Արժէքաւոր նուիրատուութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկին

Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Վահան ծ. վրդ. Օհանեան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնած է շուրջ 32 հազար միաւոր փաստաթուղթ, զորս ան հաւաքած է իր երկարամեայ գիտական, հոգեւոր եւ ազգային ծառայութեան ընթացքին:

Նիւթերը կ՛ընդգրկեն ամերիկեան, բրիտանական թերթերէ յօդուածներ եւ Ֆրանսայի Նանթ քաղաքի արխիւին մէջ պահպանուած դիւանագիտական փաստաթուղթեր` Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս Հայկական հարցին առնչութեամբ:

Այս արժէքաւոր հաւաքածոն կարեւոր աղբիւր կը հանդիսանայ հետագայ ուսումնասիրութիւններու, յատկապէս` Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան հետազօտման համար:

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ