Պատրիարք Հայրը ծանօթացաւ Փասատենայի շրջանի հայոց կրթական առաքելութեան

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմի մէջ այցելութիւնները սկսան 17 Յունիս 2025, Երեքշաբթի առաւօտ։

Նորին Ամենապատուութիւնը, ընկերակցութեամբ ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի եւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ուղղուեցաւ դէպի Փասատենայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։

Այստեղ հոգեւորականներ, սարկաւագներ, ինչպէս նաեւ տեղւոյն Յովսէփեան ամենօրեայ վարժարանի աշակերտներ եւ ուսուցիչներ եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորեցին Պատրիարք Հայրը։ Եկեղեցւոյ մուտքին կատարուած ողջոյնի արարողութենէ յետոյ, մեր Հոգեւոր Պետը «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցի։

Յաջորդաբար Յովսէփեան ամենօրեայ վարժարանի աշակերտները երգեցին եկեղեցական եւ ժողովրդական երգեր։ Յանուն եկեղեցւոյ ծուխի ողջոյնի խօսք արտասանեց հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Պետոյեան, որ ծուխի եկեղեցական, մշակութային եւ կրթական կեանքի մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցելով, յայտնեց, որ իրենց համար մեծ ուրախութիւն է Պոլսոյ Պատրիարքը հիւրընկալել։ Բարի գալստեան խօսք արտասանեց նաեւ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպս. եւ յայտնեց, որ Պատրիարք Հօր այցելութիւնը պատմական նշանակութիւն ունի թեմի կեանքէն ներս։ Պատրիարք Հօր ներկայութեամբ Պոլսոյ բազմաթիւ վարժարաններու պատմական հոգին եւս կը միանար Փասատենայի շրջանի կրթական բնագաւառէն ներս։ Սրբազան Հայրը, իր խօսքի աւարտին Պատրիարք Հայրը հրաւիրեց պատգամը փոխանցելու։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ յիշեց «Յովսէփ» անունները, որոնք գրի առնուած են Աստուածաշունչի մէջ։ Յայտնեց որ կրթական առաքելութիւնը սուրբ գործունէութիւն մըն է եւ վարժարանի անուանակից սուրբերը իրենց բարեխօսութիւնը կ՚ունենան Յովսէփեան Վարժարանի աշակերտաց մօտ։ Պոլսահայ կրթական կեանքէն ալ տեղեկութիւններ տալով օրհնեց մանուկները։

Վարժարանի տնօրէն Շահէ Մանկըրեան յանուն կրթական մշակներու, աշակերտութեան եւ ծնողներուն բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր եւ յիշատակի նուէր մը յանձնեց։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջի հանդիպման աւարտին, Պատրիարք Հայրը առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ բակը, ուր առիթը ունեցաւ եկեղեցւոյ եւ վարժարանի պատասխանատուներուն հետ զրուցելու։

Եկեղեցւոյ այցելութենէն յետոյ Պատրիարք Հայրը ուղղուեցաւ դէպի Փասատենայի շրջանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան համալիրը, ուր ներկայիս պատսպարուած են շրջանի Սուրբ Սահակ-Մեսրոպ ամենօրեայ վարժարանի աշակերտները։ Տարուան սկիզբը շրջանի մէջ տեղի ունեցաւ հրդեհի ժամանակ Ս. Սահակ-Մեսրոպ Վարժարանը հրոյ ճարակ դարձած էր եւ յատուկ կարգադրութեամբ աշակերտներ իրենց ուսումը կը շարունակէին Բարեգործականի համալիրին մէջ։

Այստեղ վարժարանի պատասխանատուներ բարի գալուստ մաղթեցին Պատրիարք Հօր եւ Առաջնորդ Սրբազանին եւ ունեցան հակիրճ ներկայացում մը։ Տ. Յովնան Արքեպս. աշակերտներուն ծանօթացուց Պատրիարք Հայրը եւ յայտնեց, թէ ինք հեռաւոր Ստանպուլէն ժամանած է Լոս Անճէլըս եւ իր պատմական այցելութեամբ առիթը կ՚ունենայ թեմի զանազան հաստատութիւններուն ծանօթանալու եւ իր օրհնութիւնը փոխանցելու։

Յաջորդաբար, Պատրիարք Հայրը իր պատգամը փոխանցեց մանուկներուն եւ կրթական առաքելութեան մէջ հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան ծանրացաւ։ Ըսաւ, որ հեռաւոր ԱՄՆ-ու մէջ օրհնութիւն է տեսնել մանուկներ, որոնք իրենց մայրենին կը սորվին եւ կ՚ընտելանան ազգային-եկեղեցական կեանքին։ Ցաւ յայտնեց անցեալ ամիսներուն տեղի ունեցած հրդեհի կապակցութեամբ։ Իր խօսքերուն մէջ նշեց, թէ ստեղծուած ներկայ դրութիւնը ապացոյցն է համահայկական գործակցութեան եւ մաղթեց որ մանուկներ կրկին անգամ վերագտնեն իրենց վարժարանը եւ ուրախ պայմաններուն ներքեւ շարունակեն իրենց կրթական կեանքին։

Հանդիպման աւարտին Պատրիարք Հայրը օրհնեց մանուկներն ու ուսուցիչները։

Լուսանկարներ՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարան

https://www.facebook.com/TRHayBad 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2025
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ