Դատարանը մերժեց «Էնսար»ի առարկութիւնը

Նախա­պէս Գուզկունճուքթա­ղի աշա­կեր­տութեան ծա­ռայող եր­բեմնի Ներ­սէ­սեան դպրո­ցը աշա­կեր­տի բա­ցակա­յու­թեան պատ­ճա­ռով ծա­ռայու­թե­նէ թաթ­րած էր եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր։ Թա­ղակա­նու­թիւնը եկա­մուտ ապա­հովե­լու ակնկա­լելու­թեամբ շէն­քը վար­ձած էր Սկիւ­տա­րի Քա­ղաքա­պետա­րանին։ Քա­ղաքա­պետա­րանն ալ իր կար­գին այս կա­լուա­ծը անվճար կեր­պով տրա­մադ­րեց «Էն­սար» հիմ­նադրա­մին, որ խոս­տա­ցած էր շէն­քը շա­հագոր­ծել ու­սա­նող­նե­րու հա­մար, որ­պէս հան­րա­կացա­րան։

Շրջա­նային վար­չութիւննե­րու ընտրու­թիւննե­րու աւար­տին բա­զում վայ­րե­րու նման Սկիւ­տա­րի Քա­ղաքա­պետա­րանն ալ ան­ցաւ ընդդի­մադիր Ժո­ղովրդա­հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան թեկ­նա­ծու­նե­րուն։

Նոր քա­ղաքա­պետ Սի­նեմ Տե­տեթաշ չե­ղեալ հա­մարեց նախ­կին հայ­կա­կան դպրոցը «Էն­սար» հիմ­նարկին, անվճար տրա­մադ­րե­լու որո­շու­մը։

«Էն­սար» հիմ­նարկը Քա­ղաքա­պետա­րանի որո­շու­մին դէմ դա­տարան դի­մեց, բայց դա­տարա­նը իրա­ւացի գտաւ Քա­ղաքա­պետա­րանի որո­շու­մը եւ պա­հան­ջեց որ «Էն­սար» վե­րադարձնէ իր շա­հագոր­ծած տա­րած­քը։ Նշենք որ այս զար­գա­ցումնե­րը ժխտա­կան հե­տեւանք մը չեն ու­նե­ցած Գուզկունճու­քի թա­ղակա­նու­թեան հաշ­ւոյն, քա­նի որ Քա­ղաքա­պետա­րանը ընդմիշտ վճա­րած է վարձքի փո­խարի­նող գու­մա­րը։

https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/35367/tadarani-myerjyets-ensari-arargutiwni

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ