Վերջին կտաւին առջեւ

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Աշակերտական խումբով Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ կը դիտենք «Կոմիտաս. Վերջին Գիշերը» կտաւը: Ահա այս կտաւն էր, յարգելի ընթերցող, որ իր անունը շնորհեց իմ նախորդ եօթը յօդուածներուս: Այս կտաւին մէջ Կոմիտասը ներկայացուած է իբրեւ հայ մտաւորականութեան հաւաքական կերպար: Առ այդ, ես փորձեցի նկարագրել եօթը հայ մտաւորականներու՝ Զօհրապի, Երուխանի, Սեւակի, Սիամանթոյի, Քրիսեանի, Տորեանի եւ Զարդարեանի «Վերջին Գիշերը»՝ անոնց 23 Ապրիլը: Իսկ շաբաթ մը առաջ այցելեցի վարդապետին՝ անոր հրաժեշտի բարեւ մը տալու: Իսկ այժմ կը յիշեմ այն օրը, երբ Երեւանի մէջ, բոլորս նստած էինք այդ մեծածաւալ պաստառին առջեւ: Պատկերասրահին ուղեցոյցը ժպիտով բարեւեց բոլորս: Ան պատրաստ էր տեղեկութիւններ փոխանցելու, մինչդեռ ես՝ միտքս դեռ Պոլսոյ մէջ, հոս պատկերուած տեսարանը կը փորձեմ համեմատել Կոմիտասի իսկական աշխատասենեակին հետ: Երբ ուղեցոյց աղջկան ներկայացումը եւ իմ միտքի պտոյտս վերջանան, յայտնի պիտի ըլլայ, թէ նկարիչի երեւակայութիւնը աւելի վսեմ եւ ազդեցիկ է, քան՝ իրական տեսարանը:

ՌՈՒՍԸ ԶԱՐՄԱՑԱՒ

 – Բարի էք եկել երեխէք, ո՞նց էք, հաւանեցի՞ք Հայաստանը,- ջերմօրէն կը զրուցէ ուղեցոյցը աշակերտներուն հետ,- Խորհրդային Միութիւնում յիշողութեան երկարատեւ լռութիւնը խախտեց ա՛յս նկարը, որը առաջին անգամ ցուցադրուեց Մոսկուայում 1956 թուին, «Հայ արուեստի եւ գրականութեան տասնօրեակ»ի շրջանակներում:

Ճի՛շդ է. ռուսերուն համար յայտնութիւն էր Կոմիտասը եւ հայոց պատմութեան այս ծածուկ շրջանը: Սակայն, 1953-1964 թուականները Խորհրդային պատմութեան «Խրուշչովեան ձնհալ» (կամ՝ ձիւնհալ) կոչուած տասնամեակն էր, երբ աւարտած էր Ստալինի պաշտամունքը, քաղաքական բանտարկեալներուն կը շնորհուէր ազատութիւն, կը լուծարուէր ԳՈՒԼԱԳը, մտաւորականներ կը վայելէին խօսքի որոշ ազատութիւններ եւ կար ստեղծագործական գործունէութեան մեծ ազատութիւն: Արժանապէս, գեղանկարը տիրացաւ ոսկի մետալի եւ դարձաւ Ազգային պատկերասրահի հանրաճանաչ այցեքարտը:

Կոմիտասի ոսկի մատները եւ աշակերտները

ՀԱՆՐԱԾԱՆՕԹ ԳԵՂԱՆԿԱՐԸ

Կտաւի վրայ Կոմիտասը նստած է իր դաշնակին առջեւ: Դէմքը այլայլած է: Ան հագած է կարմիր գիշերանոց վերնազգեստը՝ խալաթը*: Ձախին մոմակալ մը կը լուսաւորէ ձեռագիր նօթագրութիւնները: Ետեւի պատին վրայ կախուած է հայկական գորգ մը, որ գեղեցկութիւնը կ՛ամբողջացնէ արեւելեան «տիւան»ին: Անոր վրայ դրուած է աշուղի սազ մը: Աջին կայ մութը, մութին մէջ ալ, կիսաբաց դրան ետին՝ հազիւ նշմարելի երկու կամ երեք ուրուականներ, պաշտօնեաներ, որոնք եկած են զինք ձերբակալելու: Գեղանկարին ամէնէն խորհրդանշական եւ յուզիչ մասը սակայն սենեակի յատակն է: Հոն փռուած է արնակարմիր հայկական գորգ: Գորգին գոյնը, կը հաւատա՞ք, պատճառ եղած է ռուս եւ հայ կողմերու վիճաբանութեան:

ԿԱՐՄԻՐԸ ԳՈՅՆ ՉԷ

Ռուս նկարիչ եւ արուեստի փորձագէտ Պորիս Եոգնանսոն առաջին հայեացքին մատնանշեց կարմիր գոյնի առատութիւնը: Ճիշդ է, նկարին իշխող երկու գոյներն են վառ կարմիրը եւ խաւար սեւը: Եոգնանսոնը ըսաւ (մօտաւոր թարգմանութեամբ). «Եթէ յատակին փռուած գորգը նկարուած ըլլար կանաչ կամ երկնագոյն կապոյտ՝ շատ շահեկան պիտի ըլլար անիկա պատկերի գեղանկարչական ամբողջ կառուցուածքին համար»: Ուղեցոյց աղջիկը եւ ես համաձայն ենք. ռուս նկարիչ եւ քննադատը հաշուի չէր առած կարմիր գոյնի խորհրդանշական իմաստը՝ Կարմիր Վարդանի, Որդան կարմիրի ազգին համար: Նկարիչը թերեւս իրաւունք ունէր՝ նկարիչի աչքով: Սակայն Մուրադեանը ցանկացած էր շեշտադրել հայ ազգի արիւնոտ պատմութիւնը:

ԿԻՍԱԲԱՑ ԴՈՒՌԸ

Կոմիտասի Պոլսոյ բնակարանը Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի եկամտաբեր տուներէն մէկն է: Երկյարկանի են այդ տուները, որոնց երկրորդ յարկին վրայ ցցուած կը տեսնէք «ճումպա» մը, այսինքն՝ փոքր ելունդ մը դէպի փողոց: Այդ տեսակ տան մէջ ապրողը գիտէ, որ եթէ դուռը զարնուի, բնակիչը նախ կ՛երթայ «ճումպա», կը բանայ ձախ պատուհանը, կը նայի վար ու կը տեսնէ, թէ ո՛վ է եկած: Ապա, կ՛իջնէ ու դուռը կը բանայ: Մուրադեանի նկարը պիտի չունենար նոյն ազդեցութիւնը, եթէ Կոմիտասը նկարուէր դրան առջեւ՝ զրկուած իր դաշնակէն, լուսատու մոմակալէն, նօթաներէն, եւ ամէնէն կարեւորը՝ արնանման գորգէն:

ԼՈՅՍԸ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՎՐԱՅ

«Վերջին Գիշերը» գեղանկարին մէջ, Վարդապետի կէսգիշերային աշխատասենեակը լուսաւորուած է արդէն առկայծող մոմերով: Աշտանակը դրուած է դաշնակին վրայ: Մինչդեռ, այդ ժամանակ, Պոլսոյ տուները ելեկտրականութիւն ունէին արդէն: Կոմիտասի աշխատասենեակը կը լուսաւորուէր եռաթեւ ջահով մը**: Սակայն, նկարիչը անտեսելով առաստաղէն կախուած պղնձեայ լապտերը, որ բոլոր դէմքերը կրնար լուսաւորել, մոմակալ մը զետեղելով իր նկարին մէջ՝ լոյսը շնորհած է լոկ վարդապետին:

 – Միւսները մութ են,- կ՛ըսէ Արէնը, որ իր դասընկերներուն նման, լռիկ, կ՛ունկնդրէր ուղեցոյցը: Իսկ ուղեցոյց աղջիկը, տեսնելով զինք պաշարած պատանիներուն հետաքրքրութիւնը, ներշնչուած՝ արդէն կը սկսի Կոմիտասի կեանքէն յուզիչ դրուագներ պատմելու:

«Վերջին գիշերը», Սարգիս Մուրադեան, իւղաներկ, 1956

ՁԱԽ ՁԵՌՔԸ

Ուղեցոյցը կը հարցնէ. «Դուք չէ՞ք կարծում, թէ Կոմիտասը խօսում է մեզ հետ: Նայէ՛ք ձախ ձեռքին. Ի՞նչ է ասում վարդապետը»: Բազմաթիւ պատասխաններ.

 – Լռութի՛ւն… Չէ՞ք տեսներ կ՛աշխատիմ,- սա՛ Վէմի պատասխանն էր:

 – Էֆէնտինե՛ր, թիւրիմացութիւն մը ըլլալու է,- կը յուզուի Տերեւը:

 – Կարծեմ, վարդապետը կը փորձէ մեզ հանդարտեցնել, որ մենք չվախնանք: Կը տեսնեմ, որ աջ ձեռքը դեռ ստեղնաշարին վրայ է: Հայ աշակերտը աշխատասէր եւ ազգասէր պէտք է որ ըլլայ,- այս մէկն ալ Ամուրի կարծիքն էր:

– Բոլորն ալ ճիշդ պատասխաններ են,- կ՛ըսէ ուղեցոյց աղջիկը,- արուեստը ենթակայ է մեկնաբանութեան եւ անձնական կարծիքների: Շնորհաւորո՛ւմ եմ ձեզ:

ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ ԲԱՌԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ

Յարգելի ընթերցող, եօթը մտաւորականներու 23 Ապրիլին՝ անոնց վերջին գիշերուան նուիրուած յօդուածաշարս, հասաւ իր աւարտին: Իր աւարտին հասաւ նաեւ այս գրութիւններու անուանադիր գեղանկարը՝ «Վերջին Գիշերը» դիտելու մեր զրուցաւոր այցելութիւնը: Ժամանակը եկած է, որ վերադառնամ բառերու խորհրդաւոր աշխարհին ու բառի մը մէջ որոնեմ մեր անցեալի քաղցր, արկածալից, յաճախ արնանման պատմութիւնը:

 * Խալաթը.- Մուրադեանը կտաւը նկարած է Արտեմի Այվազեանի տան մէջ, Կոմիտասը նկարուած է տանտիրոջ խալաթով, այսինքն՝ Ա. Այվազեանի առաւօտեան (կամ գիշերային) վերնազգեստով:

 ** Պոլսոյ ելեկտրական առաջին գործարանը բացուեցաւ 6 Փետրուար 1914ին, գործարանի խորհրդանշական առաջին լապտերը այդ օր վառեց Հալլաճեան էֆէնտին, ելեկտրական հոսանքը սկսաւ 11 Փետրուարին: Բաժանորդներու թիւը 1914ին 2,055 էր, 1918ին՝ 12,894:

https://asbarez.am/archives/485470

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ