Թրքական աշխարհը կարիքը ունի ուղղակի հաղորդակցութեան միջանցքի մը, որ Զանգեզուրն է. Պաքուի մօտ Թուրքիոյ դեսպան

Պաքուի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Պիրոլ Աքկիւն յայտարարեց, որ Ատրպէյճան՝ «իբրեւ յաղթող կողմ, իրաւացիօրէն կը յայտարարէ Զանգեզուրի միջանցքի բացումին անհրաժեշտութեան մասին, ինչպէս նախատեսուած է նաեւ 2020ի համաձայնագիրով»: 

«Թրքական աշխարհին պէտք է միջանցք մը՝ ուղիղ հաղորդակցութեան համար, եւ այդ միջանցքը Զանգեզուրի միջանցքն է: 1937էն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով պիտի կատարուի ուղիղ հաղորդակցութիւն Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ թրքական աշխարհին միջեւ», ատրպէյճանական «Էյ.Պի.Էյ.» լրատու գործակալութեան ըսաւ Աքկիւն՝ աւելցնելով, որ «ասոր բացման ժամկէտը եւ պայմանները կախեալ են երկու կողմերու՝ իբրեւ անկախ պետութիւններ, համաձայնութենէն»:

«Մենք կը փափաքինք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը արագանայ: Եթէ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուի կամ նախաստորագրուի, եւ գործադրուին Զանգեզուրի միջանցքին վերաբերող պայմանները, կրնայ բացուիլ նաեւ Հայաստան-Թուրքիա Սահմանը», յայտնեց Աքկիւն՝ ընդգծելով, որ այդ մէկը տեղի պիտի ունենայ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ խորհրդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիա պատրաստ է Ատրպէյճանի որոշումով բռնագրաւուած Արցախի որեւէ քաղաքի մէջ հիւպատոսութիւն բանալու: «2021ին մենք դիմում ներկայացուցինք Շուշայի մէջ (բռնագրաւուած Շուշի) Թուրքիոյ հիւպատոսութիւն բանալու համար: Առայժմ ոչ մէկ երկիր հոն հիւպատոսութիւն ունի», ըսաւ Աքկիւն:

https://asbarez.am/archives/486929

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ