Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղի բնակիչները կը պահանջեն վերականգնել հայկական կիսակառոյց եկեղեցին

Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղի բնակիչները կը պահանջեն վերականգնել հայկական կիսակառոյց եկեղեցին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Հորիզոն»ը՝ վկայակոչելով Antakya gazetesi կայքէջը։

թուրքիոյ Հաթայ նահանգի Սամանդաղ շրջանի Պիթիաս գիւղին մէջ գտնուող աւելի քան մէկ դար առաջ կառուցուած եւ շինաւարտին չհասած հայկական եկեղեցւոյ շուրջ ծաւալող իրադարձութիւնները կը շարունակեն մնալ թրքական մամուլի ուշադրութեան կեդրոնը։

Տեղացիները կոչ կ’ընեն թուրքիոյ իշխանութիւններուն շուտափոյթ քայլերու ձեռնարկելու Մուսա Լերան ստորոտը կառուցուած եկեղեցւոյ վերականգնման համար՝ այդպիսով դարձնելով զայն նաեւ զբօսաշրջիկներու համար գրաւիչ վայր:

20-րդ դարու երկրորդ տասնամեակին սկսած շինարարութիւնը տարբեր պատճառներով երկու անգամ մնացած է կիսատ: Կը նշուի սակայն, որ նոյնիսկ այս վիճակին մէջ եկեղեցին իր հզօր ճարտարապետական կառուցուածքով կը տպաւորէ այցելուները։

Զուգահեռ կը նշուի, որ անիկա արդէն դարձած է լուսանկարիչներու եւ նորապսակներու սիրելի վայրերէն մէկը։

Մասնագէտներու կարծիքով՝ համապարփակ վերականգնման պարագային եկեղեցին կրնայ վերածուիլ Հաթայի զբօսաշրջութեան նոր կեդրոնի։ Տեղացիներուն համոզումով՝ այդ քայլը ոչ միայն կը պահպանէ տարածաշրջանի բազմաշերտ պատմամշակոյթի արժէքաւոր մասը, այլեւ տնտեսական նոր հնարաւորութիւններ կու տայ։

Համայնքին կարծիքով՝ Պիթիասի հայկական եկեղեցին պէտք է պահպանուի իբրեւ անցեալի համատեղ կեանքի խորհրդանիշ եւ փոխանցուի ապագայ սերունդներուն։

Նշենք, որ մինչեւ 1939 թուական Սուրիոյ հիւսիս արեւմուտքը գտնուող Ալեքսանտրէթի Սանճագը ֆրանսական հոգատարութեան ներքոյ ինքնավար նահանգ էր։ 1936-ին սկիզբ առած քաղաքական ճգնաժամ մը ցնցեց Սանճագի բնակչութիւնը, երբ ինքնավար նահանգի ֆրանսական հոգատարութենէն թրքական գերիշխանութեան փոխանցումը իրարանցում ստեղծեց։ Այդ մէկը արաբներու, ալեւիներու եւ քրիստոնեաներու համար ահազանգային մակարդակներու հասաւ, երբ 1938-ին խեղաթիւրուած ընտրութիւններու իբրեւ արդիւնք, Սանճագի օրէնսդիր մարմնին մէջ գոյացաւ թրքական մեծամասնութիւն մը։ Մէկ տարի ետք՝ թուրքիա իրեն կցեց շրջանը։ Այդ քայլը, շրջանի հայերու մեծամասնութեան, ներառեալ այլ ազգային խմբաւորումներու, մղեց գաղթելու եւ ապաստանելու Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարբեր տարածքներու մէջ։ 4500 մուսալեռցիներ 23 Յուլիս 1939-ին տարագրութեան ճանապարհը բռնեցին եւ ժամանակ մը ետք հաստատուեցան Այնճար։

Ներկայիս, Մուսա լերան միայն Վագըֆ գիւղին մէջ կը բնակին հայեր։

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2025
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ