«Ազդակ»-ի «Սիրուհի Պուտագեան» նորաստեղծ մատենաշարին առաջին հատորին` Յարութ Չէքիճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը» գիրքին շնորհահանդէս

Հովանաւորութեամբ  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին, ուրբաթ, 20 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ» օրաթերթին նորաստեղծ մատենաշարին առաջին հատորին`  Յարութ Չէքիճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը» գիրքին շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքը արտասանեց Նարէ Գալեմքէրեան, որ դիտել տուաւ, թէ մատենաշարին նպատակն է քաջալերել եւ ներկայացնել այն գրողները, որոնք տարիներու ընթացքին զօրակցած են օրաթերթին, եւ որոնց յօդուածները, ուսումնասիրութիւններն ու մտածումները հրապարակուած են օրաթերթին մէջ:

Ան նշեց, թէ մատենաշարը, որ լոյս կը տեսնէ «Սիրուհի Պուտագեան ֆոնտի» աջակցութեամբ, նպատակ ունի դառնալ արժէքաւոր աւանդութիւն` «Ազդակ» օրաթերթի էջերէն ծանօթ դարձած յօդուածագիրներուն գործերը մէկտեղելու եւ ընթերցող հանրութեան ներկայացնելու` հաստատելով, որ նախաձեռնութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ ապագային` այլ յօդուածագիրներու հատորներու հրատարակութեամբ:

Անդրադառնալով այս մատենաշարով լոյս տեսնող առաջին գիրքի` «Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը» հատորի հեղինակին` Յարութ Չէքիճեանին, Նարէ Գալեմքէրեան ըսաւ, թէ ան տարիներէ ի վեր ներկայութիւն է «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ` ստորագրելով ազգային հրատապ հարցերու բնաբաններով շահեկան յօդուածներ: Այս առիթով «Ազդակ»-ի անունով ան շնորհակալութիւն յայտնեց Յարութ Չէքիճեանին` իր երկարամեայ եւ հետեւողական ներդրումին համար, մատենաշարի մեկենասներուն` տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեաններուն, որոնց նեցուկով կարելի եղաւ իրագործել այս նախաձեռնութիւնը:

Անկէ ետք «Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը» խորագրեալ հատորը հանգամանօրէն ներկայացուց Սեդա Խտըշեան, որ դիտել տուաւ, թէ 700 էջերէ բաղկացած այս գիրքը կը վերծանէ ժամանակակից Հայոց պատմութեան ամէնէն սխրալի հերոսական եւ բարոյական արժէքները` լուսարձակի տակ բերելով առանցքային դէմքեր ու դէպքեր` Հայաստանի անկախութեան վերաբերող:

Անդրադառնալով «Սիրուհի Պուտագեան Ֆոնտ-«Ազդակ»-ի մատենաշար»-ին` ան ըսաւ, որ այսպիսով Սարգիս Պուտագեան  իր մեծ մօր յիշատակն է,  որ կը  յաւերժացնէ, իր հոգեւոր տուրքը կը վճարէ եւ նահատակուած  պապերուն հոգին կը խաղաղեցնէ:

Սեդա Խտըշեան ըսաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակին նուիրուած այս գիրքը կ՛ընդգրկէ Հայաստանի ստեղծման երկամեայ փուլերուն տեղի ունեցած դէպքերն ու դրուագները, 11 գլուխներէ բաղկացած աւելի քան ութսուն յօդուածներ, յատուկ անուններու ցուցակով ամբողջացած. «Հսկայական աշխատանք մը, որ հիացմունք կ՛առթէ հեղինակին մանրամասն  ուսումնասիրութիւններուն եւ փնտռտուքներուն,  կատարած բծախնդիր աշխատանքին համար»:  Բանախօսը մանրամասնեց, որ գիրքը կեդրոնացած է Արամ Մանուկեանի` անկախութեան կերտիչին,  եւ հանրապետութեան երկու տարիներուն  դիմագրաւած դժուարութիւններուն, նախարարաց խորհուրդի կազմութեան  ու նիստերուն,  անոնց  մտածելակերպին ու դիրքորոշումներուն վրայ, անդրադարձած է անկախութեան շրջանին տարուած աշխատանքներուն եւ նախաձեռնութիւններուն, հայոց լեզուի գործածութեան մէջ  աննահանջ  պահանջկոտութեան:

«Այս բոլորին մասին  Յարութ Չէքիճեան կը կատարէ բծախնդիր, խղճամիտ եւ արդարախոհ մտաւորականի պատասխանատուութեամբ ուսումնասիրութիւններ: Իր բոլոր մտքերն ու տեսութիւնները հիմնուած են ընդարձակ եւ հաւաստի աղբիւրներու վրայ, եւ կարելի չէ չհիանալ անոր անդուլ եւ յարատեւ աշխատանքին, որ կու գայ հիմնաւորելու իր վարկածները», շեշտեց Խտըշեան` աւելցնելով, որ հեղինակը հաւաքած է  շատ սրտառուչ դրուագներ, որոնք ընթերցողին մէջ կ՛առկայծեն հայրենասիրութիւնն ու ազգային նուիրումի ոգին եւ ազգային պատկանելիութեան հպարտութիւնը:  Ան վկայեց, որ պատմական հարուստ իրադարձութիւններու հաւաքածոն կը ծառայէ հպարտութեամբ նայելու անցեալին եւ անով  յագեցած` ինքնավստահ ու հաստատ քայլերով յառաջանալու դէպի ապագայ:

Իր խօսքին մէջ բանախօսը տարբեր պայմաններ եւ կացութիւններ նկատի ունենալով` զուգահեռ մը կատարեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ այսօրուան վերանկախ Հանրապետութեան միջեւ` մօտեցումներու, իրականութիւններու եւ ազգային ոգիի առումով: Ան հարց տուաւ, թէ այսօրուան Հայաստանը, որ շարունակութիւնն է նախորդին, ինչպէ՞ս կրնայ հայոց լեզուին հանդէպ արհամարհանք ունենալ, Արցախը յանձնել, Արարատը` հայութեան խորհրդանիշ, վերցնելու ճիգ կատարել, պարպել դասագիրքերէն  ազգային բովանդակութիւնն  ու ազգայնականութեան շունչը:

«Այսօր կը վերարժեւորենք Հայաստանի Ա.  Հանրապետութեան հիմնադրութեան տարեդարձը` արժեւորելով պետականութեան եւ անկախութեան  անփոխարինելի  անսակարկելի եւ անզիջելի կարեւորութիւնը`  ժողովուրդներու գոյութիւնը երաշխաւորող: Բայց, տուեալ իրականութիւնէն մեկնելով,  հարց կու տանք`  ո՞ւր  պէտք է փնտռել մեր ձախողութիւնը, ինչո՞ւ երեսուն տարուան ընթացքին չկարողացանք ամրակայել ազատ անկախ մեր պետութիւնը, ինչո՞ւ չյաջողեցանք, եւ ո՞վ պիտի կատարէ հաշուետուութիւնը եւ դատէ յանցագործները: Ո՞ւր է մեր մտաւորականութիւնը, որ պիտի քննէ  իրականութիւնն ու ապագային ծրագիրը մշակէ», հարց տուաւ Խտըշեան` հաստատելով, որ հարցականի տակ առնելով «Ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը, քանդելով մեր  սրբութիւնները, ոտնակոխելով եկեղեցականը` պիտի քանդեն Հայ եկեղեցին    ի վերջոյ ունենալու համար դիակներ, բայց` երբեք ազգ ու հայրենիք, որուն համար տքնեցան ու պայքարեցան Արամ Մանուկեան եւ իր սերնդակիցները:

Ըստ անոր, Յարութ Չէքիճեան այս բոլորը երկնեց ոչ միայն տուրք տալու համար անցեալի հերոսապատումներուն, այլ` հարիւրամեակը մեկնակէտ դարձնելու ապագայի  իբրեւ ուղեցոյց  Ա.  Հանրապետութեան ամէնէն դժնդակ պայմաններուն մէջ անկախութիւն կերտած հերոսնեու ճամբով քալելու եւ անոր հիմնադիրներուն տեսիքլով առաջնորդուելու:

«Այսօր եւս մայիս 28-ի ոգիով մարտնչող մարտիկները չեն պակսիր մեզի, ինչ որ կը պակսի` մեր նոր օրերու Արամն է, որ այս թոհ ու բոհէն դուրս պիտի բերէ մեր ժողովուրդը եւ վերջին պատառիկ մը Հայաստանը փրկէ բորենիներու կլափէն:  Եւ կը կրկնենք մենք եւս մեր նախնիներու խօսքը ուղղելով բոլորիդ`  «Սահման քաջաց զէնն իւրեանց»: Ձեր զէնքը այսօր ձեր գիտութիւնն է», դիտել տուաւ ան:

Աւարտին իր խօսքը ուղղելով հեղինակին` Ս. Խտըշեան ըսաւ. «Շնորհակալութիւն` Հայաստանի անկախութիւնն ու փառքը կրկին անգամ հրամցնելու եւ առկայծելու կրակը անոր ազատատենչ եւ անկախ հերոսներու ոգին` հասնող սերունդներու մէջ, մեր պատմութիւնն ու մեր հերոսներն են մեր գոյութիւնը երաշխաւորղ ներուժը որ պիտի բորբոքէ մանուկ սրտերը մեր պատանիներուն` հայրենիքի սիրով, Հայաստանին պաշտպանութեան ուխտի երդումով  եւ բարբառելով մեսրոպեան ոսկեղենիկի հազարագանձ մայրենիով»:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Կարօ Յովհաննէսեան, որ իր խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ պատմութեան ընթացքին մեկենասներու կարեւորութեան, որոնց շնորհիւ է, որ մեզի հասած են մեր հին, միջնադարեան եւ մերօրեայ գրականութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ լիբանանահայ իրականութեան մէջ մեկենասութեան առաջադրանքով հաստատուած կարգ մը ֆոնտերուն, յիշեց յատկապէս անոնք, որոնք մօտ եղած են գրականութեան եւ ողջունեց հիմնումը «Սիրուհի Պուտագեան» ֆոնտին, որ մեծ դեր ունի կատարելիք մեր հրատարակչական կեանքին մէջ:

Իր խօսքին մէջ Կ. Յովհաննէսեան տուաւ իր վկայութիւնը Յարութ Չէքիճեանին մասին, ըսաւ, որ զայն ճանչցած է սկաուտական շարքերուն մէջ, Էշրեֆիէ, 1959-էն ի վեր, ինչ որ կը նշանակէ աւելի քան 65 տարուան շարունակուող բարեկամութիւն: Ան հաստատեց, որ հեղինակը գործունեայ եւ աշխուժ էր նաեւ Հայկազեան քոլեճին մէջ, բոլոր գործերուն մէջ ունէր առարկայական եւ գիտական մօտեցում, գրած էր Հայկազեանի «Նաւասարդ» ուսանողական պարբերականին մէջ` բուռն կերպով քննադատելով հայ ուսանողական եւ առհասարակ լիբանանահայ կեանքի ժխտական կողմերը: «Քննադատական, վերլուծական եւ առարկայական գիծը կը տիրապետէր իր մէջ: Ասոր փաստը «Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումն ու Սեւրի դաշնագիրը» հատորն է, որուն շնորհահանդէսը կը կատարենք այսօր», նշեց Յովհաննէսեան:

Իր խօսքի աւարտին ան լուսարձակի տակ առաւ ընթերցանութեան կարեւորութիւնն ու նահանջը` թերահաւատութիւն յայտնելով այն մասին, որ մարդիկ ժամանակ չունին կարդալու. ան կոչ ուղղեց օրական գոնէ 10 էջ կարդալու Չէքիճեանի գործէն, որովհետեւ ընթերցումը կը զարգացնէ ժողովուրդի մը մտային մակարդակը:

Իր սրտի խօսքը ուղղեց գիրքին հեղինակը` Յարութ Չէքիճեան: Ան դիտել տուաւ, որ թէեւ մասնագիտութեամբ բնագիտութիւն ուսանած է, բայց նման աշխատանքի նախաձեռնած է` հաւատալով, որ Հայոց պատմութիւնը մեր բոլորի՛ն պատմութիւնն է, եւ ոեւէ գիտութեան ենթահող ունեցող անձ մը ճշգրիտը, առարկայականը կը գրէ, «զգացական մօտեցում» չ՛ունենար, թէեւ բնա՛ւ դէմ չեմ,  այսպէս կոչուած, «զգացական մօտեցումին»:

Հեղինակը լուսարձակի տակ առաւ այն պատճառները, որոնք զինք մղած են` գրելու, կարդալու, ազգային խմորումով թրծուելու, նախ` ընտանիքը, ապա ուսուցիչը` Յակոբ Թութիկեանը, ՀՄԸՄ-ը, Հայկազեան համալսարանը, իսկ պրպտումներ կատարելու առումով փորձառութիւն եղած է ուսանողական տարիներուն իր դասախօսին համար կատարած հետազօտական մէկ աշխատանքը` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի կենսատարրաբանութեան տարրալուծարանին մէջ:

Յարութ Չէքիճեան հաստատեց, որ այս բոլորը հիմք հանդիսացան, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով,  առանց վարանելու, յօդուածաշարք մը պատրաստելու ձեռնարկէ` ինքնավստահ ու լաւատես:

«Նախ` համակարգիչիս մէջ ներբեռնեցի 1917-1921 ՀՅԴ մամուլը` 26 տարբեր օրաթերթեր, որոնցմէ կարգ մը թիւեր կը պակսէին, եռօրեաներ, ամսաթերթեր եւ այլն, ընդամէնը` 1182 տարբեր թիւեր, օրաթերթերը` 4 էջ, իսկ ամսաթերթերը մինչեւ 180 էջ, առնուազն երկու անգամ աչքէ անցուցած եմ, երբեմն դժուար ընթեռնլի, սրճագոյն դարձած էջեր` գտնելու համար նորութիւններ, կամ` հաստատելու զանազան յուշագրութիւններու տուեալները: Գունատած, դժուար ընթեռնլի էջեր, որոնք ետքը համակարգիչով յստակացուցած եմ եւ անոնցմէ օրինակներ` գիրքին մէջ տեղադրած: Այսպիսի` գլխաւորաբար օրաթերթերու բովանդակութեան վրայ հիմնուած ա՛յլ հայկական պատմական աշխատութիւններու ցարդ հանդիպած չեմ», նշեց ան` աւելցնելով, որ Հայաստան եւ Արցախ այցելութիւնները եւս մեծապէս սատարած են յօդուածներուն եւ գիրքին պատրաստութեան:

Աւարտին ան շնորհակալական խօսքեր ուղղեց «Ազդակ»-ին, «Ազդակ»-ը հովանաւորող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ ընթերցողներուն, գիրքին մեկենաս տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեաններուն:

Աւարտին «Ազդակ» օրաթերթի անունով խօսք առաւ տնօրէն, խմբագրապետ Շահան Գանտահարեան, որ իւրաքանչիւր հրատարակութեան շնորհահանդէս ինքնին յուսադրիչ երեւոյթ նկատեց` ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ գիրի ու գրականութեան անդաստանին մէջ քայլ առնելու առումով:

«Այս խորհուրդը աւելի անմիջականութիւն կը ստանայ մեր պարագային, երբ հատորին հեղինակը թերթի հետեւողական աշխատակից է, եւ որուն լոյս տեսած յօդուածներու թեմայական հաւաքածոն է, որ լոյս կը տեսնէ յատուկ հատորով, համախմբուած յօդուածներով:

«Յօդուածները կը համախմբուին մէկ հատորի մէջ, որպէսզի մենք բոլորս այստեղ համախմբուինք այս բոլորին մասին խորհրդածելու, մասնակիցները ողջունելու, բայց մանաւանդ` այս երթը շարունակելու եւ նոր յանձնառութիւն վերցնելու: Գուցէ` անվերջանալի երթ մը, որուն ընթացքը իր ետին պիտի ձգէ նոր հատորներ, հայ գիրի, գրականութեան մշակոյթի եւ, այս պարագային, մամուլի հետքեր: Հայատառ հետքեր: Հայկական հետքեր», ըսաւ Գանտահարեան:

Խօսելով նորահաստատ ֆոնտին մասին` ան ըսաւ, որ երկար տարիներ թերթին աջակցած, տարբեր ծրագիրներ հովանաւորած, խմբագրատուն վերակառուցած եւ մամլոյ ուսումնասիրութեան եւ թուայնացման կեդրոն հաստատած Սարգիս եւ Ժիւլի Պուտագեանները, «Ազդակ»-ի խմբագրատան վերակառուցումը իրենց հօր Մինաս Պուտագեանի յիշատակին նուիրելէ, իսկ թուայնացման բաժինը իրենց հօրեղբօր  անունով` «Ժիրայր Պուտագեան» անուանակոչելէ  ետք, այս անգամ կը հաստատեն «Սիրուհի Պուտագեան մատենաշար»-ի ֆոնտը, որ յաջորդաբար պիտի շարունակէ լոյսին բերել «Ազդակ»-ի աշխատակիցներուն յօդուածներուն հաւաքածոները:

«Մեր ընկերական խօսակցութիւններուն ընթացքին Սարգիս Պուտագեանը յաճախ կը վկայակոչէ իր մեծ մօր խօսքերը, պատգամները, կեանքի դասերը` զգալի դարձնելով, որ իր մեծ մայրը հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է անհատական,  բայց յատկապէս ընտանեկան դաստիարակութեան եւ այդ ճամբով ամբողջ ազգային արժէքներու ամբողջութեան մը նկատմամբ իր ունեցած դաւանանքին կազմաւորումին վրայ:

«Այդ արժէքներուն մաս կը կազմէին` հայ գիրը, գրականութիւնը, մամուլը: Այս մատենաշարի մեկնարկը, կը խորհինք, այդ արժէքային դաւանանքին առարկայացման խօսուն մէկ վկան է: Կարեւորը այն է, որ «Ազդակ»-ի նախորդ մատենաշարի ծրագիրը,  որ հարիւրաւոր հատորներով ներկայացած է իր ընթերցողին, այսպիսով կը վերադառնայ իր նոր ընթերցողներուն` միաժամանակ յարգած ըլլալով «Ազդակ»-ի նախորդ ընթերցող սերունդներէն մէկուն` Սիրուհի Պուտագեանին ոչ միայն յիշատակը, այլ նաեւ` իր հաւատացած արժէքները», շեշտեց Շահան Գանտահարեան:

Աւարտին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ բարձր գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը, ողջունեց նոր գիրքի հրատարակութիւնն ու ֆոնտի ստեղծումը` հաստատելով, որ Սարգիս Պուտագեանը ծանօթ է նման նախաձեռնութիւններ հովանաւորելով եւ տարբեր ծրագիրներու իրականացման համար իր բերած աջակցութիւններով:

«Սիրուհի Պուտագեան» ֆոնտի հիմնադիր Սարգիս Պուտագեան, իր կարգին, խօսք առնելով յայտնեց, որ տարբեր միջավայրերու մէջ դասախօսներ, ակադեմականներ, որոնք արհեստավարժ են, կը վարձատրուին իրենց մասնագիտական ասպարէզին մէջ դասախօսելու կամ աշխատասիրութիւն պատրաստելու համար: Մեր իրականութեան մէջ նման բարձրորակ մասնագէտներ կամաւոր կը ստանձնեն այս աշխատանքները: Անոնց ոչ միայն նեցուկ պէտք է կանգնիլ, այլ նաեւ` արժեւորել զիրենք:

Այնուհետեւ ան «Սիրուհի Պուտագեան» ֆոնտին կողմէ գնահատագիրներ յանձնեց` Յարութ Չէքիճեանին, Սեդա Խտըշեանին եւ Կարօ Յովհաննէսեանին, որոնք մտաւորական բարձր որակ հաղորդեցին շնորհահանդէսին:

Շնորհահանդէսի աւարտին ներկաները ստացան հատորէն օրինակներ` հեղինակի մակագրութեամբ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ