31 Օգոստոսին Մարմարան կը նշէ իր տարեդարձը։ 85 տարի՝ անցեալի հետ կապող կամուրջ մը, ապագայի համար լոյս մը, ներկայի մէջ կենդանի վկայութիւն մը։
Այս թիւը միայն աւանդական յիշողութիւն մը չէ, այլ մեծագոյն նուիրումի, անսասան հաւատքի ու ծառայասիրութեան արգասիք մը։
Տարեգրութեան իր երկար ճամբուն վրայ, «Մարմարա»ն հանդիսացաւ ո՛չ միայն լրատուամիջոց, այլ հայոց լեզուի, մշակոյթի ու ինքնութեան պահապան։ Ականատես եղաւ բազմաթիւ փոփոխութիւններու, դժուար մարտահրաւէրներու ու ցաւալի հիասթափութիւններու, բայց հաւատքը երբեք բաց չթողուց մեր «օձիքը»։
85 տարի շարունակ գրեցինք սրտով, խիղճով, հաւատքով։ Գրեցինք երբ թերթը ունէր բազմահազար ընթերցողներ, գրեցինք երբ շատ ու շատ պակսած էր ընթերցողներու բանակը։
Այսօր ալ կը գրենք, բայց… որո՞ւ համար։
Ճիշդ է որ տարիներու ընթացքին համայնքէն ներս փոխուեցաւ հայերէն լեզուի նկատմամբ ընկալումը։ Լեզուն, ըստ կարգ մը արդարացումներու, դարձաւ «դժուար» ու «անհասանելի», բայց տարբե՛ր է իրականութիւնը։ Լեզուն չէ որ դժուարացաւ, այլ իրողութիւնները փոխուեցան։ Դպրոցներու մէջ պակսեցան հայերէնի դասերը, ուսուցիչները երբեմն յոգնեցան, մամուլը մնաց անկիւնի մը մէջ՝ որպէս մոռցուած ու մենաւոր «խորթ զաւակ մը»։
Այսօր, թերթիս ընթերցողներու մեծ մասը միջին կամ երէց սերունդի ներկայացուցիչներ են։ Անո՛նք են որ կը շարունակեն հաւատալ հայատառ մամուլի առաքելութեան։ Անո՛նք են որ սրբազան հոգածութեամբ տուն կը տանին հայ թերթը։
Ո՞ւր են համայնքային կառոյցները, ո՞ւր են կրթական հաստատութիւնները, որոնք կարեւոր տեղ պէտք է յատկացնէին ու յատկացնեն հայ մամուլին։ Ո՞ւր են ղեկավարները, որոնք ձայն պէտք է բարձրացնէին, յայտարարելով որ հայատառ մամուլի կորուստի հետ մէկտեղ կը փլուզուի համայնքի պատմութեան վկայագրութեան կայուն մէկ սիւնը։
Ցաւով կ’արձանագրենք որ հայ համայնքի համար հայատառ մամուլը այլեւս չի դիտարկուիր որպէս «մշակութային պարտաւորութիւն», ընդհակառակը յաճախ կ’ընկալուի որպէս «ռոմանթիք» անցեալ, որ կը մնայ քանի մը յամառ ու կարծես թէ «խենթ» մարդոց ուսերուն վրայ։
Չէ՛, մենք խենթ չենք, մենք կը մերժենք յանձնուիլը։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ վստահ ենք որ քանի դեռ վերջին ընթերցողը ողջ է, հայատառ մամուլը կրնայ ու պէտք է շարունակէ իր կեանքը։
Այսօր, մենք խոնարհ սրտով շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք չեն մոռցած «Մարմարա»ն։ Շնորհակալ ենք անո՛նց, որոնք դեռ կը կարդան մեր թերթը, անո՛նց, որոնք դեռ կը սրբագրեն, անո՛նց որոնք չեն վախնար քննադատութենէն։
Շնորհակալ ենք նաեւ սիրասուն ուսուցիչներուն, որոնք իրենց աշակերտներու առջեւ կը բանան թերթի էջերը՝ որպէս կենդանի դասագիրք մը, անո՛նց, որոնք կ’ըսեն՝ թերթը ձերն է, բայց նաեւ մե՛րն է։
Այս մարդիկ թերեւս թիւով քիչ են, բայց որակով՝ հսկայական։ Եւ մենք ամրօրէն կառչած ենք այս փոքրաթիւ, բայց նուիրեալ շրջանակին. պիտի շարունակենք գրել, պիտի գրենք մեր մայրենիով, մեր հաւատքով, լրագրողական մեր յամառութեամբ։
Թէեւ յուսահատութիւնը երբեմն ստուերի պէս քարշ կուգայ մեր ետեւէն, բայց եւ այնպէս մեր հայեացքը դեռ ուղղուած է դէպի լոյսը, որ կը կայծկլտայ փապուղիին ծայրը։ Այդ լոյսը ուրիշ բան չէ, քան ձեր ձեռքերուն մէջ բացուած «Մարմարա»ի ցոլքը։
Մեր 86ամեայ ուղին ցոյց կուտայ որ պայքարը տակաւին կը շարունակուի, հաւատքը դեռ կենդանի է եւ հայերէնին նուիրուած մեր առաքելութիւնը չէ հասած իր աւարտին։
Ամէն անցնող օր, ամէն նոր բառ, ամէն նախադասութիւն, սուրբ գործ մըն է մեր ժողովուրդի ու մեր լեզուի համար։ Մեր էջերը կ’ապրին, քանի դեռ դուք կը կարդաք զանոնք։ Ամէն տող ու ամէն էջ կը կենդանանայ այն պահուն, երբ ձեր հայեացքը կը հպի անոր։
Մենք վերջին, բայց անլքելի մոհիկաններն ենք եւ ուրեմն… շնորհաւոր տարեդարձ։
ՄԱՐՄԱՐԱ
https://www.facebook.com/photo?fbid=693300160396734&set=a.135021036224652
Bunu paylaş:
Leave a Reply