերգութիւնը կը դառնայ քաղաքական շահարկումի առարկայ:

Հայ ժողովուրդին համար Հայոց ցեղասպանութիւնը ո՛չ խաղաթուղթ է, ո՛չ քաղաքական ճնշումի միջոց: Ան մեր պատմական արդարութեան, գոյութեան եւ արժանապատուութեան պահանջ է: Որքան ալ Նեթանիահուի կամ Էրտողանի նման ղեկավարներ փորձեն աղաւաղել պատմական  իրողութիւնը,  մեր արդար պահանջատիրութիւնը, անոնք չեն կրնար ջնջել ճշմարտութիւնը: Ճշմարտութիւնը կը մնայ անփոփոխ: 1915-ի ոճիրը մարդկութեան դէմ կատարուած ցեղասպանութիւն մըն է, որուն ճանաչումը պէտք է ըլլայ արդարութեան հիման վրայ, ոչ` շահագործումի: Ե՛ւ Նեթանիահու, ե՛ւ Էրտողան իրենց բռնարարքներով ու անպատժելիութեան զգացումով կը մարմնաւորեն նոյն ոճիրին շարունակութիւնը:

Այս բոլորը կ՛ապացուցեն մէկ ճշմարտութիւն. Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային   քաղաքականութեան մէջ յաճախ կը շահարկուի  իբրեւ ճնշումի միջոց: Երբ պետութիւններու  շահերը կը համընկնին, Ցեղասպանութեան  ճանաչումը կը դառնայ «բարոյական» հարց: Իսկ երբ քաղաքական շահերը գերիշխեն, հարցը  կը վերածուի պատմական-ակադեմական քննարկման նիւթի:

Էրտողան եւ Նեթանիահու այսօր կը խօսին ցեղասպանութենէն: Բայց երկուքն ալ իրենց ոճրագործութեամբ կը շարունակեն նոյն ճամբան: Ուստի աշխարհին պէտք է ըսել պարզ նախադասութիւն մը. մետալին երկու երեսները նոյնն են:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2025
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ