Կոմիտասի վերջին գիշերը

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

ՎԵՐՋԻՆ ԴՈՒՌԸ

Ապրիլ 1915, Պոլիս: Եօթը հայ մտաւորականներու տուները այցելեցի: Եօթը թաղերու մէջ, առջեւս եօթը դուռեր բացուեցան: Եօթը հարսեր եւ եօթը զաւակներ եօթը ժպիտներով ողջունեցին զիս: Սեղանին վրայ գտայ եօթը նկան հացեր, եօթը գինիի բաժակներ: Անոնց քով՝ եօթը ձեռատետրերու վրայ սեւագրուած էին եօթը անաւարտ վէպեր: Ապա այցելեցի Արմէն Տորեանին՝ 23 տարեկան տղան՝ եօթներորդ բախտակիցը իր աւագ գրչեղբայրներուն: Իր բանաստեղծութիւնները ան գրած էր շագանակագոյն, մանր եւ ափի մը չափ ծոցատետրի մը մէջ, որ կարենար հետը տանիլ, երբ երթար հեռու տեղեր: Տորեան զայն տեղաւորած էր իր սիրտին մէջ, որ յանկարծ չկորսուէր: Իսկ այժմ, Մարմարայէն կու գայ հիւսիսային պաղ հով մը եւ կը զարնէ ճակատիս: Կը սթափիմ այդ երանելի երազներէն: Քայլերս կ՛ուղղեմ Էլմատաղ՝ եօթը անգամ երկիւղելով: Կոմիտասի դուռը պիտի զարնեմ: Վերջին գիշերս է քաղաքին մէջ: Կը փափաքիմ հրաժեշտի բարեւ տալ վարդապետին:

ՍՐՏԱՌՈՒՉ ԾԱՌՈՒՂԻՆ

Բանկալթի Մխիթարեան վարժարանէն դէպի Էլմատաղ՝ Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի թաղը շատ հեռու չէ. ամէնօրեայ հեռաւորութիւն է քաղաքի հետիոտն բնակիչներուն համար: Յարգելի ընթերցող, Պոլսոյ ամէնէն բարեկեցիկ հատուածներէն մէկն է ասիկա, որ ամբողջութեամբ բնակուած է հայերու, յոյներու եւ «լեւանթէն»ներու կողմէ, որոնք Պոլսոյ եւրոպացիներն են: Մնչեւ որ ես Սուրբ Յակոբի բնակարանները հասնիմ, արտօնեցէք, որ ձեզի ներկայացնեմ այդ գեղատեսիլ ծառուղին. պողոտայի ձախ կողմը՝ ռուսաց գեղաքանդակ եկեղեցին եւ հիւանդանոցն են, անոնց քով՝ զինուորական ճեմարանը, ապա՝ հայոց գերեզմաննոցը, իսկ աջ կողմը, Anderlich փողոցէն սկսելով (այժմ՝ Sel Basi 3.), Giacomo Anderlich-ի կողմէ հիմնուած Artigiana աղքատախնամ անկելանոցը, Թօփալեաններու, Ազարեաններու, Մէրճիմէքեաններու եւ Կեսարեաններու բազմայարկ բնակարանները, անոնց քով՝ Lycee Notre Dame de Sion համբաւաւոր գիշերօթիկ դպրոցը, եւ վերջապէս՝ «Սուրբ Յակոբ»ի հատուածը, ուր կան քով քովի շարուած եկամտաբեր բնակարաններ:

Կոմիտասի Պոլսոյ աշխատասենեակը, 1910-1915
Կոմիտասը Բանկալթիի իր բնակարանին մէջ
ԱՇՆԱՆԱՅԻՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ

Կոմիտասը Էջմիածին էր: Վարդապետը ինչո՞ւ եկաւ Պոլիս: Պատմե՛մ. աշնանային նամակ մըն էր այդ ճակատագրական փոխադրութեան պատճառը: Իր դասընկեր Կարապետ Պարտիզպանեան, 1909ի աշնան իր ուղարկած նամակով Կոմիտասը հրաւիրեց Պոլիս, բացատրելով, թէ հոն նպաստաւոր պայմաններու մէջ կրնայ աշխատիլ, աւելցնելով նաեւ, որ այլեւս չկայ գրաքննութիւն եւ չկայ բռնատիրութիւն: Պարտիզպանեանը իրաւունք ունէր. Դանիէլը, Ատոմը, Ռուբէնը եւ Երուխանը մէկիկ-մէկիկ սկսած էին եւրոպական ոստաններէն վերադառնալ տուն՝ զայն արուեստով նուաճելու նպատակով: Բոլորը որոշած էին երկնել եւ մոլեգնօրէն ստեղծագործել: Իսկ Կուտինայի սոխակը, 1910ի Յուլիսին իր մոգական սրինգը շալկած՝ Պոլիս եկաւ: Թիֆլիսի Վերնատունէն շատ հեռու, հայ միտքը Բիւզանդական կայսրութեան շքեղ բայց տապալած մայրաքաղաքին մէջ ստեղծեց արեւմտահայութեան երկրորդ Վերնատունը:

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՏՈՒՆԴԱՐՁԸ

Կոմիտաս նախ գնաց Գում Գափու: Ան այցելեց պատրիարք Եղիշէ արքեպիսկոպոս Դուրեանին: Յաջորդ օրը, որդիական ակնածանքով այցելեց Գէորգեան ճեմարանի իր ուսուցիչ եւ նախկին պատրիարք Մաղաքիա արքեպիսկոպոս Օրմանեանին, որ այդ պահուն կը ճգնէր Բերիոյ Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերանի դիմաց Ըթըր փողոցի իր բնակարանը: Ապա, Կոմիտաս յիշեց իր մանկութեան տարիները, իսկոյն փութաց Քէօթահիա, հոն մնաց երկու ամիս, Վերին Թաղի Սուրբ Թադէոս եկեղեցւոյ մէջ երգեց ամէն Կիրակի: Պոլսոյ մէջ արդէն իսկ լուծուած էր վարդապետի կեցութեան հարցը. Բանկալթիի հայոց գերեզմանատան դիմաց, Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցին պատկանող բնակարան մը պիտի ըլլար անոր նոր հասցէն: Սենեկակից մըն ալ ունեցաւ Կոմիտասը. Փարիզէն նոր ժամանած գեղանկարիչ Փանոս Թէրլէմէզեանն էր ան: Վանեցի Թէրլէմէզեան, սակայն, անհատական ցուցահանդէս մը բանալէ ետք, 1913ին հայրենի կանչով պիտի վերադառնայ ծննդավայրը, նկարելու համար Վանայ լիճը, Կտուցը, Սիփանը եւ իր չքնաղ բնաշխարհի այլ գեղեցկութիւնները:

Ս. Յակոբ հիւանդանոցի տուները, ճարտ.՝ Արամ Թահթաճեան
Ս. Յակոբ հիւանդանոցի բազմաբնակարանը
ԲԱՆԿԱԼԹԻԻ ՎԵՐՆԱՏՈՒՆԸ

Կը դիտեմ Բանկալթիի երկյարկանի տունը: Զինուորական հիւանդանոցներու, «Խտիւեալ Փալաս»ներու 22ամեայ ճարտարապետ Արամ Թախթաճեանի համեստ ծառայութիւնն է անիկա: Կոմիտասը կը նուագէ: Թէրթէմէզեանը կը նկարէ իր սենեակին մէջ: Իրիկունները Վարուժան, Սիամանթօ, Օտեան, Զօհրապ եւ Չէօկիւրեան այցելութեան կու գան: Ներկաները կը շարունակեն նոր լոյս տեսած «Վանքը» վէպը: Զանոնք կը հետաքրքրեն ազատ հայրենիքի, ազգապահպանման, անհատի բանականութեան յաղթանակի գաղափարները: 31 տարեկան հեղինակը, ի՛նք եւս ներշնչուած՝ յոտնկայս կը յայտարարէ. «Ազգերն առանց յեղափոխութեան չեն կրնալ ազատիլ»: Երբեմն կը յայտնուին Կովկասէն եկած հիւրեր, որոնք Կոմիտասի մտերիմներն են հին, Գարեգին վրդ. Յովսէփեան, Եղիշէ Թադէոսեան, Աւետիք Իսահակեան կամ Վրթանէս Փափազեան: Եռաթեւ ելեկտրական լապտեր մը կը լուսաւորէ վերնայարկը: Այրերը ամբողջ գիշեր կը զրուցեն: Այս բնակարանը արդէն իսկ վերածուած էր ժամադրավայրի մը:

ԱՐՔԱՅԱԿԱՆ ՈՍԿԵԱՅ ԿԱՌՔԸ

Ոսկեայ զարդերով կառք մը կանգ առաւ տան առջեւ: Խեղճ դռնապանը, լեզուն կարկամած՝ վեր վազեց ու հեւասպառ գոչեց.

– Թէրլէմէզեան էֆէնտի, վարը ոսկեայ զարդարանքով արքայական կառք մը կայ: Համազգեստ հագած պաշտօնեայ մը ձեզ կ՛ուզէ տեսնել:

– Նայիմ ո՞վ է… Սուլթանին արարողապետն է մեր հիւրը:

Թէրլէմէզեան հիւրը կ՛առաջնորդէ վերի յարկաբաժինը: Թուրք պէյը եկած է գեղանկարիչին գործերը դիտելու: Ապա, կը հարցնէ.

– (Ֆրանսերէն խօսելով) Կոմիտասը կրնա՞յ երգել եւ նուագել ինծի համար:

Վարդապետը կ՛անցնի դաշնակին դիմաց, կը նուագէ ու կ՛երգէ Շուպէրթի արիաներէն մէկը: Արարողապետ Իսմայիլ Ճանան պէյը գերուած եւ զմայլած կը խոստովանի.

– (Ֆրանսերէն) Գրո՛ղը տանի, ութ հարիւր տարուան պետութիւն մըն ենք եւ տակաւին նման հանճար մը չունինք:

Union Francaise շէնքը, ուր Կոմիտաս իր «Գուսան» երգչախումբին հետ համերգներ տուաւ
Rue de Petits Champs, ձախին՝ նոյնանուն թատրոնը, ուր Կոմիտաս իր առաջին համերգը տուաւ եւ տեղի ունեցաւ հայ գիրերու գիւտի 1500ամեակի հանդիսութիւնը
ՊՏՂԱԲԵՐ 1913Ը

1913ին, հայոց միտքերը լաւ պտուղ տուին: Հայոց գիրերու գիւտի 1500ամեակի տօնակատարութիւններու տարին էր: Վարդապետը Էսաեան վարժարանին մէջ Գրական ասուլիսներու համար ճառեր խօսեցաւ: Գրեց «Ո՜վ մեծասքանչ դու լեզու» երգը, հիմնեց «Գուսան» երգչախումբը, մասնակցեցաւ ձեռնարկներու եւ դասախօսական երեկոներու, երգչախումբին համար անդուլ փորձեր կատարեց, այդ գործունէութիւններուն գագաթնակէտը եղաւ 13 Հոկտեմբերը, երբ քաղաքի «Petits Champs» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայոց գիրերու գիւտի 1500ամեակին եւ հայկական տպագրութեան 400ամեակին նուիրուած շքեղ հանդիսութիւնը: Այդ օր, Էնվէր եւ Թալէաթ փաշաները բեմ բարձրացան եւ ճառեր արտասանեցին, գովեստներ հիւսեցին հայկական մշակոյթին եւ հայ հանճարին մասին: Անոնք նոյն առիթով շռնդալից ճառեր խօսած էին նաեւ Գում Գափուի պատրիարքանիստ մայր տաճարի սրահին մէջ: Իսկ, կը յիշէ՞ք, յարգելի ընթերցող, նոյն օրը, երբ Մէզիրէյի հայութիւնը Երուխանի եւ հոգեւոր հայրերու գլխաւորութեամբ կը տօնէր այդ պանծալի տարեդարձը, Խոզաթի կառավարիչ Սապիթ պէյն ալ ուղերձով մը կը գովէր հայկական միտքն ու մշակոյթը:

ԴՈՒՌԸ ԹԱԿԵՑԻ ԵՕԹԸ ԱՆԳԱՄ

23 Ապրիլ 1915: Թէրլէմէզեանը չկայ: Վան գնաց: Վարդապետը առանձինն է: Առաւօտուն Union Francaise-ի մէջ երգչախումբի փորձ ունէր: Կէսօրին, ճերմակ գոգնոց հագած երկու աշակերտուհիներ եկան: Անոնք դասի ժամանակ իրենց մազերը միշտ կապած կ՛ըլլան ժապաւէնով մը մետաքսեայ: Իսկ հիմա ուշ երեկոյ է: Վերնայարկի լոյսը կը վառի: Բաց են «ճումպա»ի պատուհանները: «Անտունի» երգը կը յորդի դէպի պողոտայ: Ռուբէնը եւ Վարուժանը իրենց տուներն են՝ գործէն նոր եկան: Ընթրիքէն ետք պիտի աշխատին: Վարուժանը որոշած է մինչեւ աշուն ամբողջացնել «Հացին Երգը»՝ գրելով «Ալիւր», «Ախոռը», «Թթխմոր», «Փուռը», «Հայրենի Սեղան» եւ «Հացին Երգը» քերթուածները: Ռուբէնը հայ բժիշկներու կազմակերպած հիւանդապահութեան դասընթացքէն եկաւ: Ան քիչ մը պիտի խաղայ երեք տարեկան Լեւոնին եւ միամեայ Շամիրամին հետ, ապա հայկական բժշկական պարբերական մը հրատարակելու երազին վրայ պիտի աշխատի: Զօհրապը, որ տան պատշգամին վրայ Պոսֆորի մայրամուտը դիտելով՝ իր դուստր Տոլորէսին պատմած էր ապագայ նորավէպի մը գաղափարը, այժմ կը պատրաստուի Cercle d՛Orient ակումբը երթալու՝ Թալէաթ փաշայի եւ Հալիլ պէյի հետ besigue խաղալու:

La Paix հոգեբուժարանը
Հայկական յուղարկաւորութիւն, Բանկալթի, աջին՝ հայկական գերեզմաննոցը՝ մինչեւ Զինուորական Ճեմարանը
BELLE EPOQUE ՄԸ ԱՆՑԱՒ ՔԱՂԱՔԷՆ

Դրան երկաթեայ բռնակը կնոջ ձեռքի մը ձեւը ունի: Զայն կը զարնեմ եօթը անգամ: Կը դադրի դաշնակի հնչիւնը: Մուճակի ձայն մը կ՛իջնէ սանդուխէն: Ձեռնունայն չեմ: Քաղցրեղէն կը սիրէ՞ արդեօք: Գիտեմ, որ քաղաքին մէջ մեծ համբաւ ունին Rue de Petits-Champs պողոտային վրայ գտնուող եւ ճակատին վրայ Cafe Zythopoleion մարմարեայ գրութիւնները մինչեւ այսօր պահած սրճարանի անուշեղէնները: Բայց ոտքերս ակամայ քալեցին պարոն Եսայեանին պատկանող Pera Palace պանդոկի Patisserie de Pera ծաղարանը: Անոնք գրաւիչ «մակարոն»ներ դրին վարդագոյն շքեղ տուփի մը մէջ, որ պատրաստուած էր La Belle Epoque ճաշակով: Սակայն, Եւրոպայի մայրաքաղաքներուն մէջ գիտեն, թէ այս պերճանքը, La Belle Epoque կոչուած շքեղ ժամանակաշրջանը, արդէն իսկ աւարտած է: Այժմ պատերազմի ձայնն է լսելի… Երկաթ դրան կղպանքը շխրտոցով մը կը դառնայ: Վարդապետը հագած է կարմիր թաւշեայ robe de chambre: Դուռը կը բացուի.

– Աստուած օգնական, վարդապե՛տ:

ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՎԵՐՆԱՅԱՐԿԸ

Խորհրդաւոր է Կոմիտասի աշխատասենեակը: Պատերուն վրայ գեղանկարներ կան: Իւղանկարներէն մէկը Կոմիտասին կը յիշեցնէ Էջմիածինի օրերը անկասկա՛ծ. անոր վրայ պատկերուած է Արարատը: Սենեակին մէջ կան նաեւ յոյն վարպետներու կողմէ կառուցուած երկու նրբակերտ գրադարաններ, մէկը՝ ապակեպատ, իսկ միւսը՝ բաց: Առաջինին մէջ վարդապետը դրած է Օրմանեանի նուիրած «Համապատում» եւ «Հայոց Եկեղեցին» գիրքերը, ինչպէս նաեւ՝ «Ո՜վ մեծասքանչ դու լեզու» երգի տպագիր օրինակը: Փոքր գրադարանին մէջ ան դիզած է գեղջուկ երգերու ձեռագիր մշակումները: Շողշողուն կարմիր գորգը Կուտինայէն եկած է, ընտիր նուէր՝ վաճառական հայրենակիցի մը կողմէ: Սակայն սենեակի հիմնական առարկան դաշնակն է, ուր հեշտալուր ձայնի կը վերածուի ազգի բոլոր ապրումները: «Ճումպա»ի պատուհաններէն երեք տեսարաններ ներշնչում կու տան վարդապետին. ճիշդ դիմացը հայոց գերեզմանատունն է, իր քեղաքանդակ, սպիտակափայլ մարմարներով. հոն թաղուած է «Հոգեւոր Տէրը»՝ Յակոբ Դ. Ջուղայեցի կաթողիկոսը, որուն գերեզմանը Պոլսոյ հայոց համար ուղխտատեղի մը դարձած է, իսկ ձախին՝ Մխիթարեան վարժարանը եւ ռուսաց եկեղեցին, աջին՝ Թաքսիմի բարեզարդ ճեմապարտէզը, որուն հիւրերը գարեջուր կը վայելեն եւ վիեննական նուագներ կ՛ունկնդրեն՝ Պոսֆորը եւ Մարմարան դիտելով: Սուրճ եփեց վարդապետը: Առանց շաքարի: Երկու պզտիկ բաժակի մէջ լեցուց: Սկսաւ պատմելու իր անաւարտ մնացած մէկ ծրագիրին մասին:

ՔԱՂՑՐԱՀԱՄ ՎԱՅՐԿԵԱՆ ՄԸ

– Տասը տարուան երազս է: «Անոյշ»ը կը մտածեմ օփերայի վերածել: Արդէն իսկ յօրինեցի տարբեր բնոյթի 27 մեղեդիներ: Թումանեանը գրեց խօսքերը Դիլիջանի մէջ: Երգերուն մէկ մասը հայկական ժողովրդական մեղեդիներ է, մէկ մասն ալ ես ստեղծեցի տոհմիկ եղանակներու ոճաւորումով: Դաշնակի վրայ են թերթիկները: Կրնաք նայիլ: «Ո՜վ մեծասքանչ»ի օրինակ մըն ալ առէք: Ձեր աշակերտներուն կը սորվեցնէք:

Դաշնակի վրայ կար «Անոյշ»ի 1903ին հրատարակուած օրինակը: Թերթեցի զայն: Լուսանցքներու մէջ Կոմիտասը բազմաթիւ նշումներ կատարած էր: Ուրեմն, մտածեցի, մէկ կամ երկու տարիէն մենք կրնանք զայն բեմի վրայ դիտել՝ վարդապետին խմբավարութեամբ: Երբ մեր սուրճերը վերջացան, ստացայ նաեւ նախկին հարցումիս պատասխանը. վարդապետը անուշեղէն կը սիրէ՛…

ԵՕԹԸ ԱՂԱՒՆԻ ԾԱՌԻ ՎՐԱՅ

Այժմ կը քալեմ դէպի նաւամատոյց, լո՜ւռ, քայլամոլոր, գիտնալով, թէ ի՛նչ պիտի պատահի քանի մը ժամէն: Կասկածելի շքեղութիւններու այս քաղաքին մէջ այդ եօթը մտաւորականները դեռ արթուն են: Հակառակ մօտեցող ահաբեկութեան, հակառակ ժամացոյցի չարագոյժ հարուածներուն՝ անոնք մոլեգնօրէն կը ստեղծագործեն… Իսկ յետոյ, ի՞նչ պիտի ըլլան Կոմիտասը, հայոց գերեզմանատունը, «Անոյշ» օփերան… Պատմե՛մ: Կարմիր ուրուականներ եօթը դուռ պիտի զարնեն այդ գիշեր, եօթը դուռը եօթը չարաձայն ճռինչ պիտի արձակէ, ուրուականները պիտի մտնեն Բանկալթիի Վերնատունը, եօթը եկեղեցիներու զանգերը եօթը անգամ պիտի ծլնգան, եօթը աղաւնի երկինք պիտի թռչի՝ եօթը բարտիներուն ճիւղերէն…։ Եօթը հարսի սիրտերուն մէջ՝ մէկը գերմանացի, սարսուռ պիտի անցնի, վարդապետը այլայլած պիտի նայի եկուորներուն՝ հարցնելով. «Շուպէրթ լսելո՞ւ եկած էք«… վարդապետը պիտի խելագարի, զինք պիտի փոխադրեն Շիշլի՝ Գթութեան քոյրերու La Paix հոգեբուժարանը: Գերեզմաննո՞ցը: Անիկա կամաց-կամաց տեղի պիտի տայ «Հիլթըն» պանդոկին եւ քաղաքի ձայնասփիւռի հսկայական շէնքին: «Անոյշ»ը պիտի մնայ 27 թերթիկներու վրայ: Պարոյր Սեւակ պիտի ըսէ՝ «Ե՜կ, Վարդապե՛տ, Ու մի՛ խենթանայ»: Իսկ մեզի պիտի մնայ եօթը անուններ նուիրական, անգերեզմա՛ն:

Յ. Գ.- «Եօթը» բառին հետ հիւսուած արտայայտութիւններու ոգեշնչողը եղաւ Համօ Սահեանի «Եօթ Ձիաւորի Բալլադը» պոէմը:

https://asbarez.am/archives/485146

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ