Իրանի խորհրդարան. «Զանգեզուրի միջանցք»-ին նման ծրագիրներ իրականացնելու որեւէ քայլ պիտի դառնայ հաւաքական անվտանգութեան համար ուղղակի սպառնալիք»

Իրանի խորհրդարանի նախագահութեան անդամ Ահմետ Նատերի երէկ օրէնսդիր մարմինի բաց նիստի ընթացքին կարդացած է աւելի քան 150 երեսփոխաններու յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերէր Հարաւային Կովկասի շրջանի ռազմավարական նշանակութեան եւ Իրանի հիւսիսարեւմտեան սահմաններուն վերաբերեալ վտանգաւոր ծրագիրներու դէմ պայքարին: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Իսլամական խորհրդարանական ժողովը` իբրեւ Իրանի մեծ ազգի ներկայացուցիչ եւ սահմանադրութեան ու վարչակարգի ընդհանուր քաղաքականութեան ծիրին մէջ, կ՛ընդգծէ Հարաւային Կովկասի ռազմավարական դիրքը երկրին համար: Այս շրջանը ոչ միայն աշխարհագրական սահման է, այլ նաեւ Իրանի անվտանգութեան շրջագիծի, ռազմավարական խորութեան եւ քաղաքակրթութեան ոլորտին մէկ մասը, որ դարեր շարունակ ամուր պատմական, մշակութային եւ անվտանգութեան կապեր ունեցած է Իրանի հետ եւ այսօր ալ կը շարունակէ կենսական դեր խաղալ տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային անվտանգութեան պահպանման գործին մէջ:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, հիմնուելով իր հաստատուած սկզբունքներու վրայ, միշտ ձգտած է շրջանային խնդիրներու լուծման` շրջանի երկիրներուն միջեւ ուղիղ երկխօսութեան միջոցով` ազատ շրջանային ուժերու միջամտութենէն: Ճանչցուած սահմանները փոխելու, պարտադրուած միջանցքներ ստեղծելու կամ «Զանգեզուրի միջանցք»-ին նման ծրագիրներ իրականացնելու որեւէ գործողութիւն պիտի ըլլայ շրջանի ազգերու շահերուն հետ անհամատեղելի գործողութիւն եւ հաւաքական անվտանգութեան ուղղակի սպառնալիք:

«Յղում կատարելով հաստատուած միջազգային սկզբունքներուն` Իսլամական խորհրդարանական ժողովը կը յիշեցնէ, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն` առանց համապատասխան կառավարութիւններու համաձայնութեան, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի ակնյայտ խախտում է:

«Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը ինքնիրեն իրաւունք կը վերապահէ օգտագործել բոլոր քաղաքական, իրաւական եւ օրինական կարելիութիւնները վճռական պաշտպանութեան համար` ազգային անվտանգութեան եւ շահերու վրայ յարձակումի պարագային: Հարաւային Կովկասը կենսական նշանակութիւն ունի ոչ միայն անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով, այլ նաեւ իբրեւ Իրանի եւ շրջանին համար կարեւոր ուժանիւթային, տարանցիկ եւ տնտեսական կապի միջանցք: Իրանի աշխարհատնտեսական դիրքը թուլացնելու ուղղուած որեւէ տնտեսական եւ տարանցիկ նախագիծ Իսլամական խորհրդարանական ժողովի տեսանկիւնէն անընդունելի է ազգին համար: Իրանը կը կարծէ, որ իրական զարգացումը տեղի պիտի ունենայ, երբ անիկա ներառէ շրջանի բոլոր երկիրներուն շահերը եւ իրականացուի անոնց ազգային գերիշխանութեան յարգանքով:

«Իսլամական խորհրդարանական ժողովը կը զգուշացնէ, որ կովկասեան շրջանին մէջ յառաջիկայ զարգացումները կրնան ուղեկցուիլ որոշ շրջանային գործիչներու կողմէ իրականացուող բեմագրութիւններով` միջտարածաշրջանային տէրութիւնները գրգռելու համար: Նման շրջանային դաշինքները չեն կրնար կայուն անվտանգութիւն ստեղծել: Զգօնութիւնը, համախմբուածութիւնը եւ աշխուժ դիւանագիտութիւնը պիտի ըլլան Իրանի հիմնական գործիքները` այս սպառնալիքներուն հակազդելու համար: Մենք շրջանի բոլոր երկիրներուն կոչ կ՛ուղղենք պահպանելու բարի դրացիութեան սկզբունքը, խուսափելու լարուածութիւն ստեղծող գործողութիւններէ եւ ընդլայնելու շրջանային համագործակցութիւնը առանց օտարերկրացիներու ներկայութեան: Տնտեսական եւ տարանցիկ յարաբերութիւններու զարգացումը կայուն պիտի ըլլայ միայն գոյութիւն ունեցող սահմաններու ծիրին մէջ եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած:

Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը` պատիւի, իմաստութեան եւ նպատակայարմարութեան երեք սկզբունքներու վրայ հիմնուած աշխուժ դիւանագիտութեամբ, պատրաստ է օգնելու Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ կարգաւորման` համագործակցելով բոլոր շրջանային կողմերուն հետ: Իրանցի ազգի ներկայացուցիչները պիտի պաշտպանեն ազգային շահերը` վերահսկելով արտաքին քաղաքականութեան իրականացումը եւ պահպանելով երկրի պատմական եւ անվտանգութեան իրաւունքները»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2025
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ