
Հայաստանի վարչապետն ու Թուրքիոյ նախագահը Պոլսոյ մէջ կայացած հանդիպումին երէկ քննարկած են երկու դրացի երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը: Նիկոլ Փաշինեանն ու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ընդգծած են կառուցողական երկխօսութեան շարունակականութեան եւ յստակ արդիւնքներու հասնելու կարեւորութիւնը, կը հաղորդէ Հայաստանի կառավարութիւնը:
Անոնք անդրադարձած են նաեւ շրջանային իրադարձութիւններուն եւ այդ պարունակին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան հաւանական ուղղութիւններուն:
Փաշինեան ընդգծած է Հայաստանի հաւատարմութիւնը շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման գործընթացին եւ շեշտած է դրացիներու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման քաղաքականութեան շարունակականութեան իր յանձնառութիւնը:
Էրտողան, ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, յայտարարած է, որ Անգարա պիտի օգտագործէ դիւանագիտական բոլոր միջոցները` ոչ միայն Կովկասի մէջ, այլեւ ամբողջ շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատելու համար:
Փաշինեան եւ Էրտողան վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը` շարունակելու ուղիղ կապերն ու երկխօսութիւնը:
Անոնք միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին շուրջ:
Թէեւ Հայաստանի ղեկավարները տարբեր առիթներով նախապէս մեկնած են Թուրքիա, բայց Փաշինեանի այցելութիւնը առաջինն է, որուն առիթը ոչ թէ պաշտօնական կամ ոչ պաշտօնական միջոցառումներն են` երդմնակալութիւն կամ ֆութպոլային հանդիպում, այլ նոյնինքն երկկողմանի բանակցութիւնները:
Հայաստանի մէջ Փաշինեանի այցելութիւնը անոր կուսակիցները պատմական որակած են: Օրակարգը կողմերը չեն հրապարակած, բայց նախօրէին վարչապետի խմբակիցները պնդած են, որ օրակարգի առանցքին մէջ հայ – թրքական կարգաւորումն է:
Leave a Reply