Երեւանի Մատենադարանը ժամանակաւորապէս պիտի պահէ Պաղեստինի վտանգուած մշակութային ժառանգութիւնը

Հայաստան եւ Պաղեստինի իշխանութիւնները համաձայնեցան ժամանակաւորապէս Երեւանի Մատենադարանին մէջ պահպանել վտանգուած պաղեստինեան մշակութային ժառանգութեան նմոյշները, յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան, որ 30 Յուլիսին, Նիւ Եորքի մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Վարսէն Աղաբեկեանին հետ, ՄԱԿի՝ «Երկու պետութիւն սկզբունքի հիման վրայ Պաղեստինի հարցի խաղաղ կարգաւորման» նուիրուած նախարարական համաժողովի ծիրին մէջ։

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան՝ երկու դիւանագէտները քննարկեցին Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի իրավիճակը։

Անոնք անդրադարձան երկկողմ յարաբերութիւններու ընթացքին եւ կարծիքներ փոխանակեցին հնարաւոր միացեալ ծրագիրներու մասին։ Գնահատուեցաւ նաեւ պաղեստինցի դիւանագէտներու մասնակցութիւնը Հայաստանի դիւանագիտական դպրոցին կողմէ իրականացուող դիւանագէտներու վերապատրաստութեան ծրագիրին։

Նշենք, որ նախորդ տարի, Երեւան ճանչցաւ Պաղեստինի պետութիւնը, Պաղեստինեան իշխանութիւնը ողջունեց Երեւանի քայլը, մինչ իսրայէլեան աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ Իսրայէլի մօտ Հայաստանի դեսպան Արման Յակոբեանը եւ այս գծով անոր «խիստ յանդիմանութիւն» փոխանցուեցաւ, նաեւ նշուեցաւ, որ այդ քայլը լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ Իսրայէլի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն վրայ

Համաժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, Կոստանեան նաեւ ողջունեց Ֆրանսայի կողմէ Պաղեստինի ճանաչումը եւ Մեծն Բրիտանիոյ վերջին յայտարարութիւնը՝ թէ կը պատրաստուի նոյն քայլը առնելու, եթէ Իսրայէլ չդադրեցնէ Կազայի վրայ յարձակումները։

«Առանձնայատուկ հպարտ ենք, որ Ֆրանսիայի եւ Պաղեստինի արտաքին գործերի նախարարները հնարաւորութիւն ունեցան հանդիպելու Հայաստանում՝ «Երեւանեան երկխօսութիւն» դիւանագիտական համաժողովի շրջանակում՝ ճանապարհ հարթելով այս պատմական իրադարձութեան համար», ընդգծել Կոստանեան՝ աւելցնելով. «Հայաստանը համոզուած է, որ միայն երկու անկախ հարեւան պետութիւնների գոյութիւնն է, որ կարող է երաշխաւորել երկարատեւ կայունութիւն, անվտանգութիւն, խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն, ինչպէս Պաղեստինի, այնպէս էլ Իսրայէլի ժողովուրդների համար»։

Ան նաեւ յայտնեց, որ Հայաստան՝ իր իսկ փորձառութենէն մեկնելով, լաւ գիտէ պատերազմներու սարսափը։ Թէեւ Հայաստանի կարելիութիւնները սահմանափակ են, սակայն իրենք կը փորձեն աջակցիլ Պաղեստինի ժողովուրդի կարիքներուն։ Եգիպտոսի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ, Հայաստան մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Կազա։ Աջակցած են նաեւ ՄԱԿի Միջին Արեւելքի Պաղեստինցի գաղթականներու օգնութեան եւ Աշխատանքներու գործակալութեան՝ UNRWA-ի գործունէութեան, դիտել տուաւ Կոստանեան։

«Օգտուելով ընձեռուած հնարաւորութիւնից՝ թոյլ տուէք նաեւ յայտարարել, որ համաձայնութեան ենք եկել Պաղեստինի հետ, ըստ որի՝ Պաղեստինի վտանգուած մշակութային ժառանգութիւնը ժամանակաւորապէս կը հանգրուանի հին ձեռագրերի գիտահետազօտական ինստիտուտ-Մատենադարանում: Հայաստանը նաեւ ընդգծում է երկու պետութիւններում քրիստոնէական համայնքների ապահովութեան, անվտանգութեան եւ ամբողջական իրաւունքների պաշտպանութեան կարեւորութիւնը: Լինելով աշխարհի հնագոյն քրիստոնէական ազգերից մէկը՝ մենք յատուկ կարեւորութիւն են տալիս Սուրբ հողում քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանութեանը: Հայաստանը լիայոյս է, որ Երուսաղէմի սրբավայրերի կառավարման պատմական ստատուս քոն կը պահպանվի եւ լիովին կը յարգուի՝ որպէս միջկրօնական համերաշխութեան եւ խաղաղ համակեցութեան անկիւնաքար», շեշտեց Կոստանեան։

https://asbarez.am/archives/486883

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ