Նոր հրատարակութիւններ

Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ (ԵԱԶԸՃԵԱՆ)

 – «Ականատեսի Յուշեր. Պոտիլ Քաթարինէ Պիորնի Ժառանգութիւնը (Memoirs of an Eyewitness: The Legacy of Bodil Katharine Biørn)», խմբագիր՝ Ռեգինա Գալուստեան, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ հիմնադրամի հրատարակչութիւն, Երեւան, 6 Յունիս 2025 (հին նորվեկերէնէ թարգմանուած՝ նորվեկիացի միսիոնարուհիին 1905-1937 ժամանակաշրջանի յուշերը եւ ականատեսի վկայութիւնները Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու՝ Հալէպ հաստատուած հայութեան մէջ 1920-30ականներուն իր գործունէութենէն), անգլերէն: Հատորը լոյս տեսած է Նորվեկիոյ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութեան դրամական աջակցութեամբ։

 – «Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութեան Գիտաժողովի Նիւթեր (21-22 Ապրիլ 2024)», հրատարակութիւն «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի թիւ 18, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2025, 362 էջ։

 – Բագրատունեան Ռուզաննա, «Յամր Կինոյի Խօսուն Կանայք – Resounding Women of Silent Cinema», գիտական ակնարկներու հեղինակներ՝ Սիրանոյշ Գալստեան եւ Անահիտ Յարութիւնեան, «Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, Մարտ 2025 (շատ հարուստ աղբիւրային հիմքով հեղինակուած աշխատութիւն 1924-1934 շրջանին հայկական եւ համաշխարհային յամր շարժապատկերի արուեստին մէջ ներդրում ունեցած 40 հայ դերասանուհիներու եւ շարժապատկերի արուեստին մէջ որեւէ մասնակցութիւն ունեցած առաւել քան 250 հայուհիներու մասին, շուրջ 250 լուսանկար), երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն: Ժողովածոն հրատարակութեան պատրաստած է «Եռանկիւն» ընկերային-մշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը։ Տպագրուած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան դրամաշնորհով։

 – Գարեգին Նժդեհ, «Որդիների Պայքարը Հայրերի Դէմ», հրատարակութիւն «Զաւէն եւ որդիք» տպարանի, Պէյրութ, 2025, 127 էջ: Հրատարակութիւնը անվճար կը բաժնուի հայկական վարժարաններու վերին դասարաններու աշակերտներուն եւ հայագիտական նիւթեր դասաւանդողներուն։

 – Թերզեան Պերճ, «Կարելի՞ Է Արեւմտահայերէնը Փրկել Այսօրուան Ցաւալի Վիճակէն», հրատարակչութեան կամ տպարանի անուն չէ նշուած, Գահիրէ, 2025, 43 էջ (16,9 x 24,1 սմ.) (16 մասերէ բաղկացած քննական յօդուած մը, խնդրագիր մը «առ ազգիս ղեկավարութեան կոչուած կառոյցներուն եւ անոնց հոգեւորական ու աշխարհական պատասխանատուներուն», հեղինակի «Հայեցի դաստիարակութեան վիճակը Եգիպտոսում այսօր» զեկոյցը Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան՝ 2010ին Ծաղկաձորի մէջ կազմակերպած «Արեւմտահայերէնի ուսուցման վիճակը Սփիւռքում» համաժողովին):

 – Ճան Սինան եւ Հալիճի Արա, «Արիւնով Եղբայրները. Ուղեւորութիւն Դէպի Անցեալ, Որ Զիրենք Բաժնած Էր, Բայց Վերամիացուց Զիրենք», արաբերէնի թարգմանեց Գէորգ Խաթուն Ուաննիս, հրատարակութիւն «Տար ալ-Ֆարապի» հրատարակչատան, Պէյրութ, 24 Ապրիլ 2025, 311 էջ (Նետըրլանտաբնակ թուրք եւ հայ հեղինակները կը ներկայացնեն պատումներ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին զիրար կորսնցուցած, ապա վերագտած հարազատներու, ինչպէս նաեւ հայերու ապաստան տուած այլազգիներու մասին), արաբերէն:

 – Մարգարեան Հրանդ, «Յակոբ Օշական՝ թատերագիրը», «Արմաւ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2025:

 – Յովսէփեան Մարիամ, «Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը Կ. Պոլսի «Ճակատամարտ» Օրաթերթի Էջերում (1918–1920 թթ.)», «Մեսրոպ արք. Աշճեան» մատենաշար թիւ 253, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2025, 246 էջ: Հրատարակուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով։

 – Չէքիճեան Յարութ, «Հայաստանի Հանրապետութեան Կազմաւորումը Եւ Սեւրի Դաշնագիրը», «Ազդակ»ի մատենաշար թիւ 1, Պէյրութ, 2025:

 – Չիֆթճեան Գրիգոր արք., «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմում՝ Հայկական Յուշարձանների Հետքերով», Գ. հատոր, Թաւրիզ, 2024 (Ա. մաս՝ Սոմա – Բրադոսթ, Բ. մաս՝ զրոյցներ, Գ. Մաս՝ յօդուածներ եւ վաւերագրեր):

 – Ֆահս Հուտա (Fahs Huda), «Ինքնութեան Պայքարը Հայոց Եւ Թուրքերու Միջեւ Օսմանեան Պետութեան Մէջ (1895-1918)», հրատարակութիւն «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամի թիւ 19, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2025, 376 էջ (հայ-թրքական հակամարտութիւններու մասնագէտ, շիի համայնքէն լիբանանցի պատմաբանուհիին դոկտորական ատենախօսութիւնը, որուն մէջ ան կը քննարկէ այս երկու հաւաքականութիւններուն ինքնութեան պայքարը դարերու ընթացքին՝ մինչեւ մեր օրերը, ներառեալ Արցախի մէջ), արաբերէն:

https://asbarez.am/archives/485881

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ