
Այսօր Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տօնեց թարգմանիչներ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի եւ Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետի յիշատակութեան տօնը:
Տօնին առիթով, Արագածոտնի թեմի Առաջնորդանիստ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեանի, մատուցուեցաւ տօնական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:
Օրուան Պատարագիչն էր՝ Տեղերի հովուութեան հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Մխիթար քահանայ Ահարոնեան: Պատարագիչ հոգեւորականը ներկայ հաւատացեալներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ կարեւոր համարելով գիրի եւ լեզուի նշանակութիւնը ժողովուրդի կեանքին մէջ, աւելցուց. «Այս տօնի մէջ է պարուրուած հայ մարդու կեանքի, գործունէութեան, աղօթքի մտքի, հոգու, մարմնի զօրացման եւ կեանքի մէջ յաւերժական ճամբորդ լինելու գաղափարը։ Գրի եւ լեզուի տօնն ամբողջ աշխարհում տօնում ենք միայն մենք՝ հայերս, այս տօնը հայոց գրի, հայոց այբուբենի ծննդեան տօնն է։ Այն մտքի, որ թեւ առաւ, ծնուեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում եւ թեւածեց աշխարհով մէկ։ Այսօրուայ աւետարանը գալիս է իւրաքանչիւրիս խրատելու։ Ղուկաս Աւետարանիչը ասում է ամենքիս մեր Տիրոջ խօսքը․«Մի վախեցիր, փոքրիկ հոտ, որովհետեւ քո Հայրը ուրախութեամբ է տուել ձեզ երկնքի արքայութիւնը․․․»Ղուկաս ԺԲ 32»:
Սուրբ Պատարագին աղօթակից էին հոգեւորականներ, Ղազարաւանի մենաստանի միանձնուհիներ, Հայաստանի տարբեր վայրերէ Օշական եկած ուխտաւոր հայորդիներ:
Սուրբ Պատարագի աւարտին Թեմակալ Առաջնորդը իր պատգամը յղեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին քրիստոնէական հալածանքներու վերաբերեալ։
Ամբողջական հոդվածը կարող եք կարդալ այս հասցեով՝ https://www.yerkir.am/hy/article/2025/07/10/296032
http://yerakouyn.com
Leave a Reply