Արաբերէն լեզուով լոյս տեսաւ «Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան գծով» հատորը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի 20-րդ հատորը՝ խորագրեալ «Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան գծով»։ Հատորի հեղինակն է Թաուասիֆ Ալ-Մուքպըլ։ Այս աշխատութիւնը հեղինակը իբրեւ մագիստրոսականի թէզ ներկայացուցած ու պաշտպանած է 2023 թուականին՝ Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի Իմամ Մոհամմատ Ըպըն Սուուտ իսլամական համալսարանի ընկերաբանութեան կաճառի պատմագիտութեան ու քաղաքակրթութեան բաժանմունքին մէջ:

Ուսումնասիրութեան ճամբով, Ալ-Մուքպըլ լուսարձակի տակ կ՚առնէ Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնական դերակատար Օսմանեան կայսրութիւնը, վերջինիս վարած պատմական քաղաքականութիւնը հայերու նկատմամբ, եւրոպական պետութիւններու կեցուածքը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով Մեծն Բրիտանիոյ քաղաքական ու ռազմական կեցուածքին դրդապատճառները։

Հատորը կարելի է ձեռք ձգել Կաթողիկոսարանի գրախանութէն, ինչպէս նաեւ այցելելով www.ciliciabookstore.com։

https://horizonweekly.ca

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2025
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ