Օճալան. «Թուրքիոյ դէմ զինեալ պայքարը վերջ գտաւ, եւ կուսակցութեան զինաթափումը արագ տեղի պիտի ունենայ»

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավար Ապտալլա Օճալան Թուրքիոյ խորհրդարանին կոչ ուղղեց` «խաղաղութեան հոլովոյթին եւ զինաթափման հսկելու յանձնախումբ կազմելու»:

«Թուրքիոյ դէմ զինեալ պայքարը վերջ գտաւ», նշեց Օճալան` աւելցնելով. «Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինաթափումը արագ տեղի պիտի ունենայ»:

«Քաղաքական շրջագիծի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը վճռորոշ է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթի յաջողութեան համար», շեշտեց ան` կոչ ուղղելով դէպի ժողովրդավարական քաղաքականութիւն ամբողջական անցում կատարելու:

Յիշեցնենք, որ 1 մարտին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը ինքնալուծարման եւ զինեալ պայքարի դադրեցման որոշում որդեգրեց` ընդառաջելով Իմրալի կղզիին մէջ ցկեանս բանտարկուած իր ղեկավար Ապտալլա Օճալանի կոչին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ