«Ալֆորվիլ` հայկական աւան մը – 1920-1930-ական թուականներ» խորագրեալ ցուցահանդէսին առիթով հարցազրոյց Սեւան Անանեանին հետ

Ֆրանսահայ «Նոր Յառաջ» թերթը հարցազրոյց մը կատարած է պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչ Սեւան Անանեանին հետ` վերջերս Ալֆորվիլի 140-ամեակի ծիրին մէջ տեղւոյն քաղաքապետութեան առաջարկով կայացած «Ալֆորվիլ. հայկական աւան մը – 1920-1930-ական թուականներ» խորագրեալ ցուցահանդէսին առիթով: Հարցազրոյցը ստորեւ կը հրատարակենք իր շահեկանութեան համար. արդարեւ, հոս ոչ միայն ցուցահանդէսին մասին կը խօսուի, այլ` Ալֆորվիլի մէջ հայութեան պատմութեան ու ներդրումին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս ծնաւ «Ալֆորվիլ. հայկական աւան մը – 1920-1930-ական թուականներ» ցուցադրութեան ծրագիրը:

ՍԵՒԱՆ ԱՆԱՆԵԱՆ.- Այս ծրագիրը մեր փափաքն էր` ներկայացնելու հաւաքական յիշողութեան մը պատմութիւնը, որ տակաւին իր բազմազան երեսներով բաւարար չափով չէ բացայայտուած եւ ցարդ կը ներկայացուի անստոյգ, թերի ու երբեմն կողմնակալ մօտեցումով:

2025-ին Ալֆորվիլ քաղաքը կը նշէ իր հիմնադրութեան 140-ամեակը, եւ այդ առիթով քաղաքապետարանը դիմեց մեզի` Հայ մշակոյթի տան, որպէսզի պատրաստենք ծրագիր մը` ընդգծելու հայերու մասնակցութիւնը քաղաքի կառուցման մէջ:

Մենք ձեռնարկեցինք այս աշխատանքին պատմական մօտեցումով, միաժամանակ հաւաքեցինք բազմազան աղբիւրներ ու անոնց քննական վերլուծութեամբ փորձեցինք կարելի եղած չափով մօտենալ այն ժամանակներուն ապրուած իրականութեան:

Մեր մօտեցումը կը նպատակադրէ նաեւ հասկացողութեան եւ այսօրուան ընկերային հարցերու առնչուող հիմնաւորումներ ալ, մանաւանդ` գաղթականութեան եւ մերուելու հարցերուն շուրջ:

Ցուցադրութիւնը իրագործուած է Ալֆորվիլի Հայ մշակութային տան (ՀՄՏ) եւ Հայկական յիշողութեան հետազօտութեան եւ արխիւումի միութեան (ԱՐԱՄ) գործակցութեամբ: ԱՐԱՄ-ը  շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր  Մարսէյի մէջ կը գործէ` հաւաքելով, պահպանելով եւ արժեւորելով Ֆրանսայի հայութեան անցեալի առնչուող փաստաթուղթերը, իսկ երկու տարիէ ի վեր ան կը զարգացնէ իր ներկայութիւնը Փարիզի շրջանին մէջ` շնորհիւ Ալֆորվիլի ՀՄՏ տրամադրած միջոցներուն:

Հ.- Որո՞նք են Ալֆորվիլի հայ համայնքի կազմաւորման նշանակալի թուականները:

Ս. Ա.- Նոյնիսկ եթէ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ արդէն առաջին հայը արձանագրուած էր Ալֆորվիլի մէջ, բայց եւ այնպէս, համայնքը կը կազմուի 1922-23 թուականներէն սկսեալ` Ֆրանսայի  հայ համայնքներու մեծամասնութեան նման:

Երկրորդ հայը Ալֆորվիլ կը հաստատուի 1916-ին, 1917-ին կը հասնին երեք ուրիշներ` աշխատելու Պի-մեթալի եւ Ֆրանսայի թուղթի գործարաններուն մէջ:

1921-ի մարդահամարին տասը հայ անհատներ կ՛երեւին ցանկերուն վրայ:

Զմիւռնիոյ հրդեհէն եւ քեմալական Թուրքիոյ ծնունդէն ետք է, որ զանգուածային գաղթ կը սկսի դէպի Ֆրանսա, ու համայնքներ կը սկսին ձեւաւորուիլ եւ հաստատուիլ գործարաններով հարուստ քաղաքներու մէջ կամ շուրջ:

Պատերազմի ընթացքին հաստատուած չորս հայերը կը տեղեկացնեն Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն, որոնք իրենց գործարաններուն մէջ աշխատանքի առիթներ կը ստեղծեն: Այսպէս կը սկսին Պուրսայի շրջանի գիւղերէն, յատկապէս Չենկիւլէրէն եկած հայ ընտանիքներ հաստատուիլ Ալֆորվիլ:

Համայնքը արագ կը մեծնայ եւ1926-ին  կը հաշուէ 500 անձ, 1931-ին` 1800, 1936-ին` 2300 (ըստ մարդահամարի), իսկ մամուլը կը խօսի Ալֆորվիլի մէջ մինչեւ 3-4000 հայու մասին:

Յատկանշական այլ թուականներէն կարելի է թուել 1926-ը, երբ հիմնուեցաւ հայկական առաջին միութիւնը` Հայ երիտասարդութեան միութիւնը, 1930` Սուրբ Պօղոս-Պետրոս  առաքելական եկեղեցւոյ օծումը, որ կը համարուի Ֆրանսայի առաքելական առաջին եկեղեցիներէն:

Հ.- Ի՞նչ զարգացումներ նկատուած են այդ օրերէն ի վեր` Ֆրանսայի այլ համայնքներուն հետ համեմատած:

Ս. Ա.- Ուսումնասիրութեան տարիներուն ընթացքին մեր նկատած զարգացումը կ՛առնչուի հայերու բնակութիւն հաստատած` Ալֆորվիլի հարաւային հատուածին կեանքի պայմաններուն: Հատուած մը, որ, ըստ ֆրանսական եւ հայկական թերթերուն, կը կոչուի «հայկական աւան»: Սկզբնական շրջանին հայերը կը բնակին նկուղներու եւ փլատակ տուներու մէջ, ապա կարելի կը դառնայ օգտուիլ Île Saint-Pierre-ի ճահճոտ հողերու բաժանումէն, ինչպէս նաեւ հաւաքական աշխատանքով կը յաջողին Carnot թաղամասէն հողատարածքներ գնել եւ կառուցել առաջին տուներն ու շէնքերը:

Սակայն մինչեւ 1930-ականները շրջանը կը մնայ առանց կոյուղիի, ըմպելի ջուրի, ելեկտրականութեան ու վառելանիւթի:

Հիւանդութիւնները կը տարածուէին, մանաւանդ մանկական մահացութիւնը բարձր էր:

1930-ականներուն, համայնավար քաղաքապետ Մարսել Քափրոն զարկ կու տայ թաղամասին, թէեւ աղքատութեան հետեւանքները տակաւին կը զգացուէին:

Ուսումնասիրութիւնը չի վերաբերիր երկու պատերազմներու միջեւ ինկող ժամանակաշրջաններուն, սակայն կրնանք հաստատել, որ Ալֆորվիլի հայ համայնքը ոչ միայն զարգացած եւ համարկուած է, այլ նաեւ պահած է իր կենսունակութիւնը` ի տարբերութիւն այլ համայնքներու, որոնք տկարացած են: Հարկ է համեմատական, կանոնաւոր  եւ երկարաժամկէտ ուսումնասիրութիւն կատարել պատճառները յայտնաբերելու համար:

Ինչպէս այլ գաղութներու պարագային, այստեղ եւս 1970-ականներուն սկսած նոր գաղթը` Խորհրդային Հայաստանէն, Թուրքիայէն, Իրանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ վերջերս Հայաստանի Հանրապետութենէն, վերանորոգած եւ վերաշխուժացուցած է համայնքը:

Բացի թիւէն` համայնքի հաստատութիւններու գործունէութիւնը եւ 1960-ականներէն սկսեալ տեղական իշխանութիւններու հետ ստեղծուած կապերը մեծ դեր ունեցած են համայնքի գոյատեւումին վրայ:

Հ.- Որո՞նք են հայ համայնքի ներկայութեան ցուցանիշները` ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ:

Ս. Ա.- 1935-էն սկսեալ, եւ մանաւանդ 1946-1947-ին, մեծաթիւ հայեր տասնեակներով, հարիւրներով կը մեկնին Խորհրդային Հայաստան (ներգաղթ):

Դժուար է ստոյգ թիւը ճշդել, ուրիշներ կը փոխադրուին Փարիզ կամ մօտակայ աւելի բարեկեցիկ շրջաններ:

Մնացածներուն համար ֆրանսական քաղաքացիութիւն ձեռք բերելը կը նշանակէ, որ համայնքը քաղաքական ազդեցութիւն սկսած է ունենալ տեղական մակարդակի վրայ:

1950-ականներուն առաջին հայուհի պաշտօնեան կը ներգրաւուի  Ռաուլ Պլէօզ քաղաքապետի մեծամասնութեան ցանկին մէջ:

1965-ին, Ժոզեֆ Ֆրանչեսքիի ընտրութեամբ, երեք հայ խորհրդականներ կը մտնեն Քաղաքային խորհուրդ: Անոնք կը վայելեն ՀՅ Դաշնակցութեան տեղւոյն մարմինին նեցուկը:

Այսօր 5 հայ ներկայացուցիչներ կը գտնուի քաղաքապետարանէն ներս, եւ համայնքի ու քաղաքապետարանի միջեւ գոյութիւն ունին վստահութեան ամուր կապեր:

Ֆրանչեսքին կը նշէր, որ 1960-ականներուն «Հայերը դեռ իրենք զիրենք լիարժէք տէր չէին զգար Ալֆորվիլի մէջ»` նկատի ունենալով ինքնամեկուսացումի ձեւեր: Այսօր համայնքը կը ճանչցուի որպէս քաղաքի ինքնութեան կարեւոր մէկ մասնիկ:

Քաղաքացիական, մշակութային եւ ընկերային մասնակցութիւնը աշխուժ է` շնորհիւ տարբեր միութիւններու գործունէութեան: Ալֆորվիլի քաղաքապետարանէն ներս հայ ներկայացուցիչները կը շարունակեն իրենց նախորդներուն աշխատանքը եւ սիրով կը պաշտպանեն հայ համայնքին շահերը:

Հ.- Տնտեսական գետնի վրայ որո՞նք են մասնագիտական գլխաւոր ուղղութիւնները: Ժամանակի ընթացքին փոփոխութիւն նկատուա՞ծ է: 

Ս. Ա.- Առաջին սերունդը, ինչպէս ամբողջ Ֆրանսայի մէջ, մեծամասնութեամբ աշխատաւոր էր:

1931-ին շուրջ 70 առ հարիւր կը կազմէին գործարանի բանուորները եւ օրապահիկով  աշխատողները:

1920-30-ականներէն սկսեալ  տեսանելի է անցում  մը` դէպի սեփական աշխատանքներ` արհեստներ, փոքր առեւտուր, դերձակութիւն  (որ մինչեւ 1980-ականները եղաւ համայնքային յատուկ բնագաւառ մը եւ որոշ վերելքներու աղբիւր):

Այսօր  հայ համայնքին մէջ  կարելի է գտնել մասնագիտական այլազանութեամբ հմտացած անհատներ, ինչ կարելի պիտի ըլլար գտնել բնակչութեան միւս մասին մէջ:

Հ.- Ի՞նչ է Ալֆորվիլի հայ համայնքին առանձնայատկութիւնը:

Ս. Ա.- Ալֆորվիլի հայ համայնքը շատ նմանութիւններ ունի Ֆրանսայի այլ համայնքներուն հետ:

Օրինակ,  ինք եւս դարձած է բազմատեսակ` Միջին Արեւելքէն, Խորհրդային Հայաստանէն եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն եկած հայերով, որոնք ընկերատնտեսական նոյն չափանիշները չունին, ինչպէս նաեւ ինքնութեան նկատմամբ նոյն պատկերացումը` 1920-ին հասած սերունդներուն հետ համեմատած: Փողոցը, հանրաշարժին մէջ յաճախ կը լսենք հայերէն, յատկապէս` արեւելահայերէն:

Անգամ մը եւս կրնանք հաստատել, որ Ալֆորվիլի հայութիւնը աւելի աշխուժ է, քան շատ մը ուրիշ վայրերու հայութիւնը` վերը նշուած պատճառներուն շնորհիւ: Անոր կը նպաստէ միութիւններու հարուստ եւ կայտառ ցանց մը: Համայնքը կը պահէ իր գիւղական դիմագիծը` ընկերային հաւաքավայրերով եւ առեւտրական վաճառատուներով: Հայկական թաղամասին բնակչութիւնը հետզհետէ այլազան կը դառնայ, եւ հայերը այլեւս մեծամասնութիւն չեն ներկայացներ հոն: Ամէնօրեայ ճիգ կը պահանջէ, մարտահրաւէրները բազում են:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ