
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Թրքական եւ ռուսական ուժերու աքցանին մէջ առնուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1920-ի աշնան կենաց մահու գօտեմարտեր կը մղէր: Թրքական զօրքերը մօտեցած էին Կարսի եւ Մարգարայի, իսկ բոլշեւիկեան ուժերը Արցախի եւ Զանգեզուրի մէջ սանձարձակ բռնութիւններով կը ջանային ճնշել հայերու դիմադրութիւնը:
Հայկական բանակը հոկտեմբեր 26-ին Մարգարայի կողմէն հակայարձակման անցաւ եւ թրքական բանակը շպրտեց դէպի Բարթողեան լեռները:
Նոյն ժամանակ թրքական բանակը կրկին յարձակման անցաւ Կարսի ուղղութեամբ: Հայկական բանակը, յամառ դիմադրութենէ ետք, դիրքերը լքելով նահանջեց: Ռազմաճակատի գիծը աւելի մօտեցաւ Կարսի:
Թրքական հրամանատարութիւնը, մտածելով որ Կարսի վրայ գլխաւոր ուղղութեամբ յարձակումը կրնայ դժուար ըլլալ, հայերէն աննկատելի կերպով կարգ մը ուժեր Նախիջեւան տեղափոխեց, ուրկէ հոկտեմբեր 28-ին սրընթաց գրոհով գրաւեց Վեզինքէօյը:
Հայկական բանակի հրամանատարութիւնը թշնամին տեսաւ իր քիթին տակ, շատ վտանգաւոր դիրքի մը մէջ:
Երկու օր շարունակ այդ գիծին վրայ յամառ մարտեր մղուեցան եւ կը թուէր, թէ հնարաւոր է կասեցնել թշնամին, սակայն հինգերորդ գունդը, բոլշեւիկներու ազդեցութեան տակ, կրկին անգամ հրաժարեցաւ կատարելու մարտական առաջադրանքը եւ նահանջեց:
Կարսի բերդը, քաղաքի բարձունքին, բաղկացած է արտաքին եւ ներքին ամրոցներէ: Արտաքին պատերը բաղկացած են հինգ շերտերէ: Ամբողջ բերդը խոր խրամատներով շրջապատուած է:
Կարսի բերդակալը եւ ճակատի հրամանատարը զօրավար Դանիէլ Բէկ Փիրումեանն էր, սպայակոյտի պետը` գնդապետ Վահան տէր Առաքելեան:
Թրքական հրամանատարութեան մարտավարութիւնն էր խուսափիլ Կարսի վրայ ճակատային յարձակումէն, եւ փոխարէնը թիկունքէն շրջապատել քաղաքը եւ զայն կտրել Ալեքսանդրապոլ տանող երկաթուղագիծէն ու ճանապարհէն:
Թրքական զօրքերը հոկտեմբեր 28-ին գրաւեցին Կարսի շրջակայ բարձունքները, իսկ հայկական ուժերը երեք կողմէն նահանջեցին դէպի քաղաքին աւելի մօտ գտնուող դիրքեր: Հոկտեմբեր 29-ին բերդը երեք կողմէն շրջապատուեցաւ:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ հոկտեմբեր 29-ի երեկոյեան զօրավար Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի գլխաւորութեամբ ռազմական խորհրդակցութիւն կատարուեցաւ եւ որոշուեցաւ Կարսը առանց կռուելու թշնամիին յանձնել:
Գնդապետ Յովհաննէս Մազմանեան
Կարսի բերդակալ զօրավար Դանիէլ Բէկ Փիրումեան
Գնդապետ Յովհաննէս Մազմանեան իր առաջին գունդով հոկտեմբեր 29-էն 30 լուսցող գիշերուան ընթացքին փորձեց հակայարձակման անցնիլ եւ վերագրաւել Վեզինքէոյի բարձունքները, սակայն զինուորները հրաժարեցան մարտական առաջադրանքը կատարելէ:
Մինչ այդ, հոկտեմբեր 30-ի առաւօտուն թրքական զօրքերը սկսան բերդը գրաւելու վերջնական գործողութեան: Դաշտի կողմէն անոնք գրեթէ անխափան մուտք գործեցին քաղաք եւ խուճապ յառաջացուցին խաղաղ բնակիչներուն ու զօրքին մէջ:
Գնդապետ Յովհաննէս Մազմանեան մերժեց ենթարկուիլ նահանջելու ու բերդը լքելու հրամանին եւ մինչեւ վերջ մնալով անձնասպան եղաւ: Անոր վերջին բառերը եղան. «Մի կեանք ունեմ, Հայրենիք, քեզ եմ տալիս»:
Զօրավար Դանիէլ Բէկ Փիրումեան կէսօրին դիմեց Գարեգին եպիսկոպոս Յովսէփեանցի, ըսելով. «Սրբազան, մի բան դուք պէտք է փորձէք, անձամբ բերդի գլուխը պիտի բարձրանաք եւ յայտնէք մեր անձնատուութիւնը»: Գարեգին եպիսկոպոս, գնդապետ Վահան Տէր Առաքելեան եւ օդաչու սպայ մը բերդ բարձրացան եւ սպիտակ դրօշակ պարզեցին: Հոն երեքը մէկ ձերբակալուեցան եւ թրքական հրամանատարութիւն տարուեցան: Սրբազանը թուրքերէն խնդրեց դադրեցնել կրակը:
Կարսի գրաւումէն ետք մեծաթիւ հայ զինուորականներ գերեվարուեցան: Թուրքեր սկսան խուզարկել հայերու բնակարանները եւ բռնի տաժանակիր աշխատանքի լծել հայերը: Գարեգին եպիսկոպոս մնաց պատնէշի վրայ եւ կարելիութեան սահմանին մէջ օգտակար եղաւ ժողովուրդին:
Մինչ Կարսի անկումէն ետք հայկական բանակը բարոյական եւ հոգեբանական ծանր պայմաններու տակ կը շարունակեր նահանջել, անդին Լեռնահայաստանի մէջ բոլշեւիկներուն դէմ դիմադրութիւնը նոր ծաւալ կը ստանար:
Դիզակի մէջ Թեւան Ստեփանեանի գլխաւորութեամբ սկսած ապստամբական շարժումը տարածուեցաւ Արցախի տարբեր շրջաններ: Ապստամբներու թիւը Արցախի մէջ հասաւ 1800 հոգիի:
Նոյն ժամանակ Դարալագեազի հայկական հրամանատարութեան կարգադրութեամբ Պօղոս Տէր Դաւթեան հարիւր ձիաւորներով ազատագրեց Բազարչայը եւ խուզարկու արշաւանքի ձեռնարկելով հասաւ Գորիս քաղաքի բարձունքները:
Եռաբլուրի սարահարթին վրայ բոլշեւիկեան զօրքերու հետ երեք օր շարունակ բուռն կռիւներ մղուեցան:
Ի վերջոյ Պօղոս Տէր Դաւթեանի ուժերը ստիպուած նահանջեցին դէպի Եայջի (Հարժիս), մեծ դժուարութեամբ անցնելով յորդացած Որոտան գետը եւ գետանցի ժամանակ տալով տասնչորս զոհ:
Կարմիր բանակի զօրագունդները, նոր համալրումներ ստանալով, առաջադրանք ստացան ամէն գնով ճնշելու Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ բարձրացած ապստամբութիւնը: Կարմիր բանակի համալրուած զօրքերու շարքին կար նաեւ 400 հոգիէ բաղկացած թրքական գունդ մը: Այդ գունդը ռուսական կարմիր բանակին հետ լեռնային հայկական գիւղերը «ազատագրելէ» ետք պիտի անցնէր Նախիջեւան եւ պիտի միանար հոն գտնուող թրքական ջոկատին:
Թրքական ուժեր նոյեմբեր 4-ին գրաւեցին Եայջին, եւ Նախիջեւան մեկնելու փոխարէն մտան շրջակայ հայկական գիւղերը եւ աւերածութիւններ կատարեցին:
Յագուրդ տալով իրենց ծարաւին, թրքական ուժերը նոյեմբեր 12-ին շարժեցան դէպի Ուզ (այժմՈյծ) եւ Ղարաքիլիսա (այժմ
Սիսիան) բնակավայրերը: Փութով այդ բնակավայրերուն իր հեծեալ ջոկատով օգնութեան հասաւ Պօղոս Տէր Դաւթեան:
Ոյծ կը գտնուի Սիսիան գետի ափերուն, Սիսիան քաղաքին մօտակայքը: Գիւղին բնակիչները 1828-1829-ին Պարսկահայաստանի Խոյ եւ Սալմաստ գաւառներէն տեղափոխուած են հոն: 1909-ին կառուցուած է Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին:
Հայ մարտիկները, մառախուղէն օգտուելով, խելայեղ յարձակման անցան: Պօղոսին միացան Չիմքենդէն վերադարձած գորիսցիներու խումբը եւ նոր կազմաւորուած գիւղական ջոկատները:
Թուրքեր, հարիւրէ աւելի սպաննուած տալով, բռնեցին փախուստի ճամբան: Սակայն ճակատամարտի վերջաւորութեան Պօղոս Տէր Դաւթեան գլուխէն վիրաւորուեցաւ եւ քանի մը օր ետք, նոյեմբեր 20-ին մահացաւ ստացած վէրքերուն հետեւանքով: Մարմինը ծննդավայր Վերին Խոտանան տեղափոխեցին: Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 4-ին:
Ժողովրդական Հերոս Պօղոս Տէր Դաւթեան
Պօղոս Տէր Դաւթեան ծնած է 12 նոյեմբեր 1880-ին, Կապանի շրջանի Վերին Խոտանան գիւղին մէջ: 1892-ին ընդունուեցաւ Նախիջեւանի ռուսական քաղաքային ուսումնարանը, որուն վեցերորդ դասարանը աւարտեց յաջողութեամբ: Այնուհետեւ տեղափոխուեցաւ Պաքու եւ Պալախանիի քարիւղի հանքերուն մէջ աշխատանքի մտաւ:
Ռուսական բանակին մէջ ծառայութեան մտաւ 1901-ին եւ դարձաւ զինուորական ուսումնարանի ունկնդիր:
Ռուս-ճափոնական 1904-1905-ի պատերազմին մասնակցեցաւ սպայի աստիճանով եւ իր քաջագործութիւններով աչքի զարկաւ յատկապէս Մուքտէնի ճակատամարտին, որուն համար ալ արժանացաւ Գէորգիւեան խաչի շքանշանին:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք, 1914 նոյեմբեր 21-ին հեծելազօրքի Բալխովեան 138-րդ գունդի կազմէն ներս գերմանական ճակատ ուղարկուեցաւ: 2 յուլիս 1917-ին պադպորուչիկի զինուորական կոչում ստացաւ: Յուլիս 20-ին վիրաւորուեցաւ եւ Պաքու վերադառնալով բուժում ստացաւ: 1918-ին պորուչիկի զինուորական կոչում ստացաւ:
Պօղոս Տէր Դաւթեան Պաքուի 1918-ի հերոսամարտին գործօն մասնակցութիւն բերաւ եւ ութերորդ գումարտակին հրամանատարը եղաւ:
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ Սիսիանի մէջ տեղաւորուած զօրքերու գլխաւոր հրամանատար նշանակուեցաւ: Ան ամէն ջանք ի գործ դրաւ ամրապնդելու Սիւնիքի եւ Արցախի սահմանային գիւղերը եւ ամուր կապ հաստատելով Զանգեզուր գտնուող Անդրանիկի զօրքերուն հետ:
Պօղոս Տէր Դաւթեան զգալի աշխատանք տարաւ Զանգեզուրը թուրք աւազակներէն փրկելու, ինչպէս նաեւ Արցախը հայրենիքին միաւորելու եւ անգլիացիներուն հետ այդ նպատակով բանակցութիւններ վարելու ուղղութեամբ:
Հայկական բնակավայրերու վրայ յարձակումներ կազմակերպող թաթար հրոսակներու դէմ Պօղոս Տէր Դաւթեանի յանդուգն ու անսպասելի հարուածները դարձան շեշտակի: Անոր անուան շուրջ սկսան առասպելներ հիւսուիլ: 1919 օգոստոսին ան կասեցուց Նախիջեւանի կողմէն թուրքերու յարձակումները Վայոց Ձորի ուղղութեամբ, իսկ նոյեմբերին Եռաբլուրի սարահարթին վրայ ջախջախիչ հարուած հասցուց թուրք-ազրպէյճանական գերազանց ուժերուն, որոնք կը փորձէին ներխուժել Գորիս:
Հայաստանի կառավարութիւնը 9 սեպտեմբեր 1920-ին Պօղոս Տէր Դաւթեանին գնդապետի կոչում շնորհեց:
Խորհրդային Ազրպէյճանի կառավարութիւնը, իրեն նեցուկ ունենալով բոլշեւիկեան Ռուսաստանի հովանաւորութիւնը, Արցախն ու Սիւնիքը իրեն ենթարկելու քայլեր ձեռնարկեց: Կարմիր բանակի զօրագունդերը սկսան իրականացնել համաշխարհային յեղափոխութիւնը տարածելու իրենց առաքելութիւնը: Արցախը Ազրպէյճանի բռնակցելէ ետք, յաջորդ քայլը ձեռնարկուեցաւ Զանգեզուրի դէմ:
Զանգեզուրի մէջ խորհրդային իշխանութեան հաստատումը, ի տարբերութիւն Արցախի, տեղի կ՛ունենար զգալի դժուարութիւններով: Իսկ երբ ժողովուրդին համար պարզ դարձաւ, որ կարմիր բանակը ունի մէկ առաքելութիւն` Զանգեզուրի միացումը Ազրպէյճանին, փարեցաւ ինքնապաշտպանութեան: Ժողովրդային դիմադրութեան առաջնորդները եղան Գարեգին Նժդեհ եւ Պօղոս Տէր Դաւթեան:
Թուրքերու դէմ Ոյծ գիւղին մօտ տեղի ունեցած կռուին, 12 նոյեմբեր 1920-ին Պօղոս Տէր Դաւթեան ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ: Գնդակը ծակեց անոր աջ յօնքը եւ կտրեց ոսկորը: Երկու շաբաթ մահուան դէմ մաքառելէ ետք ան մահացաւ: Մահուան օրը զէնքի ընկերները անոր մարմինը ուսամբարձ, ձիւն ձմրան, 60 քիլոմեթր ճամբայ կտրելով տարին Վերին Խոտանան եւ քանի մը օր ետք հողին յանձնեցին:
Leave a Reply